Համաշխարհային Հայկական Գագաթնաժողովին Առիթով

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը 28-էն 31 հոկտեմբեր 2022-ին կը կազմակերպէ «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով» մը: Հոկտեմբեր 28-ի երեկոյեան տեղի կ՛ունենայ բացման ընդունելութիւնը, իսկ բուն «գագաթնաժողովը» կը կայանայ 29, 30 եւ 31 հոկտեմբերին: Գագաթնաժողով փքուռոյց անուանումը կ՛ենթադրէ բարձրագոյն մակարդակի մարմիններու ու ղեկավարներու համաժողով մը, որ դժուար է հաշտեցնել նախատեսուած վեց հարիւր մասնակիցներու նախատեսութեան հետ: Այդ բազմահարիւր հրաւիրեալներու ցուցակը կազմած է սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը, առանց որեւէ խորհրդակցութեան սփիւռքեան կառոյցներուն կամ անոնց պատասխանատուներուն հետ: Խորհրդակցութիւն չէ եղած նաեւ գագաթնաժողովի օրակարգի կազմութեան շուրջ: Հայաստանի կառավարող իշխանութիւններու գործելաձեւն է կիրարկուածը. միայն իրենք գիտեն, իրենք ալ կ՛որոշեն:

Երեքշաբթի, 18 հոկտեմբերին, Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նոյն ժամանակ, բայց անջատաբար յայտարարեցին իրենց մասնակցութեան մերժումը գագաթնաժողովին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը, հեռաձայնային կապով շուրջ ամիս մը առաջ ստանալով հրաւէրը, դիտել տուած է, որ «մեր ազգի եւ յատկապէս Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած տագնապալից ժամանակներուն եւ ներհայաստանեան ոչ նպաստաւոր պայմաններուն մէջ, նման նախաձեռնութեան նկատմամբ մտահոգ է եւ վերապահ:

Գագաթնաժողովին մասնակցութիւնը մերժելու մասին յայտարարած են նաեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ իր ուղեկից համահայկական միութիւնները: Արդէն, այս կազմակերպութիւնները ուղղակի հրաւէր չեն ստացած. հրաւիրուած են անհատներ միայն, յստակ դարձնելով, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն համար սփիւռքը կազմակերպող մարմիններ չունի եւ թէ անհատներ են, որոնք կը գործեն տասնեակներով համայնքներու մէջ:

Օրակարգը ամփոփ կերպով ներկայացնելէ առաջ, դիտել տանք, որ կը թուի, թէ ատիկա գրուած է օտար լեզուով, ապա թարգմանուած խոտոր հայերէնի: Օտար բառերով կը վխտան. պանելային քննարկում, լանչ, բրենդֆինանսաւորելմոդելսոցիալական ապահովութիւն, տեխնոլոգիաէներգետիկառեսուրսների մոպիլիզացիահամատեքստէգոնոմիկա:

Օրակարգը կը պարունակէ ինը «պանելային» քննարկումներ, երկու ազատ ձեւաչափով հանդիպումներ եւ յանձնախմբային տասնհինգ քննարկումներ, հինգ տարբեր գլուխներու տակ (իւրաքանչիւրը երեք խումբով) եւ ընդհանուր «Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան լաւագոյն օրինակները եւ խնդիրների համատեղ լուծումները» խորագիրին տակ:

Օրակարգային բոլոր նիւթերը անշուշտ կարեւոր են Հայաստանի եւ մասամբ Արցախի համար: Սակայն անոնք չեն ցոլացներ ներկայ ժամանակաշրջանի ճգնաժամային ու հրատապ խնդիրները: Միայն մէկ հանդիպում, ազատ ձեւաչափով, «Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան, անվտանգութեան խորհուրդի եւ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն հետ» կրնայ առիթ ընծայել խօսելու ու քննարկելու ամբողջ հայութիւնը տագնապեցնող խնդիրները: Այս հանդիպման համար նախատեսուած է… մէկ ժամ քառորդ ժամանակ, որուն կէսէն աւելին պէտք է յատկացուած ըլլայ տուեալ կառոյցներուն ներկայացուցիչներուն զեկուցումներուն:

Արդարօրէն հարց կը յառաջանայ, թէ ինչո՞ւ նման ձեւաչափով, կամայական կերպով հրաւիրեալներով, օրախնդիր հարցերուն ոչ համահունչ օրակարգով ժողով կը գումարուի: Ուզուածը ժողով եւ հարցերու քննարկո՞ւմ է, թէ՞ միթինկային համախմբում, հաստատելու համար, որ սփիւռքը եւս համամիտ է «խաղաղութեան դարաշրջան» բանալու ցնորածին քաղաքականութեան:

Հայաստանի իշխանութիւնները անդադար կը յուշեն, որ Հայաստանի ու Արցախի ճակատագիրին վերաբերող խնդիրներուն միակ իրաւատէրը իրենք են: Ընտրութեամբ ստացած են այդ իրաւունքը: Չեն ուզեր ընդունիլ, որ ստեղծուած պայմանները կը պահանջեն շատ աւելի լայն համախմբում ու համահայկական զօրաշարժ:

Եզրակացնենք Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ կրկնելով. «Ժամանակակից մեր պատմութեան ներկայ ճակատագրական փուլին, մեր ազգին ղեկավարութեան` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, միատեղ համախմբումը եւ վճռական որոշումներու կայացումը` ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի փրկութեան, աւելի քան հրամայական է ու անյետաձգելի: Այսօր ա՛յս պէտք է դառնայ մեր մտահոգութեան ու աշխատանքներուն կիզակէտը»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.