Հայաստանը Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններ կը վարէ Սու-30 ռազմօդանաւեր գնելու համար

Լուսանկարի մը պատմութիւնը. ի՞նչ կ’ակնարկէ Փաշինեանը՝ Սու-30 ռազմօդանաւի խցիկին մէջ նստելով

Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, շուտով Հայաստանը կրնայ Ռուսաստանէն ստանալ Սու-30 (Su-30) ժամանակակից կործանիչ ռազմօդանաւեր, որ լուրջ յաղթաթուղթ կրնայ ըլլալ Ատրպէյճանի հետ հաւանական պատերազմի պարագային: Այս մասին կը տեղեկացնէ Սփութնիք լրատուական գործակալութեան հայաստանեան գրասենեակը։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի լուսանկարը Սու-30 ՍՄ կործանիչի խցիկին մէջ առիթ է ենթադրելու, որ շուտով այդ մարտական մեքենաներէն կ’առաքուին Հայաստան։ Յունիս 17–ին Փաշինեանը լուսանկարուեր էր Սու-30 ՍՄ–ի խցիկին մէջ եւ զայն հրապարակեր՝ Facebook –ի իր էջին մէջ։

«Աշխարհի լաւագոյն կործանիչներէն մէկուն օդաչուի խցիկին մէջն եմ։ Արդէն Երեւան եմ», գրեր էր վարչապետը։ Լուսանկարը առնուած էր Էրեբունի օդակայանին մէջ, ուր Հայաստանի վարչապետը ժամաներ էր Արցախէն։ Ռազմօդանաւը, որ յայտնուած էր Փաշինեանի էջին մէջ, կը պատկանի ռուսական ռազմատիեզերական ուժերուն, այն Հայաստան ժամանած է կործանիչներու խումբի կազմին մէջ` ուսումնական թռիչքներու եւ հայ գործընկերներուն հնարաւորութիւնները ցուցադրելու համար։

Ինչպես կը նշեն Սփութնիքի աղբիւրները, որոնք մօտ են ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութեան, Հայաստանը Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններ կը վարէ այդ ռազմօդանաւերէն գնելու համար։ Այս կործանիչները արդէն մէկ կամ մէկուկէս տարիէն կրնան համալրել հայկական բանակի զինանոցը։ Հայկական բանակին մէջ կան բաւական հինցած Սու-25 գրոհային օդանաւեր։

Ռազմական փորձագէտ Լէոնիդ Ներսիսեանի կարծիքով` Սու-30 պէս արդիւնաւէտ օդանաւերով բանակի համալրումը Հայաստանին թոյլ կու տայ ոչ միայն պարզապէս պատասխանել Ատրպէյճանի գործողութիւններուն հաւանական մարտական գործողութիւններու ժամանակ, այլ իր «խաղը» թելադրել օդին մէջ:

Ըստ Ներսիսեանի` այդ ռազմօդանաւերը աժան չեն` նոյնիսկ զայն զեղչելու պարագային, զոր Ռուսաստանը կը տրամադրէ ՀԱՊԿ (Հաւաքական անվտանգութեան մասին Պայմանագրի կազմակերպութիւն) երկիրներու շրջանակին մէջ։ Ղազախստանը նոյն ռազմօդանաւին համար վճարած է մօտ 22,5 միլիոն տոլար, բայց այդ՝ առանց զէնքի, պահեստամասերու, առանց օդաչուներուն սորվեցնելու եւ այլ ենթակառուցուածքային ծախսերու։ Ինչպէս կ’ենթադրէ Ներսիսեան, մէկ ռազմօդանաւը ամբողջ փաթեթով կ’արժէ մօտ 50 միլիոն տոլար։ Մեր զրուցակիցը նշեց, որ Սու–30–ի թռիչքը Ատրպէյճանի տարածքին դիւրին թռիչք չ’ըլլար՝ հաշուի առնելով հարեւան պետութեան հակօդային բաւական հզօր համակարգը։ Սակայն, ինչպէս նշուեցաւ վերը, գերճշգրիտ հրթիռներու օգնութեամբ կարելի է վնասազերծել հակառակորդի հակօդային համակարգերը։

Առաջին փուլին Հայաստանը, ամենայն հաւանականութեամբ կը գնէ 4-5 մեքենայ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.