Հայաստանի տնտեսական կեանքի վերջին 7 ամիսները՝ շարք մը ոլորտներուն մէջ աճ, որոշներուն ալ անկում

Վերջին 7 ամիսներուն ընթացքին Հայաստանի սոցիալ-տնտեսական շարք մը ոլորտներուն մէջ աճ, որոշներուն ալ անկում արձանագրուած է: Ուսումնասիրութիւնը կատարած է տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր Մեդիա»ն։

Օրինակ՝ առաջին. կարգ մը անհրաժեշտ ապրանքներ սղած են, որուն հետեւանքով խանութներու շրջանառութիւնը, կ“ըսէ տնտեսագէտը, փաստաթուղթերով աճած է, իսկ փաստացի՝ նուազած:

Պարսեանի խօսքով՝ անընդհատ կը խօսուի եկամուտներու 25 տոկոս հաւաքագրման աճի մասին, սակայն կ“անտեսուի հիմնական ծախսերու 74 տոկոս թերակատարումը:

Տնտեսագէտը անդրադարձած է նաեւ Ամուլսարի շահագործման, նշելով որ ըստ պայմանագրին յստակ է՝ հանքը պէտք է շահագործուի 10 տարի 4 ամիս, պէտք է արտահանուի տարեկան 260 միլիոն տոլարի ոսկի, որուն հետեւանքով պետութիւնը կ’ունենայ արտահանման աճ: Սակայն աւելի բարդ է բնապահպանական մասը: Կը վստահեցնէ՝ կառավարութեան դիրքորոշումը աւելի յստակ պէտք է ըլլայ այս մասով՝ շահագործել, թէ ոչ, եւ այդ մէկը պէտք է ունենայ հիմնաւորում:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.