Համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ական Մարզական Մեծագոյն Համախմբումը Այս Ամառ Հայաստանի Մէջ
Յուլիս 22-29 -ին, Հայաստան հանդիպման վայրը պիտի ըլլայ Հ․Մ․Ը․Մական մեծ ընտանիքի մարզական «կամաւոր բանակ»ի աշխարհասփիւռ ներկայացուցիչներուն։ Միութեան 17 շրջաններէն շուրջ 1000 մարզիկներ առիթը պիտի ունենան 8 օրեր միասնաբար ըլլալու, 9 մարզախաղերու ախոյեանական բաժակներուն համար մրցելու, իրենց հայրենիքը ճանչնալու եւ հայկականութեամբ լեցուելու։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերու յայտագիրին վրայ են 9 մարզաձեւեր.- ֆութպոլ (տղաք կրտսեր, երէց)՝ 14 խումբ, պասքեթպոլ (տղաք ու աղջիկներ կրտսեր եւ երէց)՝ 35 խումբ, վոլիպոլ (աղջիկներ)՝ 6 խումբ, թենիս (տղաք ու աղջիկներ), աթլեթիզմ (տղաք ու աղջիկներ), փինկ-փոնկ (տղաք ու աղջիկներ), լող (տղաք ու աղջիկներ), ճատրակ (տղաք ու աղջիկներ)։ 10-րդ մարզախաղերու նորութիւնն է սրահային ֆութպոլը՝ ֆութսալը (տղաք եւ աղջիկներ)՝ 10 խումբ։
Մարզախաղերու կողքին, նախատեսուած են մարզիկներու համար հանրային ծառայութեան օր մը (20 Յուլիսին), Մեծ Եղեռնի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութիւն, պաշտօնական մամլոյ ասուլիս (21 Յուլիսին), դաստիարակչական-զեկուցական հանդիպում մը (22 Յուլիսին) եւ ազատ օր մը (26 Յուլիսին)։
Տէր եւ տիկ. եղբ. Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններու Sarkis Der Bedrossian նախագահութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ իրականացուող 10-րդ մարզախաղերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միութեան 17 շրջաններէ պատուիրակութիւններ եւ Թեհրանի ՀՄԱԿ-ը ներկայացնող մարզական խումբեր։ Մարզախաղերու մասնակից շրջաններն են.- Հայաստան, Մոսկուա, Արեւմտեան Մ. Նահանգներ, Արեւելեան Մ. Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա, Գանատա, Աւստրալիա, Պուլկարիա, Լոնտոն, Փարիզ, Մարսէյ, Վալանս, Երուսաղէմ, Կիպրոս, Գահիրէ, Քուէյթ, Լիբանան եւ Սուրիա։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին նուիրուած այս մարզախաղերուն պաշտօնական բացումը կը կատարուի Շաբաթ, 22 Յուլիսին, թէեւ խաղերը ընթացք կ’առնեն երկու օր առաջ՝ 20 Յուլիսին եւ կ’երկարին 10 օրուան վրայ։ Բացի աթլեթիզմի մրցումներէն, որոնք կը կատարուին Արտաշատի մէջ, մնացեալ բոլոր խաղերը տեղի կ’ունենան Երեւանի դաշտերուն եւ մարզական համալիրներուն մէջ։ Խաղերու աւարտին, փակման հանդիսութիւնը եւ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ’ունենայ Շաբաթ, 29 Յուլիսին։ Հանդիսութեան կը յաջորդէ յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը։
Ինչպէս նախորդ մարզախաղերուն, այս անգամ եւս, ախոյեանական 16 բաժակները կը կրեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներու, վաստակաշատ անդամներու եւ Արցախեան նահատակներու անուններ։ Նկատի առնուած անուններն են.- Շաւարշ Քրիսեան, Գրիգոր Յակոբեան, Յովհաննէս Հինդլեան, Վահան Չերազ, Բիւզանդ Թորիկեան, Միհրան Շիմշիրեան, Պետրոս Ալահայտոյեան, Տիգրան Ոսկունի, Յովհաննէս Պայթարեան, Արմէն Տէյիրմէնճեան, Նշան Թիւսիւզեան, Սիամանթօ Կարապետեան, Դանիէլ Դանիէլեան, Վահրամ Դանիէլեան, Վարդան Բախշեան, Վիգէն Զաքարեան։