Հայակերտման ամրոց ՀՄԸՄ. 28000 անդամ, 110 մասնաճիւղ

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀՄԸՄ) հարիւր տարի հաւատարիմ մնաց իր առջեւ ի սկզբանէ դրուած առաքելութեան՝ հայ երիտասարդներու առողջ միտքը առողջ մարմնի մէջ պահել: Շուրջ 3000 ՀՄԸՄ-ականներ ժամաներ են Հայաստան՝ հայրենիքի մէջ նշելու միութեան 100-ամեակը:

Լրագրողներու հետ հանդիպման 100-ամեակի միջոցառումներիուն մասին խօսեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան:

«Երիտասարդական միակ կազմակերպութիւնն ենք սփիւռքի մէջ, որ ունի շուրջ 28000 անդամ: Աշխարհով մէկ ունինք 110 մասնաճիւղ: Նպատակը հայ երիտասարդներու առողջ միտքը առողջ մարմնի մէջ պահելն է: 100 տարուան ընթացքին ոչ մէկ բան փոխուած է այս առումով: Սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդները միմեանց միաւորելու դերակատարութիւնը եւս մեծ է: Սփիւռքը կարիք ունի հայապահպանութեան: Հետեւաբար, այդ աշխատանքին մէջ այդ դերակատարութիւնը եւս ունինք», ըսաւ Մկրտիչեան:

Անդրադառնալով հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող միջոցառումներուն՝ ան առանձացուց անոնցմէ մէկ քանին: ՀՄԸՄ-ականները իրենց հիմնադիրներու գերեզմանին վառած ջահերը կը միացնեն անմար կրակին, Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ: Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ գրեթէ մէկ շաբաթ կը ներկայացուին թանկարժէք իրեր, որոնք կը պատմեն ՀՄԸՄ-ներու 100 տարուան պատմութիւնը: Այդ իրերը Հայաստան բերուած են Պէյրութի իրենց թանգարանէն:

ՀՄԸՄ-ականները բազմաթիւ այցելութիւններ պիտի ունենան: Յարգանքի տուրք պիտի մատուցեն Եռաբլուրի մէջ: Պիտի մեկնին նաեւ Կիւմրի, ուր Վահան Չերազի անունը կրող փողոցին մուտքին պիտի կատարեն անոր արձանին բացումը: Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն շքերթ պիտի կազմակերպուի: Իսկ Յուլիս 24-ին Օփերայի դահլիճին մէջ պաշտօնական հանդիսութիւն տեղի պիտի ունենայ՝ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ: ՀՄԸՄ-ականները նաեւ գիտաժողով պիտի ունենան:

Գառնիկ Մկրտիչեան ՀՄԸՄ-ականները մեծ ընտանիք մը կը համարէ: «Միութեան երիտասարդները ոչ միայն ֆութպոլ, պասքեթպոլ խաղալու համար կու գան, այլ նաեւ միաւորուելու», նշեց ան:

Մկրտիչեան կը նշէ, թէ միութիւնը հիմնադրուած է Պոլիս, սակայն ներկայիս այնտեղ մասնաճիւղ չունին: Շատ կ’ուզեն այնտեղ կրկին վերակազմաւորուիլ, սակայն քաղաքական պայմանները թոյլ չեն տար: Իսկ Սուրիան միութեան բաբախող սիրտը կը համարուի, ուր, հակառակ քաղաքական իրավիճակին, տակաւին կը գործէ 5 մասնաճիւղ:

ՀՄԸՄ-ը հիմնուած է 1918 Նոյեմբեր 18-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Կարգախօսն է «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»: Ունի մասնաճիւղեր ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն ստեղծելու գաղափարին հեղինակը Շաւարշ Քրիսեանն է:

Հիմնադրման օրէն ի վեր ՀՄԸՄ-ը մեծ կարեւորութիւն տուած է որբահաւաքի աշխատանքներուն եւ օգնութիւն ցուցաբերած Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայ գաղթականներուն։ Եղեռնէն ետք Օսմանեան կայսրութեան ողջ տարածքին հայկական եւ օտարերկրեայ կազմակերպութիւններուն կողմէ ստեղծուեցան բազմաթիւ որբանոցներ։ Այս կազմակերպութիւններուն շնորհիւ ցեղասպանութիւն վերապրած հայ մանուկները ապահով հանգրուան գտան։ Ներկայիս կը գործէ մարզական եւ սկաուտական թեւերով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.