Հայաստանի Եւ Չինաստանի Պաշտպանութեան Նախարարներու Հանդիպում

Պէյճինկի մէջ կայացող միջազգային անվտանգութեան հարցերով Սեանշանի 9րդ համաժողովի ծիրին մէջ 22 Հոկտեմբերին կայացաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի առանձին հանդիպումը Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար, զօրավար-գնդապետ Վէյ Ֆենխէի հետ:

Պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները բարձր գնահատեցին հայ-չինական երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը, գոհունակութիւն յայտնեցին ռազմական եւ ռազմական-թեքնիք բնագաւառին մէջ իրականացուող միջոցառումներուն վերաբերեալ:

Յատուկ ուշադրութեան արժանացան երկու պետութիւններուն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ զինուորներու փոխադարձ վերապատրաստութեան, խաղաղապահ առաքելութիւններու մէջ ներգրաւման, գործնական եւ մարտական պատրաստութեան միջոցառումներու միացեալ մասնակցութեան հարցերը:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան հայ-չինական փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման ուղիներու, ոլորտներու ու հեռանկարներու, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցերու շուրջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.