«Հայաստան» Դաշինքի Մեկնարկը Տրուեցաւ Բազմահազարանոց Մեծ Հանրահաւաքով

կիրակի, 9 մայիս 2021-ին «Հայաստան» դաշինքի հիմնադրութեան հանդիսաւոր արարողութենէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդները երթով միացան Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած քաղաքացիներուն:

Երթի առջեւէն կը քալէր Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի եւ «Վերածնուող» Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավարները:

Երթի մասնակիցները կը վանկարկէին «Դէպի ուժեղ Հայաստան», «Քոչարեան վարչապետ», «Քոչարեան հերոս»:

Անոնք միացան Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմահազարանոց մասնակիցներուն, որոնք անոնց դիմաւորեցին ծափողջոյններով, «Քոչարեան» վանկարկումներով:

Իր ելոյթին ընթացքին նախագահ Քոչարեան յիշեցուց, որ այսօր Շուշիի ազատագրման օրն է. «Այսօր այս հարթակէն մենք յետհաշուարկ կը  սկսինք Շուշին յանձնած իշխանութեան հետ` իշխանութեան մնալու առումով: Անոնց մնացած է 42 օր, վաղը պիտի մնայ 41 օր, միւս օրը 40 օր եւ այդպէս շարունակ: Ուրեմն ամէն օր ընկերային ցանցերուն վրայ դրէք օրերու այդ յետհաշուարկը: Ասիկա պէտք է դառնայ ամբողջ հանրապետութեան աճող սպասելիքը:

Վստահ եղէք, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ», ըսաւ Քոչարեան:

Իսկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ, թէ այսօր հայ ժողովուրդի յաղթանակի օրն է, Շուշիի ազատագրման օրն է, սակայն այսօր յաղթանակի խորհրդանիշ Շուշին գերութեան մէջ է:

«Դուք լաւ գիտէք անոր մեղաւորն ու պատասխանատուն: Մեր երկիրը ճգնաժամի մէջ է: Մենք վերջին 6 ամիսներուն միասին պայքարած ենք այդ դաւաճանը հեռացնելու համար: Այժմ պայքարը տեղափոխուած է նոր փուլ: Ժողովուրդը աղէտի հասցուցած մարդը պիտի փորձէ յառաջիկայ ընտրութիւններուն խաբելով ժողովուրդը, սուտի, կեղծիքի ատելութեան անուան տակ վերարտադրուիլ: Եկէք բոլորս միասին այս հրապարակին մէջ պայմանաւորուինք, որ ատիկա պիտի չարտօնենք:

Նիկոլի իշխանութեան վերարտադրումը կործանում է Հայաստանի համար: Մեկնելով ասկէ` ՀՅԴ-ն, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնը որոշած են հանդէս գալ միասնական ճակատով եւ ձեւաւորել «Հայաստան» դաշինքը», յայտարարեց Սաղաթէլեան:

Ան նշեց, որ պատրաստ են խօսիլ անցեալի, բացթողումներու եւ սխալներու մասին, բայց այժմ իրենց պայքարը Հայաստանի ներկայի եւ ապագայի մասին է. «Դուք այսօր Հայաստանի յաղթողներուն կողքին էք, յաղթանակ կերտած մարդոց կողքին էք: Մենք Հայաստանին պիտի բերենք նոր յաղթանակներ: Մենք կու գանք Հայաստանի մէջ ապահովելու ազգային արժանապատուութիւն, համերաշխութիւն, ապահովելու զարգացում եւ ընկերային արդարութիւն, կու գանք կերտելու ապրելու Հայաստան, կու գանք համախմբելու Հայաստանի, սփիւռքի, ամբողջ հայութեան ներուժը յանուն հայ ժողովուրդի ապագային:

Մենք կ’երաշխաւորենք պաշտպանուած սահմաններ, անվտանգ հայրենիք: Մենք կ’երաշխաւորենք, որ Հայաստանի քաղաքացիի կեանքին մէջ տեղի պիտի ունենան զգալի եւ տեսանելի փոփոխութիւններ: Մենք կ’երաշխաւորենք արդարութիւն, ազատութիւն, համերաշխութիւն», ըսաւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը:

Հանրահաւաքի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.