Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» արուեստի ֆոնտի հիմնադրութիւն. Ցարդ գոյացած է 50.000 տոլար
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, նախաձեռնութեամբ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութեան եւ Թիւթիւնճեան ընտանիքին, ցուցասրահի բարերար Լիւսի Թիւթիւնճեանի յիշատակին հաստատուեցաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» արուեստի ֆոնտը։
Ֆոնտի յանձնախումբին մաս կը կազմեն Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, ցուցասրահի տնօրէնը եւ Թիւթիւնճեան ընտանիքէն երկու ներկայացուցիչներ։ Հիմնադիր յանձնախումբին մաս կը կազմեն դոկտ. Սեպուհ Այնթէպլեան, Յակոբ Հաւաթեան, Սիլվա Թիւթիւնճեան-Էօրտեքեան եւ Գարլա Թիւթիւնճեան։
Ֆոնտը կը նպատակադրէ առաջին հերթին կերպարուեստի բնագաւառին մէջ արուեստասէր նորահաս սերունդի հետաքրքրութիւնները եւ տաղանդը զարգացնել՝ նպաստելով համապատասխան ձեռնարկներու կազմակերպման։ Երկրորդ՝ քաջալերել երիտասարդներու աստիճանական մասնագիտացումը նոյն մարզին մէջ։ Ֆոնտի եկամուտները կը կազմեն նուիրատուութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ այլ նախաձեռնութիւններ։
Տարեկան իր ծրագիրներուն մէջ ֆոնտը նկատի պիտի ունենայ նկարչական մրցանքներու, երիտասարդական ցուցահանդէսներու, Master class-ներու կազմակերպում՝ հայրենի եւ այլ արուեստագէտներու մասնակցութեամբ, հայրենի երիտասարդ նկարիչներու Լիբանանի մէջ հիւրընկալում, միջազգային երիտասարդական ցուցահանդէսներու նոր տաղանդներու մասնակցութեան հովանաւորութիւն, հայրենի եւ սփիւռքահայ երիտասարդ նկարիչներու ծանօթացում, հովանաւորութիւն մանկապատանեկան հրատարակութիւններու հետ կապուած գեղարուեստական բաժնի պատրաստութեան, որ կը կատարուին երիտասարդ գեղանկարիչներու կողմէ։
Մշակուած ու հաստատուած է նաեւ ֆոնտին կանոնագրութիւնը։
Ցարդ կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացած է շուրջ 50.000 տոլար եւ 5 միլիոն լ.ո.։
Լիբանանէն դուրս, նուիրատուութիւնները կարելի է փոխանցել դրամատնային հետեւեալ հաշիւին.
Hamazkayin Comite Culturel Armenien
Bank Audi SAL
Acc Number: 260231 461002 019 48
Iban: LB55 0056 0000 0000 0026 0231 0048
Acc# 260231 461002 019 48
Swift code: AUDBLBBX
Լիբանանի մէջ նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ, Շաղզոյեան կեդրոն։
Հեռ․ 01-241263
Ե-նամակ artgallery@hamazkayin.com
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»