Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերուն Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ Եւ Սարդարապատ
Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու վեցերորդ օրը մրցումները դադար առին, եւ օրը յատկացուեցաւ Ծիծեռնակաբերդ ու Սարդարապատ այցելութեան:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ, երեքշաբթի, 26 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, մարզախաղերուն մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին:
Ծիծեռնակաբերդ հասնելով` ՀՄԸՄ-ի մարզիկները կարգապահ ու տպաւորիչ շարքերով քալեցին մինչեւ կեդրոնական յուշակոթող եւ ծաղիկներ խոնարհեցին անմար կրակին շուրջ: Մուտքին, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին անունով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան զետեղեց յիշատակի ծաղկեպսակ մը:
Յուշակոթողին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին անունով խօսք առաւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալին Օրտողլեան: Ան ըսաւ, որ «այսօր Ապրիլ 24 չէ, այսօր Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումի աւանդական օրը չէ, բայց արդեօք 24 Ապրի՞լ պէտք է ըլլայ, որպէսզի յարգանքի մեր տուրքը տանք մեր նահատակներուն, որոնք հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան անքակտելի մէկ մասնիկը կը կազմեն»:
Շարունակելով` Թալին Օրտողլեան հաստատեց, որ Ծիծեռնակաբերդը ազգային պահանջատիրութեան խորհրդանիշն է: Ծիծեռնակաբերդը մնայուն հանգրուանն ու կայանն է իւրաքանչիւր հայու` Հայաստանի մէջ թէ անկէ դուրս` սփիւռքի տարբեր ափերու: Ծիծեռնակաբերդը այն փարոսն է, որ տուն կը հրաւիրէ բոլորս` ո՛ւր ալ գտնուինք, ու կարելի չէ երեւակայել, որ Հայաստան այցելող ոեւէ հայ կրնայ չայցելել Ծիծեռնակաբերդ` յարգելու յիշատակը 1,5 միլիոն նահատակներուն, որոնք սուրբերու շարքին անցան:
Թալին Օրտողլեան նաեւ նկատել տուաւ. «Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ծնունդ առած Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան համար յաւելեալ նշանակութիւն ալ ունի այս վայրը` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի ստեղծման միտքը յղացող ու անոր ծնունդը կերտող Շաւարշ Քրիսեան դարձաւ Ցեղասպանութեան առաջին զոհերէն: Ու զարմանալի չէ անշուշտ, որ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած Համա-ՀՄԸՄ-ական ամէն ծրագիրի մնայուն մէկ բաժինն է Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը»:
Ապա, Օրտողլեան յիշեցուց, որ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերուն ջահը բոցավառեցաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողէն, հետեւաբար, ան շեշտեց. «Այդ ջահը սակայն միայն խաղերը սկսելու ազդանշան չէ, անիկա իր մէջ կը պարփակէ ամբողջ ժողովուրդի մը պահանջատիրութեան բոցը, որ սերունդէ-սերունդ կը փոխանցուի: Հոգի, մարմին ու միտք կոփող ու հայ առաքինի մարդ կերտող ՀՄԸՄ-ը իր կամաւոր ամբողջ բանակը ի սպաս կը դնէ Հայ դատին եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական երթին: ՀՄԸՄ-ական մարզիկն ու սկաուտը իրենց խոստումով ու երդումով եւ իրենց ջամբուած դաստիարակութեամբ կը միտին դառնալ այն պահանջատէր հայը, որ չի մոռնար իր դատը եւ ամէն ինչ ի գործ կը դնէ ի խնդիր հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման: ՀՄԸՄ-ական մարզիկը չորս տարին անգամ մը Հայաստան գալով եւ Ծիծեռնակաբերդ այցելելով կը վերանորոգէ ազգին ծառայելու ու անոր դատը հետապնդելու իր նուիրական ուխտը: Այսօր դարձեալ այդ ուխտը վերանորոգելու պահն է այս անմար ու յաւերժական կրակին դիմաց: 11-րդ մարզախաղերու ջահը վառեցաւ այս վայրէն ու պիտի շարունակէ վառիլ ու բոցավառիլ չորս տարին անգամ մը, ու այնքան ատեն որ այդ ջահը կը շարունակէ իր անխափան երթը` փոխանցուելով սերունդէ-սերունդ` պահանջատիրութեան երթն ալ պիտի շարունակուի, մինչեւ որ հասնինք հայ ժողովուրդի ամբողջական իրաւունքներու վերատիրացման»:
Կեդրոնական վարչութեան խօսքէն ետք, պահանջատիրական բարձր տրամադրութեամբ ներկաները երգեցին ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը: Ապա, խումբ առ խումբ անոնք այցելեցին Ցեղասպանութեան թանգարան:
Ծիծեռնակաբերդէն ետք, մարզախաղերու յաջորդ կանգառը Սարդարապատն էր: Սակայն, նախքան Սարդարապատ մեկնումը, անոնք կէսօրին այցելեցին «Մեկերեան» աւանդական գորգի թանգարան-գործարան, ապա ճաշեցին թանգարանին յատուկ ճաշարանին մէջ:
Սարդարապատի Մէջ
Յետմիջօրէին, մարզախաղերու մասնակիցները այցելեցին Սարդարապատ եւ այս անգամ ծանօթացան 1918-ի պատմական սխրանքը անմահացուցած յուշարձան-համալիրին` իր նշանաւոր պատով, զանգակատունով եւ հոյակերտ արծիւներով: Մասնակիցները այցելեցին նաեւ Սարդարապատի հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանը, ուր մօտէն ծանօթացան հայոց հին եւ մօտիկ անցեալի պատմութեան ցուցանմուշներուն: Թանգարանին պատասխանատուները աշխարհի 20 երկիրներէն ժամանած ՀՄԸՄ-ական նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն լայն բացատրութիւններ տուին Սարդարապատի հերոսամարտի պայմաններուն, հերոսներուն եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պատմութեան մասին:
Աւարտին, մարզիկ-մարզիկուհիները Սարդարապատին հրաժեշտ տուին յիշատակի նկարով մը: