Համազգայինը հրատարակած է է արցախեան երրորդ պատերազմին նահատակուած հերոսներու ստեղծագործութիւններու՝ «Հնչող ձայներ» ժողովածուն

Համազգային հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ տպագրուած արցախեան երրորդ պատերազմին նահատակուած հերոսներու ստեղծագործութիւններու ժողովածուին` «Հնչող Ձայներ» գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ 19 Օգոստոսին Տաւուշի մարզին մէջ: Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ սրբազանի առաջարկով նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցաւ առաջնորդարանին մէջ: Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին մեր բոլոր հերոսներուն յիշատակը: Այնուհետեւ սրբազանին օրհնութեամբ շարունակուեցաւ յուշ-ցերեկոյթը: Մթնոլորտը որքան յուզիչ էր նոյնքան ալ խորհրդաւոր: Օրուան բոլոր բանախօսները` սփիւռքահայ մտաւորական, ազգային -հասարակական գործիչ Տիգրան Ճինպաշեան, քանատահայ բանաստեղծ Յարութիւն Բերբերեան, բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան, «Դրօշակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Արտաշէս Շահպազեան իրենց խօսքին մէջ ներկաներուն փոխանցեցին հերոսներու ամենակարեւոր պատգամը` շարունակել պայքարը մինչեւ վերջնական յաղթանակ, մինչեւ ամբողջական հայրենիքի կերտում: Նախաձեռնութիւնը եզրափակեց Բագրատ սրբազանը` ներկաներուն եւ ողջ հայութեան յորդորելով հաւատալ գալիք յաղթանակներուն: Ձեռնարկին մասնակիցներուն իրենց կատարումներով ներկայացան թեմի երգչախումբի երգիչներն ու ասմունքողները: Իսկ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, քանոնահար Մարիաննա Գրիգորեան իր կատարումները նուիրեց հերոս տղոց յիշատակին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.