Հայաստանի Հանրապետութիւնը` Հիւսիս- Հարաւ Եւ Արեւմուտք-Արեւելք Առանցքներուն Միջեւ
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Արդէն մէկ տարի անցած է ժամանակակից հայոց պատմութեան ամէնէն աղէտալի իրադարձութիւններէն մէկուն` արցախեան Բ. պատերազմի սկզբնաւորութենէն եւ զինուորական գործողութիւններէն, որոնց պատճառով Հայաստանն ու Արցախը կրեցին ծանր պարտութիւն` քաղաքական թէ զինուորական մակարդակներու վրայ: Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին մասին վստահաբար տակաւին շատ պիտի խօսուի ու գրուի: Յայտնաբերուելիք շատ բան կայ պատերազմի բուն պատճառներուն մասին: Մէկ բան յստակ է սակայն, որ արցախեան Ա. պատերազմէն ետք Հայաստանը եւ հայութիւնը իրենք զիրենք հաստատած էին իբրեւ տարածաշրջանային գործօններ, իսկ 44-օրեայ պատերազմէն ետք հայկական կողմը ընդհանրապէս դադրեցաւ տարածաշրջանին մէջ դերակատար ըլլալէ` իբրեւ ինքնուրոյն գործօն: Տարածաշրջանային մակարդակի վրայ այլեւս հայկական կողմը որեւէ մեծ ծրագիրի պարագային դժբախտաբար հանդէս չի գար իբրեւ թելադրող, առաջարկող կամ նախաձեռնող կողմ, այլ ճիշդ հակառակը` հանդէս կու գայ իբրեւ թելադրանքներ կատարող կողմ…
Ասոր ապացոյցն ալ մենք շատ լաւ կը տեսնենք պատերազմէն ետք սկսած գործընթացներուն մէջ, անիկա շատ լաւ կերպով արտացոլուած է 10 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ, որոնք կու գան որոշ յստակութեամբ մը ուրուագծելու, թէ մօտիկ ապագային Հարաւային Կովկասի մէջ ինչպիսի՛ տնտեսական-քաղաքական բնորդ մը պիտի հաստատուի: Խօսքը անշուշտ երկու յայտարարութիւններուն հիմնական առանցքը հանդիսացող հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման մասին է, եւ այդ հաղորդակցական ուղիները կ՛ընդգրկեն ինքնաշարժներու եւ փոխադրակառքերու երթեւեկին համար նախատեսուած ճամբաները, ինչպէս նաեւ` երկաթուղային հաղորդակցութիւնը: Ըստ այնմ ալ, նախատեսուածին համաձայն, Ազրպէյճանի արեւմտեան հատուածէն երթեւեկի կարելիութիւն պիտի ստեղծուի դէպի այսպէս կոչուած Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան կարելիութիւն պիտի տրուի Ազրպէյճանի տարածքով բեռնափոխադրումի թէ երթեւեկի նոր ցամաքային ճամբայ ունենալու Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ:
Ընթերցողը կամ իրադարձութիւններուն պարզ հետեւողը առաջին հայեացքէն կրնայ այդքան ալ ժխտական բան չտեսնել այս գործընթացին մէջ: Ի՞նչ կայ որ, թող բացուին ճամբաները, առեւտուր թող ըլլայ, ինչպէս որ խորհրդային ժամանակաշրջանին էր: Բայց շան գլուխը թաղուած է ուրիշ տեղ: Շան գլուխը թաղուած է այն մանրամասնութեան մէջ, որ Թուրքիան 44-օրեայ պատերազմին իր ուղղակի մասնակցութեամբ եկաւ Հարաւային Կովկասի մէջ ամրապնդելու իր դիրքերը, եւ եռակողմ երկու յայտարարութիւններուն մէջ ամրագրուած` Ազրպէյճանի արեւմտեան տարածքները Նախիջեւանին հետ կապող ճամբան ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը իրար կապող, միացնող ճամբայ: Ասոր վրայ կ՛աւելնայ նաեւ զինադադարի սկիզբէն ալ Պաքուի բռնատէր Իլհամ Ալիեւի կատարած յայտարարութիւններուն մէջ շեշտուող այն կէտը, որ իրենց ուզածը պարզապէս ճամբայ մը չէ Նախիջեւանի հետ երթեւեկը դիւրացնելու համար, այլ խօսքը ուղղակի միջանցքի մասին է: Հոսկէ ալ` Անգարայի եւ Պաքուի վարիչներուն գործածած հռետորաբանութեան մէջ հետզհետէ աւելի շեշտուող եզրը` «Զանգեզուրի միջանցք», որ խորքին մէջ համաթուրանական հեռահար նպատակին իրագործումն է` Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը իրարու միացնելու իմաստով: Ասոր մէջ կայ նաեւ ուրիշ պատգամ, որ ուղղուած է Ռուսիոյ. ինչպէ՞ս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի մնացորդացին միջեւ միջանցք կայ Լաչինի ճամբով, մենք ալ նմանօրինակ միջանցք մը կ՛ուզենք Սիւնիքի ճամբով: Եւ դժբախտաբար Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի գլխուն խաղցուող այս խաղին մէջ կայ Ռուսիոյ լուռ մասնակցութիւնը, եթէ չըսենք օրհնութիւնը…
Երբ յաճախ թրքական եւ ազրպէյճանական պետական բարձրագոյն ամպիոններէն կը խօսուի այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին, ասիկա զանազան ուղղութիւններով բաւական մեծ մտահոգութիւն կը ստեղծէ: Երբ կը խօսինք «միջանցք» հասկացողութեան մասին, ասիկա կ՛ենթադրէ որոշակի հողատարածք, որ պիտի կտրատուի երկրի մը գերիշխան տարածքէն: «Զանգեզուրեան»-ի պարագային ալ, թրքական եւ ազրպէյճանական պատկերացումով, նոյն այդ կտրատումի գաղափարը առկայ է` Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքէն: Այս ուղղութեամբ է, որ վերջին ժամանակաշրջանին մէկէ աւելի առիթներով Իրանի քաղաքական ղեկավարութիւնը մտահոգութիւն արտայայտեց, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակով շատ յստակօրէն նշուեցաւ, որ սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն անընդունելի է Իրանի համար:
Միայն այս կէտը չէ, որ վերջերս հրահրեց Իրանի մտահոգութիւնը ազրպէյճանական պահուածքներու վերաբերեալ: Երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը սկսաւ թափ ստանալ, երբ Իրանի քիթին տակ` հայկական բռնագրաւուած Քաշաթաղի շրջանին մէջ տեղի ունեցան Թուրքիա-Ազրպէյճան միացեալ ռազմափորձեր, Իրանը միշտ ալ իրաւացի մտահոգութիւններ արտայայտած է արցախեան Բ. պատերազմին ահաբեկիչ վարձկաններու մասնակցութեան մասին, որոնցմէ մաս մը տակաւին կը մնայ Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայկական հողերուն վրայ եւ, վերջապէս,Հարաւային Կովկասի մէջ Իսրայէլի որեւէ ձեւով ներկայութիւնը մնայուն մտահոգութիւն ստեղծող հարց է Իրանի համար: Իրանի հետ լարուածութիւնը որոշ չափով թէժացաւ նաեւ, երբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմաններու հարցով վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ Գորիս-Կապան մայրուղիէն հատուած մը անցաւ ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ: Այս մայրուղին միջպետական մայրուղի մըն է, որմէ կ՛օգտուի նաեւ Իրանը: Ազրպէյճանական ոստիկանութիւնը անցակէտ դրաւ այդ հատուածին վրայ եւ սկսաւ մաքսատուրք գանձել այդ ճամբով անցնող-գացող իրանեան բեռնակառքերէն: Բեռնակառքերու երկու վարորդներ ալ ամիս մըն է, որ ձերբակալուեցան, անոնք հազիւ շաբաթ մը առաջ ինչ-ինչ միջամտութիւններէ ետք ազատ արձակուեցան…
Ինչպէս որ Թուրքիա-Ազրպէյճան առանցքը մեծ ծրագիրներ ունի Հարաւային Կովկասի մակարդակով, նոյնպէս ալ Իրանը իր տնտեսական մեծ ծրագիրները ունի: Երբ Գորիս-Կապան մայրուղիի հատուածին վրայ այս միջադէպը տեղի ունեցաւ, Իրանը անտարբեր չէր կրնար մնալ, որովհետեւ այդպիսով խանգարուած կ՛ըլլայ իր առեւտրական հիմնական ճամբան` Իրանը Վրաստանի եւ Ռուսիոյ շուկաներուն կապող: Առաւել, կայ հեռահար տնտեսական մեծ ծրագիր մը, որ կը կոչուի Հիւսիս-Հարաւ մայրուղի, կամ ալ, ինչպէս վերջերս կը շեշտուի իրանեան դիւանագիտական բառամթերքին մէջ, Պարսից ծոց-Սեւ ծով տարանցիկ միջանցք: Ուրեմն Իրանը իրեն համար կենսական այս ուղին մնայուն կերպով բաց պահելու նպատակով հարցի սկիզբի օրերէն ալ ընդգծեց շուտով Գորիս-Կապան հատուածին փոխարէն այլընտրանքային ճամբայ բանալու անհրաժեշտութիւնը, որ Տաթեւի ճամբան է եւ մինչեւ տարեվերջ պատրաստ պիտի ըլլայ:
Ինչպէս նշեցինք ուրեմն, Պարսից ծոց-Սեւ ծով տարանցիկ միջանցքը իրանեան մեկածրագիր է, որ եթէ իրագործուի, Պարսից ծոցը Սեւ ծովուն ճամբով պիտի կապէ Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ եւ Յունաստանի շուկաներուն հետ: Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ` իբրեւ տարանցիկ օղակ, տնտեսապէս մեծապէս կրնայ օգտուիլ այս մեկածրագիրէն:
Ուրեմն հիմա կայ իրարու մրցակից տնտեսական-քաղաքական երկու ծրագիր, որոնց խաչաձեւման կէտին մէջ կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութիւնը. մէկը Արեւմուտք-Արեւելք առանցքն է, որ կը մարմնաւորուի հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման, սահմանագծում-սահմանազատումի եւ «3+3» ձեւաչափի հասկացողութիւններով, որոնք հայկական կողմը կը տանին դէպի յաւելեալ քաղաքական եւ տնտեսական կախեալութիւն, իսկ միւսը Հիւսիս-Հարաւ առանցքն է, որ կը մարմնաւորուի Պարսից ծոց-Սեւ ծով տարանցիկ միջանցքով, որուն իրագործումը, մեր կարծիքով, մեծապէս կը բխի նաեւ հայկական կողմի շահերէն: Աշխարհաքաղաքական պայմաններու բերումով թերեւս երկու ծրագիրներն ալ միաժամանակ գործադրուին: Հայկական քաղաքական միտքին եւ դիւանագիտութեան կը մնայ, նախապատուութիւնը պարսկական ծրագիրին տալով, ըստ կարելւոյն չէզոքացնել համաթուրական ծրագիրի բացասական ազդեցութիւնները…