«Հալէպը ամէնօրեայ բարեփոխման ընթացքի մէջ է». Մարիա Գաբրրիէլեան

Հարցազրոյց Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի անդամ Մարիա Գաբրիէլեանի հետ

«Բնականաբար նահանգը բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ կարիքներ ունի, որոնց ապահովելը այսօրուան պայմաններուն մէջ այնքան ալ հեշտ բան չէ, սակայն առաջին քայլերէն իսկ մեր դիմաց յայտնուած խոչընդոտներուն եթէ չյանձնուինք, կը կարծեմ, որ արդիւնքը դրական կ‏’ըլլայ». Մարիա Գաբրիէլեան

 Մեթր Մարիա Գաբրիէլեան աւարտած է Հալէպի Պետական Համալսարանի Լրագրական, ապա Իրաւաբանական ճիւղերը: Հետեւած է Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասընթացքներուն: Կը պաշտօնավարէ որպէս հայերէնաւանդ ուսուցիչ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանէն ներս եւ «Երկիր Մետիա» հեռուստակայանի Սուրիոյ գրասենեակի ներկայացուցիչն է: Զանազան պարգեւատրումներու արժանացած է պետական թէ ազգային բնագաւառներէն ներս: Որպէս Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի թեկնածու, անդամ դարձաւ Հալէպի Նահանգային Խորհուրդին: Այս առթիւ «Հորիզոն» իր հետ ունեցաւ հետեւեալ հարցազրոյցը.

 Հ.- Անցնող Սեպտեմբերին տեղի ունեցան Սուրիոյ Տեղական Ինքնակառավարման մարմիններու նահանգային խորհուրդներու ընտրութիւնները, եւ դուք, որպէս Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի թեկնածու, դարձաք Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի անդամ: Ի՞նչ ձեւով կը բնութագրուի այս խորհուրդին գործունէութեան ասպարէզը, եւ ի՞նչ գործելաոճ կ՚որդեգրուի անոնց իրագործման ի խնդիր:

Մ.Գ.- Սուրիոյ պետութեան որդեգրած ընդհանուր քաղաքականութեան հիման վրայ, նահանգային խորհուրդը կը զբաղի բոլոր այն ծրագիրներով, որոնք նահանգի տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ կառուցային վերելքին կը նպաստեն: Այս աշխատանքները համահունչ եւ համաչափ կ“ընթանան տարբեր ոլորտներու մէջ նահանգի զարգացման հանգրուաններուն հետ, յատկապէս ծառայողական բնագաւառի յառաջընթացին հետ:

Նահանգային խորհուրդը իր ծրագիրները իրականացնելու համար կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ նախագիծեր կը մշակէ: Առաւել եւս հիմքեր կը հաստատէ տեղական այն հարստութիւններու ներդրման համար, որոնց առնչութեամբ համապատասխան նախարարութիւնները ներդրման կեդրոնական ծրագիրներ կամ միջոցներ չեն ճշդած:

Այլ խօսքով կը ստանձնէ, նահանգի մակարդակին, կարգաւորումը բոլոր այն հարցերուն, աշխատանքներուն կամ ձեռնարկութիւններուն, որոնք կեդրոնական իշխանութեան անմիջական ենթակայութեան մէջ չեն:

Հ.- Յետպատերազմեան այս նոյնքան դժուար օրերուն, ի՞նչ է ձեր տեսլականը Հալէպի առնչութեամբ, եւ որքանո՞վ կը կարծէք, թէ դուք պիտի կարենաք ձեր նպաստը բերել Հալէպի վերականգնումի ծրագիրներուն:

Մ.Գ.- Չափազանցած թերեւս չըլլամ երբ ըսեմ, որ այսօր Հալէպը ամէնօրեայ բարեփոխման ընթացքի մէջ է: Ռազմական գործողութիւններու պատճառով վնասուած ենթակառոյցը կը վերականգնուի, փողոցները կը վերասալայատակուին, ջուրի խողովակները կը վերանորոգուին, ելեկտրականութեան լարերը կը վերահաստատուին: Կը վերաբացուին ճաշարաններ, սրճարաններ, վաճառատուներ: Կը վերագործեն արհեստանոցներն ու մէկ-մէկ գործարաններու մեքենաները կրկին կը բանեցուին: Հնագիտական վայրերը կը վերապատրաստուին: Մէկ խօսքով անդուլ աշխատանք կ‏’իրականացուի: Սակայն որովհետեւ աւերուածութիւնը մեծ էր, եւ քանդումները ահաւոր էին, այս բոլորը իրականացնելը բնականաբար ժամանակ կը պահանջէ: Այսուամենայնիւ յուսադրուած ենք եւ ունինք յուսադրուելու տուեալները, փաստօրէն այսօր լուծուած են ծառայողական ամենաբարդ խնդիրները` ջուրի եւ ելեկտրական հոսանքի մատակարարումը: Ջուրի հարց բնաւ չունինք, իսկ ելեկտրականութիւնը օրական 3-4 ժամ միայն կ‏’անջատուի: Այս բոլորը իրականացաւ խաղաղութիւնը հաստատուելէ կարճ ժամանակ անց, մինչ այդ Հալէպէն ոչ շատ հեռաւորութեան վրայ, տակաւին ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին:

Իսկ թէ որքանով պիտի կրնամ նպաստ բերել Հալէպի վերականգնումի աշխատանքներուն, հաստատ որ ջանք պիտի չխնայեմ առաւելագոյնս ներդնելու եւ քաղաքիս բարելաւման սատարելու:

Հ.- Հալէպի հայկական գաղութը ծանրագին պայմաններ ապրեցաւ պատերազմի օրերուն. ի՞նչ իրավիճակ կը պարզէ այսօր այն` տնտեսապէս, թուապատկերով եւ կրթական ու եկեղեցական հաստատութիւններով:

Մ.Գ.- Տնտեսապէս հալէպահայ համայնքը այն չէ, ինչ որ կար նախապատերազմեան շրջանին: Տնտեսական բնագաւառի մէջ նահանջը բացայայտ է: Շատ ափսոս: Թուապատկերով նոյնպէս շատ տուժեցինք, հալէպահայութեան համարեա՛ երկու երրորդը գաղթեց, սակայն կրթական, եկեղեցական, մարզական, մշակութային, բարեսիրական եւ ազգային թէ միութենական այլ հաստատութիւններով համայնքը կայուն է, եւ ոչ միայն, այլեւ կը շարունակէ նոյն թափով ու կորովով աշխատիլ ու ստեղծագործել: Այս առումով իրավիճակը իւրաքանչիւր հալէպահայու թէ՛ հայու համար խրախուսանք առթող երեւոյթ է եւ այս բոլորը ի պատիւ յետ եղեռնեան շրջանին կազմաւորուած հալէպահայ գաղութի ջամբած ազգային ու հայեցի դաստիարակութեան:

Հ.- Ինչպիսի՞ ծրագիրներ կը մշակուին հալէպահայ գաղութի վերկանգնման ի խնդիր, եւ որքանո՞վ պետութիւնն ու պետական մարմինները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն օժանդակելու այդ ծրագիրներուն:

Մ.Գ.- Շուրջ տարի մըն է, որ կը մշակուին եւ կը գործադրուին հալէպահայ համայնքի վերականգնումի ծրագիրները: Վերականգնուեցան դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ, անհատական թէ համայնքային հաստատութիւններ: Վերականգնումի ծրագիրներուն գլխաւոր բաժինը ստանձնած է Սուրիահայութեան Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը: Ասոր կողքին կան հսկայական նախահաշիւներ ցոյց տուող վերաշինութեան ծրագիրներ, որոնք կ‏’իրագործուին պետական անմիջական օժանդակութեամբ:

Բնականաբար նահանգը բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ կարիքներ ունի, որոնց ապահովելը այսօրուան պայմաններուն մէջ այնքան ալ հեշտ բան չէ, սակայն առաջին քայլերէն իսկ մեր դիմաց յայտնուած խոչընդոտներուն եթէ չյանձնուինք, եթէ հաւատանք, որ ջանքն ու փորձը միացած շատ բան կրնան փոխել, եթէ չընկրկինք եւ չյուսահատինք, կը կարծեմ, որ արդիւնքը դրական կ‏’ըլլայ:

Կը սիրեմ Հալէպը, հոսկէ կու գայ արեւմտահայաստանի գաւառներուն բոյրը, այն բոյրը, որ մեր նախահայրերը իրենց հետ բերած էին երկրէն: Բերած էին ժամանակաւորապէս, որովհետեւ գիտէին, թէ շուտով պիտի վերադառնային իրենց արտերը եւ իրենց գօտիէն կախուած բանալիներով կրկին պիտի բանային իրենց դռները: Ժամանակը արագ անցաւ, եւ անոնք չհասցուցին երթալ, սակայն բանալիները յանձնեցին մեզի, յանձնեցին նաեւ արտերուն բոյրը, որպէսզի շնչելով առաջնորդուինք դէպի մեր այգիները…

Երբ վերադառնանք մեր պապենական տունը` Հալէպը արեւմտահայը արեւմտահայ պահող նուիրական քաղաք պիտի հռչակուի…

Հարցազրոյցը վարեց Սոնա Թիթիզեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.