Համազգայինի գրասենեակը շուտով գործունէութիւն պիտի ծաւալէ Արցախի մէջ
1454
0
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան գրասենեակը շուտով պիտի սկսի գործել նաեւ Արցախի մէջ։ «Ապառաժ» թերթը կը հաղորդէ, որ Արցախի մէջ իրագործուելիք Համազգայինի յառաջիկայ ծրագիրներուն, միութեան գործունէութեան եւ ռազմավարութեան շուրջ զրուցած է Համազգային հայ կրթական և մշակութային միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեանի հետ, որ հաստատած է Արցախի մէջ Համազգայինի գործունէութիւն ծաւալելու ծրագիրը։
Սեպտեմբերին Հայաստանի համազգայինի գրասենյակի նախաձեռնութեամբ Շուշիի մէջ լուսանկարչական ցուցահանդէս պիտի կազմակերպուի։