Հաճիզատէ. «Ազրպէյճանցիներու Վերադարձի Իրաւունքին Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Աջակցութիւնը Արդարութեան Կոչ Է»
- (0)

Պաքու խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը «Պոլսոյ հռչակագիր»-ի եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 51-րդ նստաշրջանին որդեգրուած բանաձեւերուն վերաբերեալ: Այս մասին նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այհան Հաճիզատէի յայտարարութեան մէջ:
«Այդ փաստաթուղթերու բովանդակութիւնը խեղաթիւրելու եւ պատմական փաստերը կեղծելու Հայաստանի փորձը խաղաղութեան հոլովոյթը խաթարելու եւ միջազգային ընտանիքը մոլորեցնելու անոր ջանքերու յաւելեալ օրինակ մըն է», նշած է Հաճիզատէ:
«Ազրպէյճանցիներու վերադարձի իրաւունքին Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան աջակցութիւնը տարածքային պահանջ չէ, ինչպէս ատիկա անհիմն կերպով կը ներկայացնէ Հայաստանը, այլ արդարութեան եւ անոնց իրաւունքներու վերահաստատման կոչ է», նշուած է յայտարարութեան մէջ: