«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Կը Միանայ «Պատիւ Ունեմ»ի Նախաձեռնած՝ Վարչապետին Նկատմամբ Անվստահութիւն Յայտնելու Գործընթացին

Ազգային ժողովի մեծագոյն ընդդիմադիր` «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին վերահաստատեց, որ պիտի ապահովեն պակսող պատգամաւորներուն ստորագրութիւնները` Ազգային ժողովին մէջ վարչապետին նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելու գործընթացին նախաձեռնելու համար:

««Հայաստան» խմբակցութիւնը, հաւատարիմ մնալով աւելի վաղ արուած յայտարարութեանը, վերահաստատում է իր պատրաստակամութիւնը` ապահովել պակասող 28 պատգամաւորի ստորագրութիւնները ողջամիտ ժամկէտներում` Ազգային ժողովում իմպիչմենթի (վարչապետին նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելու) գործընթաց նախաձեռնելու համար: Այս հարցերի շուրջ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան մեր գործընկերների հետ պատրաստ ենք յաւելեալ քննարկման», ըսաւ Օհանեան:

Նիկոլ Փաշինեանի նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելու առաւել քան միամսեայ աշխոյժ քննարկումներէ ետք, 6 Յունիսին նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած «Հանրապետական»ը իր 4 անդամներէ եւ երկու անկուսակցականներէ բաղկացած «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան առաջարկեց թեկնածու առաջադրել: «Պատիւ Ունեմ»ը հրապարակեց իր թեկնածուին անունը` Մասիսի քաղաքապետ Դաւիթ Համբարձումեան:

Առաւել քան ամիսէ մը ի վեր, Սերժ Սարգսեան կ՛առաջարկէ Փաշինեանի նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելու գործընթացի սկսիլ, զոր, սակայն, երկրորդ նախագահի առաջնորդած «Հայաստան» խմբակցութիւնը անլուրջ նկատած էր:  
Համբարձումեան 2019էն սկսեալ նստած ամբաստանեալի աթոռին վրայ. ան կը մեղադրուի Փաշինեանի առաջնորդած յեղափոխութեան օրերուն Հանրապետութեան հրապարակը շտապող հանրահաւաքին մասնակցողներուն նկատմամբ զէնքով բռնութիւն բանեցելու մէջ: Այլ` զանգուածային անկարգութիւններու դրուագով անոր դէմ հետապնդումը յանցակազմի բացակայութեան հիմքով դադրեցուած է:

Այս մասին խօսեցաւ նաեւ  «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին՝ դիտել տալով, որ խմբակցութիւնը յայտարարութիւն մը պիտի կատարէ «Պատիւ Ունեմ»ի առաջադրած վարչապետի թեկնածուն Համբարձումեանը առաջադրելու գծով։  Ան ըսաւ, որ խմբակցութիւնը անվստահութիւն յայտնելու գծով տուաւ իր կարծիքը, իսկ թեկնածուին մասին դաշինքի երկու բաղադրիչները պիտի ներկայացնեն իրենց կարծիքները, ապա որոշում տան եւ հրապարակեն զայն։

Խաչատրեան շեշտեց, որ Փաշինեանի հրաժարականին համար կան բոլոր օրինական հիմքերը, սակայն անվստահութեան գործընթաց մը նախաձեռնելու վերաբերեալ «Հայաստան» խմբակցութիւնը կը մնայ իր նախապէս արտայայտած կարծիքին վրայ՝ քիչ հաւանական է, որ կարելի ըլլայ  54 ձայներ հաւաքել: Այսինքն՝ անվստահութեան նախաձեռնողները պէտք պիտի ունենան ՔՊականներու 16-20 ներկայացուցիչներու ձայներուն։ 

Ան յիշեցուց, որ եթէ անվստահութեան նախաձեռնողները չկարենան գործընթացը տանիլ իրենց ուզած ուղղութեամբ՝ Փաշինեան իրավիճակէն պիտի շահի: «Մենք միշտ ասել ենք, որ իշխանափոխութիւնը առանց փողոցի ճնշման անհնար է: Մենք միշտ եղել ենք գեներատորները (սկսողները): Հիմա կան մարդիկ, որոնք ասում են, որ առաջին ջութակն են լինելու: Դէ, թող նրանք սկսեն գործընթացը, մենք կ՛արտայայտենք մեր վերաբերմունքը», յայտնեց Խաչատրեան: