«Հայաստան» Դաշինքի Բազմամարդ Հաւաքները Կը Շարունակուին

հինգշաբթի, 10 յունիս 2021-ին «Հայաստան» դաշինքի կազմակերպութեամբ Արտաշատի մէջ տեղի ունեցաւ նախընտրական քարոզարշաւ, որուն ընթացքին Հայաստանի 2-րդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ. «Ես մասնակցած եմ քանի մը ընտրութիւններու եւ կ՛ուզեմ ըսել, թէ ի՛նչ տարբերութիւն կը տեսեմ այն ընտրութիւններուն եւ այս ընտրութիւններուն միջեւ:

«Այս անգամ մենք կ՛երթանք ընտրութիւններուն պարտուած ժողովուրդի հոգեբանութեամբ, ցաւօք, ատիկա այդպէս է: Բոլոր նախորդ ընտրութիւններուն մենք մասնակցած ենք իբրեւ յաղթած ժողովուրդ», ըսաւ Քոչարեան:

Քոչարեան աւելցուց, որ եթէ նորէն իշխանութիւնը վստահինք անփորձ մարդոց, թերեւս ունենանք կրկնակի խնդիրներ: «Մենք խումբ մըն ենք, որ ունի փորձառութիւն, գիտելիք, կամք, վճռականութիւն, առանց այս եւ նմանատիպ որակներու, ճգնաժամային իրավիճակներուն մէջ երկրի ղեկին նստիլը յանցագործութիւն է, եւ մենք չենք կրնար մեր երկիրը  անգամ մը եւս տալ անփորձ մարդոց ձեռքը, քանի որ կրնանք ունենալ կրկնակի խնդիրներ», ընդգծեց Ռոպերթ Քոչարեան:

Իսկ բժիշկ Տարօն Տօնոյեան նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ ըսած է, թէ այս ընտրութիւնները ճակատագրական են, եւ կոչ ուղղած է ժողովուրդին, որ լուրջ ըմբռնումով մօտենան այս հարցին:

«Ի տարբերութիւն ամբոխավարներու` ես կը խնդրեմ, որ դուք եւ ձեր հարազատները վստահ ըլլաք, որ ձեր որոշումէն կախեալ է Հայաստանի գոյութեան եւ չգոյութեան հարցը: Մենք ձեզի կը ներկայանանք մեր անցեալով, մեր աշխատանքով, մեր նկարագիրով, մեր անցած ճամբով եւ  զոհողութիւններով», ըսաւ Տարօն Տօնոյեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.