Հայաստանի ազգային գրադարանը պիտի հրատարակէ «Արմինիըն Ռիվիու» պարբերականի 1948-2008 մատենագիտութիւնը

Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ աւարտեցաւ Պոսթընի Արմինիըն Ռիվիու հանդէսին (The Armenian Review: Bibliography-Index /1948-2008/) յիսուն տարիներու մատենագիտութեան պատրաստումը։

1919-ին հիմնադրուած Հայաստանի ազգային գրադարանը կը համարուի հայերէն գրաւոր ժառանգութեան մեծագոյն պահոցը աշխարհի տարածքին: Գրադարանի մամուլի հաւաքածոն կը ներառէ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ հրատարակուած եւ հրատարակուող հայերէն աւելի քան 5600 պարբերականներ:

Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ անցնող հարիւրամեակին ընթացքին հրատարակուած են արժէքաւոր մատենագիտական ժողովածուներ, պարբերականներու մատենագիտական ցանկեր, կենսամատենագիտութիւններ եւ այլն:

Մօտօրէն պատմաբաններու, բանասէրներու, մատենագէտներու աշխատասեղանին կը դրուի նոր ուշագրաւ հրատարակութիւնը՝ «The Armenian Review: Bibliography-Index (1948-2008)»ն: Ան Հայաստանի ազգային գրադարանի եւ Սփիւռքի հայագիտութեամբ զբաղող նուիրեալներու համատեղ աշխատանքի արդիւնքն է: Համոզուած ենք, որ այս համագործակցութիւնը օրինակելի նախադէպ կը դառնայ Սփիւռքի մէջ հրատարակուող պարբերականներու մատենագիտական ժողովածուներու համատեղ կազմումին եւ հրատարակման: Եւ որպէս արդիւնք կ՚ամրապնդուին նաեւ Հայաստան-Սփիւռք ակադեմական կապերը:

Միջազգային ճանաչում վայելող անգլերէն հայագիտական այս հանդէսը իր հիմնադրման օրէն (1948 թ.) կը հետապնդէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, մշակոյթը եւ գրականութիւնը անգլիախօս հասարակութեան պատշաճ կերպով ներկայացնելու նպատակ: Անգնահատելի է անոր ներդրումը ԱՄՆ-ի հայագիտութիւնը՝ որպէս ակադեմական ուսումնասիրութեան ուղղութիւն ամրագրելու, հայագէտ հետազօտողներու նոր սերունդ ձեւաւորելուն մէջ: Հանդէսը իր գործունէութեան տասնամեակներուն ընթացքին դարձած է հայրենիքի եւ Սփիւռքի գիտական փոխհամագործակցութեան հարթակ:

Սոյն մատենագիտութիւնը կազմուած եւ խմբագրուած է ԱՄՆ Մասաչուսէթս նահանգի Արլինգթըն քաղաքի Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան տնօրէն Արա Ղազարեանցի աշխատասիրութեամբ։ Կը բաղկանայ երեք բաժիններէ՝ Յօդուածներ, Գրախօսականներ եւ Պատկերներ, կը պարունակէ հանդէսին բոլոր 200 թողարկումներէն (աւելի քան 20 հազար էջ) ներառուած 3266 մատենագիտական նկարագրութիւն։

Մատենագիտութեան ամենածաւալուն մասը՝ Յօդուածները, բաղկացած է 25 թեմայական բաժիններէ, ինչպէս օրինակ՝ Մարդաբանութիւն, Հասարակագիտութիւն, Ազգագրութիւն, Իմաստասիրութիւն, Գեղարուեստ, Հայոց եկեղեցի, Լեզու եւ լեզուաբանութիւն, Գրականութիւն, Հայոց պատմութիւն հին ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը, Սփիւռքահայ համայնքներ եւ հիմնարկներ, Քաղաքական կուսակցութիւններ, Կրթութիւն, Խորհրդային Միութիւն (հանրապետութիւններ, գաղափարախօսութիւն, ազգերու եւ ազգութիւններու քաղաքականութիւն), օրէնք, քաղաքական եւ քաղաքացիական ազատութիւններ եւ այլն։

Երկրորդ մասը՝ Գրախօսականները, աւելի քան 484 գիրքերուն, հայուն, հայութեան, հայոց պատմութեան, տարածաշրջանի եւ հարեւան ժողովուրդներու պատմութեան վերաբերող բազմազան նիւթերու հարուստ աղբիւր է։

Երրորդ եւ վերջին մասը՝ Պատկերները, բաղկացած է 9 ենթաբաժիններէ եւ կը ներառէ նկարներ, գծագրութիւններ, քարտէսներ, դիմանկարներ, հանդէսին տուեալ թիւին կողքի պատկերը, լուսանկարներ եւ այլն, որոնք ընդգրկուած են հանդէսին տարբեր համարներուն հրատարակուած յօդուածներուն մէջ։

Մատենագիտութեան մէջ ներառուած են նաեւ միջազգային ճանաչում ունեցող աւելի քան 100 ակադեմական հանդէսներու մէջ լոյս տեսած հայութեան, Հայաստանին եւ հայոց պատմութեան ու տարածաշրջանի բազմապիսի իրադարձութիւններուն նուիրուած նիւթեր։

Մատենագիտութիւնը կ՚աւարտի յաւելուածով եւ մանրամասնօրէն մշակուած անձնանուններու եւ նիւթերու օժանդակ ցանկերով։

Մատենագիտութեան օրինակները կարելի է ստանալ Հայաստանի ազգային գրադարանէն եւ Երեւանի գրախանութներէն։ Արտասահմանի մէջ, ի մասնաւորի ԱՄՆ՝ դիմելով «Ամարաս» հաստատութեան առցանց (www.AmarasOnline.com) կամ դիմելով 55 Fairview St., Watertown, MA 02472 հասցէին: Նախահրատարակութեան օրինակներուն գինն է $45 առաքման ծախսով, յետհրատարակութեանը՝ $50 ներառեալ առաքման ծախսը։

Մատենագիտութեան վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի յատկացուի «Ամարաս» հաստատութեան՝ յետագային նմանօրինակ աշխատութիւններու հրատարակման համար։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.