Հայաստան-Ատրպէյճան Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորումը Պիտի Նպաստէ Տարածաշրջանի Բարգաւաճման. Թրամփ 

Ատրպէյճանի անկախութեան օրուան առիթով, Իլհամ Ալիեւին յղած ուղերձին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վստահեցուց, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ աջակցիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման:

«Հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի հետագայ բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցութեան համար: Այժմ խաղաղութեան հասնելու եւ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներու բարօրութիւնը ապահովելու ճիշդ ժամանակն է», կ՛ըսուի Թրամփի ուղերձին մէջ, որուն ամբողջութիւնը հրապարակուած է Ատրպէյճանի նախագահին պաշտօնական կայքին վրայ:

Ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի անկախութեան առիթով շնորհաւորական ուղերձին՝ Թրամփ ոչ մէկ ակնարկութիւն կը կատարէ Հայաստանի անկախութեան տօնին: 

29 Մայիսին, Հայաստան այցելող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու գծով փոխտեղակալ Ճաշուա Հեք հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ. անոնք քննարկեցին տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր: Միրզոյեան ընդգծեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման իրական կարելիութիւն կայ, եւ այդ ճամբուն վրայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրի ստորագրութիւնը պիտի դառնայ պատմական փուլ մը:

Միրզոյեան ու Հեք խօսեցան նաեւ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին:

Հեք իր կարգին յայտարարեց, որ Միրզոյեանի հետ հրաշալի քննարկում մը ունեցաւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ աճող գործընկերութեան եւ խաղաղութեան գործընթացին վերաբերեալ:

«Հայաստանի հետ ամուր գործընկերութիւնը ձեւաւորում է բարեկեցութիւն մեր երկրների քաղաքացիների համար», նշեց ան:

Հեք տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ, որ ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները եւ ընդգծեց խաղաղութեան պայմանագիրը կնքելու կարեւորութիւնը: