Հայաստանի Բնակչութեան Այսօրուան Թիւը
1847
0
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տեղեկութեան համաձայն՝ Հայաստանի մշտական բնակչութեան թիւը 1 Ապրիլ 2019ի դրութեամբ՝ 2 միլիոն 962.1 հազար է: Քաղաքներու բնակիչներուն թիւը 1 միլիոն 893.4 հազար է, իսկ գիւղերունը՝ 1 միլիոն 68.7 հազար:
2018ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ բնակչութեան թիւը նուազած է 7800ով: Տարուան սկիզբի տուեալներուն հետ համեմատած՝ հանրապետութեան բնակչութեան թիւը նուազած է 3200ով:
2019ի առաջին եռամսեակին, Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած են 8042 ծնունդներ, որ 3.1 տոկոսով նուազ է 2018ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած: Հաշուետու ժամանակահատուածին մահացողներու թիւը աճած է 3.4 տոկոսով՝ կազմելով 7373: