Համա-ՀՄԸՄական 11րդ Ընդհանուր Բանակումի Մեկնարկ Բիւրականի Մէջ
Հինգշաբթի, 19 Յուլիսին, Բիւրականի մէջ, Հայաստան, ընթացք առին ՀՄԸՄի 100ամեակի տօնակատարութիւնները՝ միութեան 110 մասնաճիւղերուն նուիրուած յուշաքանդակի բացումով (թղթակցութիւնը՝ մեր երէկուան թիւով) եւ համա-ՀՄԸՄական 11րդ Ընդհանուր բանակումի մեկնարկով:
Յուշաքանդակի բացումէն ետք, ներկայ հիւրերը, պատասխանատուներն ու ժողովուրդը ուղղուեցան բանակավայրի գլխաւոր դաշտը, ուր տեղի ունեցաւ 100ամեակի բանակումին բացումը՝ «Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ» նշանաբանով: Այնտեղ, դրօշակի 26 կայմերուն դիմաց խրոխտ ու կարգապահ շարքեր կազմած էին 26 երկիրներէ ժամանած 1200 սկաուտներ, զորս միացնողը ՀՄԸՄն էր եւ հայութիւնը, Հայաստանը եւ ազգային մեր մեծ տեսլականը՝ ամբողջական հայութեամբ ամբողջական, հզօր եւ բարգաւաճ հայրենիքի մը կերտումը:
Հո՛ն, Բիւրականի դրօշակի արարողութեան, կողք-կողքի կանգնած էին հպարտ հայութեան այսօրուան ներկայացուցիչները՝ Շուէտէն, Հոլանտայէն, Մոսկուայէն, Վիեննայէն, Միւնիխէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Պուլկարիայէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն, Աւստրալիայէն ու տակաւին՝ Եգիպտոսէն, Երուսաղէմէն, Յորդանանէն, Իրաքէն, Քուէյթէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Իրանի «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւններէն եւ, անշուշտ, ազատ ու անկախ Հայաստանէն:
Բանակումի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ սկաուտական «Ով հայ արի» քայլերգով: Խօսք առաւ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրտօղլեան եւ ըսաւ, որ պատիւ եւ ուրախութիւն է ՀՄԸՄի 100ամեակի բանակումին մասնակցութիւնը: «100ամեայ ալեհեր, բայց մի՛շտ երիտասարդ այս միութիւնը իր առաջին քայլը առաւ դէպի երկրորդ 100ամեակ, եւ մենք բոլորս ականատեսներն ենք այդ իրադարձութեան», նշեց ան:
Շարունակելով՝ Օրտօղլեան ըսաւ. «ՀՄԸՄի հիմնադիր տիտաններուն սիրտերը հպարտութեամբ պիտի բաբախէին՝ տեսնելով ձեր կարգապահ շարքերը եւ լսելով ձեր ուրախ կանչերը: Որքա՜ն մեծ պիտի ըլլար Չերազներու, Քրիսեաններու, Հինդլեաններու ու Յակոբեաններու ուրախութիւնը՝ ի տես հայրենի հողին վրայ ձեր ներկայութեան. երազ մը, որ իրե՛նցն էր, իսկ զայն իրականացնողները՝ դո՛ւք եղաք»: Ապա, իր խօսքը բանակողներուն ուղղելով՝ Օրտողլեան յայտնեց. «Եկէ՛ք այս պահուն ուխտենք, որ մենք իսկապէս պիտի դառնանք արժանի ժառանգորդները Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հիմնադիր հսկաներուն, եւ իրենց կերտած պատուաբեր անցեալէն հաստատ քայլերով պիտի ուղղուինք դէպի յաղթական ապագայ»:
Յաջորդ խօսքը արտասանեց Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեան: Ան ըսաւ, որ իրեն համար հպարտութիւն է ըլլալ ՀՄԸՄի սկաուտներուն հետ: Ինք, որ համա-ՀՄԸՄական 9րդ բանակումի խմբապետական կազմի անդամ էր, իսկ 10րդ բանակումին ընդհանուր փոխխմբապետն էր, ափսոսանքով բայց եւ հպարտութեամբ կը յիշէ սկաուտական իր օրերը ՀՄԸՄին մէջ: Պետրոսեան շնորհաւորեց ՀՄԸՄի 100ամեակը եւ շեշտեց անոր անուրանալի դերակատարութիւնը հայրենիքէն հեռու ապրող սերունդները հայրենիքին կապելու աշխատանքին մէջ: Ան կոչ ուղղեց ներկայ սկաուտներուն մի՛շտ այցելելու Հայաստան, ապրելու եւ ապրեցնելո՛ւ հայրենիքը: «Այսօր մենք ունինք նո՛ր որակի Հայաստան, նո՛ր որակի երկիր եւ հասարակութիւն: Հարկ է, որ ուխտէք՝ այս գեղեցիկ ու չքնաղ երկրին մէջ ըլլալ: Եթէ ո՛չ դուք, գէթ ձեր զաւակները հասակ առնեն Հայաստանի մէջ», ըսաւ ան:
Յանուն ՀՅ Դաշնակցութեան՝ խօսք առաւ Արագածոտնի մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան: Ան շնորհաւորեց ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը 100ամեակին եւ համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումին համար եւ նշեց, որ այս տարի յոբելենական տարի է համա՛յն հայութեան համար: «Այս տարի 100ամեակն է Հայաստանի Հանրապետութեան: Վեց դարերու արհաւիրքներէ ետք, մեր ժողովուրդը յաղթեց իր ճակատագիրին եւ հիմը դրաւ իր պետականութեան: Մայիսեան հերոսամարտերը պատուանդա՛նը դարձան մեր պետականութեան կերտման», ըսաւ ան:
Սիմոնեան հաստատեց, որ հիմնադրութենէն 100 տարի ետք՝ ՀՄԸՄը կը շարունակէ ազգային իր դերակատարութիւնն ու գործունէութիւնը՝ պատրաստելով առողջ մարմինով առողջ միտքի տէր հայեր, իրենց ժողովուրդին եւ հայրենիքին յանձնառու հայեր: Ան նշեց, թէ ՀՄԸՄը իր արժանի հետքը կը ձգէ հայրենիքէն հեռու ապրող պատանիները հայրենիքին կապող իր նախաձեռնութիւններով, վաղուան հզօր Հայաստանի կերտման իր առաջադրանքներով:
Բանակումի բացման ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց սկաուտականի ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան: Ան ըսաւ, որ բանակումին նշանաբանը՝ «Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ»ն, լաւագոյնս կը ներկայացնէ ո՛չ միայն միութեան նուաճումներն ու գաղափարական երթը, այլեւ՝ ՀՄԸՄի կամաւոր բանակին սկաուտութեան յառաջընթացը դէպի փայլուն ապագայ, միաժամանակ շեշտելով ազգային դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ցոյց տալով իր աննկուն կամքը՝ նուաճելու իր գերագոյն նպատակը:
Նաճարեան ընդգծեց, որ 1200 սկաուտներ քով-քովի եկած են՝ ՀՄԸՄի սկաուտական ոգիով գործելու, դաստիարակուելու, զուարճանալու եւ հարստանալու նորանոր գիտելիքներով, որոնք մինչեւ իրենց կեանքի վերջը պիտի ըլլան զիրենք խրախուսող յիշատակներ: Սկաուտները համախմբուած են նաեւ ապրելո՛ւ մեր ազգին եւ հայրենիքին հզօրութիւնը եւ ամրապնդելու պայքարի մեր կամքը՝ մեր արդար Դատի լուծման, կառչած մնալով մեր նահատակներու սրբազան կտակին, ՀՄԸՄի հիմնադիրներու գծած ուղիին։
Խօսքերու աւարտին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը 100ամեակի յուշանուէրներով պատուեց սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, Կոտայքի եւ Արագածոտնի մարզպետներ Ռոմանոս Պետրոսեանն ու Աշոտ Սիմոնեանը:
Հուսկ, բացման հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պատուի առ»ով եւ ոգեւորիչ տրամադրութիւններով, Արագածի փէշերուն յիշատակելի 10 օրեր անցընելու խանդավառ պատրաստութիւններով:
Նշենք, որ յուշաքանդակի բացումն ու բանակումի բացման արարողութիւնը ուղղակիօրէն սփռուեցան ՀՄԸՄի Դիմատետրի էջով: Յառաջիկայ օրերու ձեռնարկներուն եւս կարելի է ուղղակիօրէն հետեւիլ՝ նոյն էջով:
100ԱՄԵԱԿԻ ՋԱՀԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ, ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄ ԵՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ՝
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԾԻԾԵՌՆԱԲԵՐԴԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ
Հինգշաբթի, 19 Յուլիսին, Հայաստանի մէջ շարունակուեցան ՀՄԸՄի 100ամեակի ոգեկոչումները՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ կազմակերպուած դրօշակի արարողութեամբ, ջահավառութեամբ, 100ամեակի ծառատնկումով եւ հայ մարմնակրթութեան նուիրուած ցուցահանդէսի բացումով:
ԴՐՕՇԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
100ամեակի Հինշաբոի օրուան ոգեկոչումներուն շարքը սկսաւ յետմիջօրէի ժամը 4ին, Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր-թանգարանի մուտքին կազմակերպուած դրօշակի արարողութեամբ, ներկայութեամբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, միութեան հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի եղբօր թոռան՝ տոքթ. Շաւարշ Քրիսեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի եւ Արտաւազդ աբղյ. Շառոյեանի, 100ամեակի տօնակատարութիւններու «կնքահայր»ներէն տէր եւ տիկ. Հրաչ եւ Էլիզապէթ Սիսեռեաններու, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանի, Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնի ժամանակաւոր գործակատար Նարինէ Մարգարեանի, Հայկ Դեմոյեանի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, ազգային բարերար Գաբրիէլ Չէմպէրճեանի, համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումի մասնակից խումբ մը սկաուտներու եւ այս առիթով աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած ՀՄԸՄական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ համակիրներու:
Նախ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի սկաուտական շեփորախումբին նուագով երկու սկաուտներ Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի դրօշները ստանձնեցին Հայկ Դեմոյեանէն եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէն եւ ուղղուեցան դրօշակի ձողին մօտ, ուր հանդիսաւոր կերպով բարձրացուցին, որպէսզի անոնք ծածանին մինչեւ միութեան 100ամեակի տօնակատարութիւններու աւարտը: Ապա, հնչեցին Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի արենուշներէն Անահիտ Անդրէասեան: Ան հանդիսութեան խորհուրդն ու նպատակը ներկայացնելով՝ հրաւիրեց Հայկ Դեմոյեանը՝ փոխանցելու իր խօսքը:
Դեմոյեան յայտնեց, որ 20 Յուլիսը պատմական օր է, որովհետեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ կը ծածանի ՀՄԸՄի դրօշը: Այն դրօշը, զոր բարձր բռնեցին Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերը, վերապրումի եւ պայքարի կեանք մղած նուիրեալները: Մենք այսօր այդ սերունդներու ժառանգութիւնը, յիշողութիւնը եւ պատիւը կրողներն ենք, նշեց ան:
Շարունակելով՝ Հայկ Դեմոյեան ըսաւ, որ մենք այսօր մտովին 1918ին ՀՄԸՄը հիմնած սերունդին հետն ենք: Կը յիշենք Շաւարշ Քրիսեանը, Հայկ Ճոլոլեանը, Գրիգոր Յակոբեանը, Յովհաննէս Հինդլեանն ու Վահան Չերազը, որոնք հայ մարմնակրթութեան ռահվիրաները հանդիսացան եւ որբերէն արժանապատիւ ու հպարտ քաղաքացիներ կերտեցին: Փառք այդ սերունդին եւ յարգանք անոնց վաստակին:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: «Այսօր յաղթանակի օր է, ոչ թէ անոր համար որ դրօշակի այս արարողութեամբ բացումը կը կատարուի 100ամեակի տօնակատարութիւններուն, այլ՝ անոր համար, որ «խաւար դամբան» նետուելէ 100 տարի ետք, մենք կա՛նք, կը մնանք ու կը խոստանանք շարունակել մնալ, մինչեւ որ մեր զոյգ դրօշները՝ Եռագոյնը եւ ՀՄԸՄի դրօշակը կոթողենք «կատարն հայրենի լերանց հեռագոյն: Այսօր, յաղթանակի օր է, որովհետեւ այսօր Ծիծեռնակաբերդի մէջ միայն Ցեղասպանութեան նահատակներուն ջահը չէ, որ կը բոցավառի, այլ մէկի փոխարէն կը բոցավառին չորս այլ ջահեր, որոնք կու գան Անթիլիասէն, Փարիզէն, Պոլիսէն եւ Արարատի կատարէն: Վերջին ջահը անակնկալ մըն էր միութեան աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն պատկանող 24 խմբապետներուն կողմէ, որոնք անցնող օրերուն ամէն դժուարութիւն յաղթահարելով բարձրացան Արարատ, ՀՄԸՄականի իրենց ուխտը վերանորոգեցին եւ անմար ջահով մը վերադարձան անկէ», ըսաւ Գառնիկ Մկրտիչեան՝ աւելցնելով. «Այս ջահերը այսօր պիտի միանան Ծիծեռնակաբերդի անմար ջահին եւ միասնաբար պիտի բոցավառին հայութեան եւ Հայաստանին համար, ՀՄԸՄին եւ անոր երազներուն իրականացման համար: Մինչ չորս վայրերէ բերուած հողերը, Ծիծեռնակաբերդի հողին խառնուելով, պիտի պարարտացնեն ու զօրացնեն զայն այնպէս, որ անոնք նոր աւիշ պիտի տան միութեան 100ամեակի ծառին, որ պիտի ցանուի բոլորիս կողմէ, բոլորիս համար:
ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄԸ
Այնուհետեւ, ներկայ հիւրերն ու ժողովուրդը ուղղուեցան յուշահամալիրին պուրակը, առաջնորդութեամբ Հայաստանի, ՀՄԸՄի, միութեան սկաուտութեան եւ 100ամեակի դրօշներուն: Անոնց հետեւեցան չորս ջահակիրներ եւ չորս սկաուտներ, որոնք կը կրէին յատուկ արկղներով չորս վայրերէ բերուած հողեր:
Ծառատնկումի վայրը հասնելով, արկղներու հողերը պարպուեցան եւ խառնուեցան 100ամեակի ծառի հողին, որուն մօտ կանգնեցուած մետաղեայ բացատրագիրը կը կրէր հետեւեալ գրութիւնը. «Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին՝ ՀՄԸՄի 100ամեակի կապակցութեամբ: ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութիւն, 2018»:
ՋԱՀԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
Ծառատնկումէն ետք, ներկաները ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդի յուշարձան եւ անմար կրակին շուրջ բոլորուելով իրենց յարգանքն ու երախտիքը յայտնեցին միութեան մէկ դարու հաւատաւորներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ինկան ի սէր հայ ժողովուրդին եւ ի պաշտպանութիւն անոր նուիրական հայրենիքին:
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան հայրերու կողմէ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք ջահերը միացուեցան Ծիծեռնակաբերդի անմար ջահին:
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Ոգեկոչումներու շարքը աւարտեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի բացումով: Հայ մարմնակրթութեան նուիրուած ցուցահանդէսը եզակի էր իր տեսակին մէջ, որովհետեւ թանգարանի հաւաքածոյին կողքին անիկա կը ցուցադրէր նաեւ յատկապէս Պէյրութէն, ՀՄԸՄի «Վարդգէս Տէր Կարապետեան թանգարան»էն բերուած արժէքաւոր իրեր եւ պատմական փաստաթուղթեր:
Ցուցահանդէսին բացումէն առաջ, Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնի ժամանակաւոր գործակատար Նարինէ Մարգարեան եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան կատարեցին նոր լոյս տեսած «Ալպոմ ՀՄԸՄի Վարդգէս Տէր Կարապետեան Թանգարանի» գիրքին մակագրութիւնն ու իրարու փոխանակումը: «Ալպոմը» կը ներկայացնէ միութեան թանգարանին աւելի քան 1200 իրերէն եւ փաստաթուղթերէն 230 նմոյշներ: «Ալպոմ»ին խմբագիրն է միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան:
Տեղի ունեցաւ նաեւ ՀՄԸՄի կողմէ 100ամեակի յուշանուէրներու փոխանցում Նարինէ Մարգարեանի եւ Հայկ Դեմոյեանի:
Խօսք առաւ Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնի ժամանակաւոր գործակատար Նարինէ Մարգարեան, որ ըսաւ, թէ մեծ է ՀՄԸՄի դերը հայապահպնման գործին մէջ: ՀՄԸՄը կը նպաստէ մեր նորահաս սերունդի ֆիզիքական առողջ կազմաւորման եւ ազգային ու բարոյական արժէքներու ձեռք բերման: ՀՄԸՄը նաեւ կամուրջ կը հանդիսանայ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման:
Մարգարեան նշեց, որ Ցեղասպանութեան թանգարանը յատուկ ուշադրութիւն կ՛ընծայէ նախաեղեռնեան հայ կեանքի լուսաբանման ու ներկայացման եւ մարմնակրթութիւնը կը հանդիսանայ այդ կեանքի կարեւոր երեսներէն մէկը, նկատի ունենալով որ հայեր հիմնադիրները եղած են Օսմանեան կայսրութեան մարզական կեանքին:
Իր խօսքին աւարտին, Նարինէ Մարգարեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ ՀՄԸՄի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ատենապետ եւ համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումի գործադիր մարմինի անդամ Արամ Գայսէրեան հատեցին ցուցահանդէսի բացման ժապաւէնը, որմէ ետք ներկաները առիթը ունեցան շրջելու ցուցադրուած նկարներուն, իրերուն եւ փաստաթուղթերուն շուրջ՝ լայն բացատրութիւններ ստանալով Հայկ Դեմոյեանէն: