Հակահայ ատելավառ արարքներ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ. հարցազոյց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ռոստոմ Այնթապեանի հետ
Սեպտեմբեր 17 Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքի հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայ կեդրոնին մէջ անյայտ անձեր հրդեհ յարաջացուցած են, նիւթական մեծ վնաս պատճառելով։ Այս մասին «Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ կայացած հարցազրոյցի ընթացքին մանրամասնութիւններ տեղեկացուց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ռոստոմ Այնթապեանը։
Յիշեցման կարգով նշենք, որ ատրպէյճանամէտ եւ թրքամէտ խուլիկաններ Յուլիսին յարձակած էին Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին եւ անոր կից գտնուող Հայ կեդրոնին վրայ, ատելավառ հայհոյանքներ գրելով եւ Ատրպէյճանի դրօշակին գոյները ներկելով անոնց արտաքին պատերուն վրայ:
Մանրամասնութիւնները տեսանիւթին մէջ։
https://www.facebook.com/Horizon-Weekly-120633978044872/videos/1011563129293618