Հալէպի մէջ կայացաւ Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովը

Շաբաթ, 23 Մարտ 2019-ին, Հալէպի ԱՄԺ Տան «Լ. Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերուն խորհրդաժողովը, ներկայութեամբ ՀՅԴ Հայ Դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանի, Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական եւ զանազան շրջաններու Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն։

Խորհրդաժողովը լսելէ ետք Հայ Դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի եւ Սուրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերու գործունէութեանց զեկոյցները, հանգամանօրէն քննեց հետեւեալ օրակարգի կէտերը։

-Արաբական եւ յատկապէս սուրիական հանրային կարծիքը Հայ Դատին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։

-Սուրիահայ երիտասարդութեան ներգրաւումը Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ եւ մասնագիտական օղակներու յառաջացումը։

-Սուրիոյ յետպատերազմեան պատկերին մէջ Հայ Դատի աշխատանքներու թիրախներուն եւ օգտագործելի կարելիութիւններուն ճշդումը։

-Սուրիական ընկերութեան բաղադրիչներուն եւ քաղաքական կողմերու հետ գործակցութեան կարելիութիւնները։

-Սուրիոյ զանազան շրջաններու մէջ Հայ Դատի քարոզչական աշխատանքներու իւրայատկութիւնները եւ համապատասխան մարդուժի պատրաստութիւնը։

Յետ քննարկումներուն, Սուրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերը վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը՝

1.- Ընդգծելու Թուրքիոյ կողմէ հայութեան եւ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած բարբարոսութիւններուն, ցեղասպանական արարքներուն զուգահեռները։
2.- Հետապնդելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացը՝ քաջ իմանալով, որ անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւնները կրնան կրկնուիլ որեւէ ժամանակի կամ տարածաշրջանի մէջ։ Վկայ՝ Սուրիոյ ողջ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած բարբարոսութիւններն ու կոտորածները, վկայ՝ Սուրիոյ բազմերանգ քաղաքակրթութեան ոչնչացման ուղղուած ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ անոնց զօրավիգ կանգնող պետութիւններուն անսանձելի վայրագութիւնները։

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողով

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.