Կարգ մը համաշխարհային վաճառանիշներու հագուստները այսուհետեւ պիտի արտադրուին Հայաստանի մէջ եւ արտահանուին եւրոպական ու ռուսական շուկայ` «Պատրաստուած է Հայաստանի մէջ» մակնիշով: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Sartex, Asa Garment, Alex Textile and Texas Production ընկերութիւններու կարի 4 գործարաններու բացումը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 1-ին: Ներկայ էր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ ծանօթացաւ արտադրական գործընթացին, արտադրանքին:
«Այստեղ ապագային պիտի աշխատի աւելի քան 3000 մարդ: Արտադրանքը հիմնականօրէն կ՛արտահանուի եւրոպական, նաեւ ռուսական շուկայ, այստեղ իրացում չկայ: Բոլոր ապրանքները «Made in Armenia» մակնիշով են»,-ըսաւ «Ասա Կանմենտ», «Ալեքս տեքստիլ» եւ «Տեքսաս փրոդաքշն» ընկերութիւններու տնօրէն Մարատ Մովսիսեան:
«Սարտեքս» ընկերութիւնը հիմնադրած են իտալական «Սարթիս» եւ հայկական «Ալեքս տեքստիլ» ընկերութիւնները: «Սարտեքս»-ը կը հանդիսանայ Հայաստանի մէջ իտալական «Սարթիս»-ի ներկայացուցիչը : Ընկերութիւնը կը զբաղի յայտնի MaxMara, Moncler, Peuterey, Dolce&Gabana, Dainese եւ այլ հանրայայտ վաճառանիշներու հագուստի արտադրութեամբ: Անոնք կ՛արտահանուին Իտալիա, ուրկէ ալ ամբողջ եւրոպական շուկայ: Մեր նպատակը այն է, որ ստեղծենք այնպիսի մշակոյթ, որ Հայաստանի մէջ հիւսուածեղէնը չզարգանայ միայն անոր համար, որովհետեւ աշխատուժը աւելի աժան է: Մենք կ՛ուզենք, որ «Made in Armenia» ապրանքային նշանը ըլլայ որակի երաշխաւոր»,-ըսած ընկերութեան տնօրէն Մխիթար Աղաբեկեան:
Ընկերութիւնը այժմ արդէն ունի 400 աշխատատեղ, կը նախատեսեն 7 արտադրական հոսքագիծէն հասնիլ մինչեւ 40 արտադրական հոսքագիծի, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ ընկերութեան մէջ ունենալ մինչեւ 2500 աշխատակից: Ներկայիս ընկերութեան մէջ աշխատավարձի երկու սանդղակ կայ` 100 հազար դրամ եւ 70 հազար դրամ: 70 հազար կը ստանան անոնք, որոնք դերձակի փորձ չունին: Սակայն ընկերութեան նախաձեռնութեամբ վերապատրաստումներէ ետք յետագային աշխատավարձերը պիտի բարձրանան` հասնելով մինչեւ 170-180 հազար դրամի:
Նորաբաց «Ասա Կարմենտ»-ը հայ-չինական ընկերութիւն է, որ այս պահուն կը զբաղի ֆրանսական Jennifer վաճառանիշի հագուստի արտադրութեամբ: Ընկերութիւնը բանակցութիւններ կը վարէ նաեւ ZARA ապրանքանիշի հագուստ արտադրելու համար: Այս պահուն ան ունի 300 աշխատող, շուտով աշխատակիցներու թիւը պիտի հասնի մինչեւ 1000-ի:
«Ալեքս տեքստիլ»-ը հագուստ կ՛արտադրէ ռուսական ընկերութիւններու համար, իսկ «Տեքսաս փրոդաքշն»-ը շապիկներ կ՛արտադրէ թէ ռուսական, թէ եւրոպական վաճառանիշներու համար:
«Այսօր կրնանք արձանագրել, որ հայկական արտադրանքը մրցունակ է արտերկրի շուկաներու մէջ, եւ մեզի համար հպարտանալու առիթ է, որ աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ կարելի է գնել հագուստ եւ պիտակի վրայ կարդալ` արտադրուած է Հայաստանում», -ըսած «Ալեքս տեքստիլ»-ի սեփականատէր Աստղիկ Ալեքսանեան: