«Հայաստան» Դաշինքը` Սիւնիքի Հարցով Նիստի Տապալման Եւ Պատգամաւորներու Պարգեւավճարներուն Մասին

«Հայաստան» դաշինքը 5 հոկտեմբերին հրապարակեց երկու յայտարարութիւններ, որոնցմէ մէկը կը վերաբերէր Սիւնիքի մարզին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու հարցով ընդդիմադիրներուն կողմէ ներկայացուած արտակարգ նիստ կայացնելու պահանջին տապալման` «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ին կողմէ, իսկ երկրորդով կը տեղեկացուի, որ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 30-ամեակին առիթով պատգամաւորներուն տրամադրուած պարգեւավճարները խմբակցութիւնը փոխանցած է Արցախի մէջ զինուորներուն համար գործող կեդրոնին:

Սիւնիքի վերաբերող յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու անդամներուն` Սիւնիքի մարզին մէջ, մասնաւորապէս` միջպետական Գորիս-Կապան ճամբու հատուածին մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ տեղեկատուութիւն եւ բացատրութիւն ստանալու նպատակով նախաձեռնած արտակարգ նիստը` Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետի, պաշտպանութեան նախարարի, գլխաւոր դատախազի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանի եւ Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահին մասնակցութեամբ, չէ կայացած, որովհետեւ իշխանական պատգամաւորները տապալած են զայն` չներկայանալով նիստին:

«Անգամ մը եւս կը փաստուի, որ քաղաքական մեծամասնութիւնը կը խուսափի երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին համար պատասխանատու եւ հաշուետու ըլլալէ: Նոյն ձեւով ալ Ազգային ժողովի ղեկավարութիւնը խուսափեցաւ Ազգային ժողովի նիստին որեւէ ձեւաչափով նոյն հարցը քննարկելու ընդդիմութեան նախաձեռնութիւնը իրականացնելէ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Երկրորդ յայտարարութեան մէջ «Հայաստան» խմբակցութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ երկրին ապրած ընկերային-տնտեսական այսքան ծանր կացութեան մէջ պետական, քաղաքական պաշտօններ ունեցողներուն պարգեւատրում տրամադրելը բացարձակապէս անընդունելի է, արդարեւ, այս հարցով Սահմանադրական դատարանին հասցէագրուած դիմում կը պատրաստուի:

«Կը յայտնենք նաեւ, որ Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակին առիթով տրամադրուած պարգեւավճարներու գումարը ամբողջութեամբ` 10.740.000 դրամ, «Հայաստան» խմբակցութիւնը փոխանցած է Արցախի մէջ զինուորներուն համար գործող` «Քարոլայն Քոքս»-ի անուան վերականգնողական կեդրոն», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.