Հայաստանի Եւ Արցախի Համար Ամերիկեան Յաւելեալ Աջակցութիւն Կ՛առաջարկուի
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւնները անցեալ տարի, Հայաստանի մէջ իրականացած թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք փափաք յայտնած են Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու, քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոն եւ Էտըմ Շիֆ պետութեան տրամադրելիք արտաքին օժանդակութեանց հարցերը քննող Ներկայացուցիչներու տան մէջ, 11 Մարտին տեղի ունեցած քննարկման մը ընթացքին շեշտը դրին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց յաւելեալ օժանդակութիւններ յատկացնելու կարեւորութեան վրայ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործավար Արամ Համբարեան ողջունեց քոնկրեսականներուն ներկայացուցած առաջարկները, զանոնք յառաջիկայ տարուան պետական ամավարկին մէջ Արցախի եւ Հայաստանի տրամադրուելիք օժանդակութեանց քննարկումին համար օգտակար մեկնարկ մը համարելով՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական համագործակցութիւնը պէտք է աւելի բարձր մակարդակի հասցնել։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Փալոն գլխաւորաբար շեշտեց, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2020ի ամավարկին մէջ պէտք է նկատի առնել հետեւեալները.
– Հայաստանին տրամադրել տնտեսական յատկանշական աջակցութիւն, զօրակցելու համար անոր տնտեսական աճին.
– Ռազմական օժանդակութիւն Հայաստանին՝ նպաստելու համար խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն, ներառեալ՝ քոնկրեսականներ Ռոյսի եւ Քնկըլի խաղաղարար առաջարկներուն.
– Աջակցութիւն՝ Միջին Արեւելքէն Հայայստան հաստատուած գաղթականներուն նեցուկ կանգնելու նախաձեռնութեանց.
– Զօրակցութիւն՝ Արցախի մէջ ականազերծման եւ վերականգնողական կեդրոններուն։
Քոնկրեսականներ Փալոն եւ Շիֆ կարեւոր նկատեցին Հայաստանի մէջ մամլոյ ազատութեան, արդարադատութեան անկախութեան եւ զեղծարարութեան դէմ պայքարին շարունակականութիւնը ապահովելու ջանքերուն նիւթական աջակցութիւն տրամադրելը, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ պէտք է կասեցնել Ատրպէյճանի համար նախատեսուած ռազմական աջակցութեանց յանձնումը, մինչեւ այն ատեն, որ Պաքու չի դադրեցներ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ յարձակումները եւ անոնց հասցէին սպառնալիքները։