Հալէպ՝ հնոց հայապահպանման
- (0)
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՕՄի Թորոնթոյի Ռուբինա մասնաճիւղի Սուրիոյ հայ համայնքին նուիրուած Տոհմիկ օրուան հանդիսութեան ընթացքին օրուան պատգամախօսներէն Վիգէն Թիւֆէնքճեանի խօսքը։
ՀՕՄի Թորոնթոյի Ռուբինա մասնաճիւղի Տոհմիկ օրուան այս ձեռնարկը երկու տարիէն պիտի բոլորէ իր երեսնամեակը։ Անցնող 28 տարիներուն, հայկական Սփիւռքի տարածքին, եթէ ոչ իր տեսակին մէջ եզակի՝ ապա առնուազն անխափան ճշտապահութեամբ կայացող այս նախաձեռնութիւնը, ամէն տարի լուսարձակ կը բանայ աշխարհագրական կամ պատմական շրջանի մը վրայ, կեանքի կոչելով զայն բնորոշող կենցաղային սովորոյթներն ու աւանդութիւնները, անոր պատմական իրադարձութիւններն ու մշակութային իրագործումները, եւ այդ բոլորին ճամբով մեզի պարզելով տուեալ շրջանին բերած նպաստը համայն հայութեան նուաճումներուն։
Սկզբնական շրջանին, Տոհմիկ օրուան ճամբով վերակոչուող շրջանները մեծաւ մասամբ Հայկական ցեղասպանութեան գործադրութեամբ մեր նախնիներէն խլուած անոնց բնօրրաններն էին։ Արեւմտահայաստանի նահանգներուն վրայ այդ կեդրոնացումը մեզի կը յիշեցնէր անոնց բառբառներն ու լեզուական պատկերաւոր արտայայտութիւնները, ժողովրդային երեւակայութեան մէջ ձեւաւորուած նկարագրային իւրայատկութիւնները, ինչպէս՝ կիւրինցիներու «թռի էլ՝ է՛ծ է» պնդումը կամ կեսարացիներու ենթադրեալ ժլատութիւնը։ Այսօր եւս, Տոհմիկ օրուան ընդմէջէն մենք կը ծանօթանանք նշուող նահանգին մէջ ծնած ու կազմաւորուած ականաւոր գրողներու եւ հասարակական դէմքերու, տեղւոյն բնակչութեան զարգացուցած արհեստներուն, կրթական հաստատութիւններուն ու տնտեսական կառոյցներուն, կը վերյիշենք իրենց դէմ գործուած բռնութիւններուն ի դէմ անոնց հերոսական դիմադրութեան դրուագները, եւլն.։ Երբ 2002-ին եւ 2004-ին՝ Տոհմիկ օրերու շարքին մտան Քեսապը եւ Նոր Ջուղան յաջորդաբար, խոստովանիմ, որ այդ ընտրութիւնները անակնկալի մատնեցին զիս, որովհետեւ անկէ առաջ ներկայացուած շրջանները հայաթափ եղած էին, մինչդեռ այդ երկուքը տակաւին կը վայելէին հայկական զանգուածներու ստուար ներկայութիւնը։ Նոյնն էր պարագան անցեալ տարուան Սուրբ երկրի եւ Յորդանանի ընտրութեան։ Ինչո՞ւ, ուրեմն, այս նախաձեռնութեան կարկինը կը բացուէր ու կը ներառնէր արեւմտահայաստանի սահմաններէն դուրս հայկական գաղութներ եւս։ Երբ այս մասին կը մտածէի, յանգեցայ այն եզրակացութեան, թէ ՀՕՄի Թորոնթոյի Տոհմիկ օրերը չեն կազմակերպուիր վկայակոչելու լոկ մեզմէ բռնախլուած երկրին մշակութային ժառանգը, այլ՝ կը նպատակադրեն պանծացումը դեռ եւս ապրող ու շնչող մեր գաղութներուն եւ հայկական մշակոյթին ու պատմութեան մէջ անոնց ներդրումին։
Այսօրուան խօսքս պատրաստելու ընթացքին, ուզեցի ծանօթանալ «տոհմ» բառին ծագումնաբանութեան։ Ըստ Մալխասեան բառարանին, պարսկերէնէն մեր լեզուն մտած այս բառը կը նշանակէ նախ՝ ա) մարդկանց խումբ, որ սերուած է մի նախահօրից, մի անձի սերունդը, մերձաւոր ու հեռաւոր, եւ ապա՝ բ) գործ է ածւում եւ աւելի լայն նշանակութեամբ, ինչպէս ցեղ ու ազգ։ Մալխասեան օրինակ կու տայ իսրայէլեան տասներկու տոհմերը, Սիւնեաց տոհմը, Մամիկոնեան տոհմը, նախարարական ազգեր կամ ցեղեր։ Մալխասեանի սահմանումներէն առաջինը կը բացատրէ 2018-ի Տոհմիկ օրուան թեման՝ Հայոց թագաւորական տոհմերը։ Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակին առթիւ ընտրուած այդ թեման գեղեցկօրէն կը զուգորդէր հայութեան փառաւոր անցեալը մեր յարատեւող ներկային հետ։ Գալով երկրորդ սահմանումին՝ ցեղ ու ազգ, արդեօք կրնա՞նք զայն կիրառել սփիւռքահայ զանգուածներու, այս պարագային՝ հալէպահայութեան։ Բառացի իմաստով՝ թերեւս ոչ, սակայն երբ աւելի խորհրդածենք, ապահովաբար պիտի յանգինք դրական պատասխանի մը։ Բացատրեմ թէ ինչպէս։
Հայերս ածականներու սիրահար ենք։ Սկսելով Վիշապաքաղ Վահագնէն, Նահապետ Հայկէն ու Գեղեցիկ Արայէն, անցնելով Քաջն Վարդանին ու Շնորհալի Ներսէսին, ապա հայոց Խրիմեան Հայրիկին, Հայաստանի վէրքի երգիչ Աբովեանին ու Շինարար Վազգէն Ա. կաթողիկոսին, այլ ժողովուրդներու նման, մեր վաստակաւոր ազգային ու պատմական դէմքերու անուններուն կը կցենք զիրենք մէկ բառով ամփոփող ածականներ։ Այդ սովորութեան հետեւելով, թոյլ տուէք, որ հալէպահայութիւնը նկատեմ սփիւռքի պատմութեան մէջ վաստակաւոր դէմք՝ ու անոր կցեմ շարք մը ածականներ՝ նահապետական Հալէպը, հիւրասէր Հալէպը, սնուցող Հալէպը եւ հայակերտ Հալէպը։ Ինձմէ առաջ նոյնը ըրած են ուրիշներ, ընդ որում հալէպահայութեան պարծանք հանդիսացող Անդրանիկ Ծառուկեանը, որ Հալէպին տուած է «երազային» որակաւորումը։ Յիշեալ ածականներու շարքով, հալէպահայութիւնը կը վերածուի տոհմական առաւելութիւններով օժտուած հաւաքականութեան մը։
Սկսելու համար, անկասկած հետս պիտի համաձայնիք, որ հալէպահայը նահապետական է։ Դժուար թէ կարենանք մտաբերել մէկ այլ սփիւռքահայ գաղութ, որուն բարքերն ըլլան այնքան աւանդապաշտ որքան հալէպահայութեանը։ Ու եթէ այս երեւոյթը երբեմն յետամնացութեան համազօր նկատուեցաւ այլ գաղութներու կողմէ, ի՜նչ փոյթ հալէպահային, որ պինդ կառչած մնաց իր որդեգրած ապրելակերպին ու անխախտ պահեց կենսակերպի իր ըմբռնումները։ Քսաներորդ դարու ընթացքին, հաղորդակցական կապերու բազմապատկումով, աշխարհագրական հեռաւորութիւնները հետզհետէ նուազեցան, իսկ արհեստագիտական գիւտերը սփիւռքի գաղութներու տարբերութիւնները յապաւեցին. մինչդեռ Հալէպը շարունակեց ապրիլ իր նահապետական կենցաղով։ Յիշողութեանս մէջ տակաւին վառ է Սբ. Ծննդեան եւ Զատկուան տօնական օրերուն նոր զգեստներ հագուած ընտանեկան այցելութիւններով զիրար շնորհաւորելու սովորութիւնը, որ նորահաս սերունդներուն մէջ կը դրոշմէր գերդաստանին կապուած մնալու կարեւորութիւնը։ Հալէպի եկեղեցական կեանքին մասին երբ մտածեմ, խանդաղատանքով կը յիշեմ Ծաղկազարդի կիրակիները, Հոգետան բակին մէջ Տեառնընդառաջի ճարճատող խարոյկները եւ եկեղեցւոյ մոմերէն վառուած լապտերներուն տուն փոխադրութիւնը՝ Սալիպէի նեղլիկ փողոցներէն։ Չեմ կրնար մոռնալ Վարդավառի տօնին՝ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի դիմացի մայթին վրայ հանրային փոխադրակառք սպասելու պահուս՝ վերի պատշգամներէն վրաս ցնցուղուող ջուրի ողողումը, որուն նմանը անգամ մըն ալ ստացած եմ քանի մը տարի առաջ, Երեւանի մէջ։ Բնականաբար, ժամանակի թաւալումը այդ նահապետականութեան յարումին խստութիւնը մեղմած է այսօր, սակայն ըստ էութեան, Հալէպը տակաւին կը մնայ սփիւռքի ամենէն նահապետական գաղութը։
Երկրորդ՝ նահապետական Հալէպին զուգորդուող հիւրասէր Հալէպը։ Սիլվա Կապուտիկեան, իր Քարաւանները դեռ քայլում են յուշագրական գործին մէջ կը պատմէ, թէ ինչպիսի հիւրասիրութիւն վայելած է Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Դամասկոսի մէջ, 1963-ին իր Միջին Արեւելք կատարած ուղեւորութեան ընթացքին։ Խօսքը չի վերաբերիր միայն համադամ ճաշերով եւ ճոխ սեղաններով զինք հիւրընկալողներու ընդունելութեան, այլ այն հոգատար վերաբերմունքին, որուն արժանացած է ան, իր կեցութեան ամբողջ ընթացքին։ Նոյն թուականներուն, երբ Թաթուլ Ալթունեանի անուան երգի պարի պետական անսամպլը ժամանած էր Հալէպ, Օթէլ Պարոնի առջեւ խմբուած բազմութիւնը կը սպասէր Լուսիկ Քոշեանի, Աստղիկ Քամալեանի եւ Յովհաննէս Պատալեանի պանդոկէն դուրս գալուն, որպէսզի հիւրասիրութեամբ պատուէր զիրենք։ Իմ պարագայիս, չորս տարեկան էի, երբ Ամերիկայէն Հալէպ ժամանեց մօրս զարմուհին իր ամուսնին հետ։ Այդ ուրախ առթիւ, մօրս միւս զարմուհին իր ընդարձակ տան մէջ ընդունելութիւն մը կազմակերպեց, որուն ներկայ եղաւ մեր ամբողջ գերդաստանը, շուրջ քառասուն հոգի։ Անկէ ի վեր, մեր գերդաստանը նման բազմամարդ ընտանեկան հաւաքոյթ չէ ունեցած. իսկ այդ մէկը այնքան ուժեղ տպաւորութիւն թողած է իմ մանուկ երեւակայութեանս վրայ, որ այսօր, աւելի քան վաթսունհինգ տարիներ ետք, այդ մթնոլորտը վերյիշելու համար, լուսանկարներու դիմելու հարկը չեմ զգար։ Վստահաբար, ձեզմէ շատերը եւս կրնան նման վկայութիւններ տալ հալէպահայութեան հիւրասիրութեան մասին։
Երրորդ՝ սնուցող Հալէպը։ Անդրանիկ Ծառուկեան ըսած է, «որ այսօր սփիւռքի զանազան կեդրոններուն մէջ դիրք ունեցող, ազգային, գրական, կուսակցական դեր կատարող մարդոց իննիսուն առ հարիւրը ելած են Հալէպէն»։ Եթէ նոյնիսկ Ծառուկեանի տոկոսային համեմատութիւնը չափազանց համարենք, կասկածէ վեր է, որ անցնող ութը տասնամեակներուն, Հալէպը հայութեան տուաւ իր մէջ կազմաւորուած անուանի դէմքեր։ Յիսունական, վաթսունական եւ եօթանասունական թուականներուն, մանաւանդ Պէյրութի մէջ, մեր վարժարաններու ուսուցչական թէ վարչական պաշտօնէութիւնը, կուսակցական ղեկավարութիւնը, ինչպէս եւ թերթերու խմբագրական կազմերը բաղկացած էին առաւելաբար Հալէպէն Պէյրութ հաստատուած հայրենակիցներով։ Այս պահուն զանոնք մէկ առ մէկ յիշելը անկարելի է անշուշտ, ուստի պիտի բաւականանամ թուելով անոնցմէ մի քանին։ Անոնց շարքին են ինքը՛ Ծառուկեանը, Տասնապետեան Եդուարդը, կինը Սաթենիկը ու իրենց զաւակը Հրաչը, Տօնապետեան Գէորգը, Էլոյեան Եդուարդն ու կինը Աղաւնին, ու անոնց յաջորդող սերունդէն դասընկերս՝ Կիրակոսեան Սարգիսը, որ յետոյ Բագինի խմբագիր դարձաւ, Էթիեմէզեանները՝ Վազգէնը, Գեղանին ու Արփին, ու շարքը կը շարունակուի այսպէս։ Իսկ եթէ մեր ուշադրութիւնը դարձնենք Թորոնթոյի գաղութի կազմաւորման մէջ որոշիչ դերակատարութիւն ունեցողներուն վրայ, կը մտաբերենք ՀՄԸՄի եւ ՀՅԴեան Գանատայի կառոյցներուն մէջ ղեկավար պաշտօններ ստանձնած Լուտեր Մասմանաճեանը, ՀՕՄական Էօժէնի Շեհիրեանը, համազգայնականներ Ժիրայր Ինճէեանը, Շուշիկ Պոյաճեանը եւ ուրիշներ։ Նայեցէք ձեր չորս դին, ու պիտի հաստատէք, որ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի ղեկավարութեան եւ այնտեղ խմբուած միութիւններուն մէջ, իրենց անուրանալի հետքը թողած են ու տակաւին դերակատար են բազմաթիւ նախկին հալէպահայեր, որոնց համեստութիւնը չվիրաւորելու համար զանց կ՚առնեմ անոնց անուանումը այս պահուն։
Թորոնթոյի նման, Մոնթրէալի, Գէյմպրիճի ու Վանգուվըրի մեր միութենական, կուսակցական եւ ազգային կառոյցներու շարքերը եւս այսօր կը համալրուին Հալէպէն արտագաղթած մեր հայրենակիցներով։ Այդ ներարկումին առաւելութիւններէն է այն հանգամանքը, որ հալէպահայը, մերուելով հանդերձ տեղական պայմաններուն, խստապահանջ մօտեցում կը ցուցաբերէ հանրային կեանքի կառավարման ու միութիւններու վարչական աշխատանքներուն մէջ։ Նման աշխատելաոճը պատրաստ չէ տեղի տալու նորելուկ վարուելակերպի դրսեւորումներուն, եւ աւանդապահութեան հովանոցին տակ կը պաշտպանէ մեր հաւաքականութիւնը՝ աջէն ու ձախէն հայկական կեանք ներխուժող օտարացման ալիքներէն։ Աւելի՛ն. մեր ամենօրեայ, շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու անձնակազմերու հանգստեան կոչուող անդամները այժմ կը փոխարինուին Հալէպէն Գանատա հաստատուած հմուտ ուսուցիչներով, իսկ մեր թատերախումբերը կ՚աշխուժանան բեմահարթակին վարժ թէ՛ երիտասարդ եւ թէ՛ հասուն տարիքի հալէպահայ դերակատարներու մասնակցութեամբ։ Պարագան նոյնն է Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Աւստրալիոյ հայ գաղութներուն, որոնց մէջ նախկին հալէպահայեր օգտաշատ ներկայութիւն դարձած են մեր օրերուն։ Վերջին տասնամեակին Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին առթած անապահովութեան հետեւանքով, հալէպահայութիւնը մատնուեցաւ զանգուածային տեղաշարժի, որուն արդիւնքը կը հանդիսանան վերոյիշեալ երեւոյթները։ Բնականաբար, բոլորս ալ պիտի նախընտրէինք որ պատերազմ չըլլար, հալէպահայութիւնը պահէր իր թուաքանակը ու մնար իր ծննդավայրին մէջ. միւս կողմէ, մեր հայրենակիցներուն Հալէպէն արտագաղթը իր բարերար ազդեցութիւնը ունեցաւ այլուր, յատկապէս Հայաստանի մէջ։ Արդարեւ, այնտեղ կայք հաստատած հալէպահայերը իրենց սովորութիւններով, ապրելակերպով ու կենցաղով նոր աւիւն ներարկեցին հայաստանեան ընկերա-տնտեսական կեանքին մէջ։
Վերջին ածականը, եւ ինծի համար ամենէն նշանակալին՝ հայակերտ Հալէպն է։ Մեկնելով անձնական փորձառութենէս, կրնամ անվարան հաստատել, թէ ինքնութեանս ամենէն ցայտուն տարրը Հալէպի մէջ ուռճացած հայկականութիւնս է։ Ինչքան ալ ընտանեկան դաստիարակութիւնը եւ ուսումնական հաստատութիւնները կողմնորոշիչ ազդեցութիւն բանեցուցած ըլլան հայկական ինքնութեանս վրայ, ես խորունկ համոզումը ունիմ, որ ձեզմէ շատերուն նման, անոր արեւելումը ես կը պարտիմ Հալէպին, ու ինքզինքս բախտաւոր կը համարեմ, որ պատանութեան տարիներուս մեծամասնութիւնը ապրած եմ Հալէպ։ Բախտաւոր եմ անոր համար, որ եթէ շատ փոքր տարիքի մեկնած ըլլայի ծննդավայրէս, ինքնութեանս կազմութիւնը այլ ուղիով պիտի ընթանար։ Այդ գործընթացին արմատական տարրերը եղան Հայկազեան նախակրթարանի եւ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի՝ ինծի ու իմ սերնդակիցներուս հայերէն լեզու եւ Հայոց պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչները, որոնց անունները երախտագիտաբար կ՚ուզեմ յիշատակել հիմա ձեր թոյլտուութեամբ։ Անոնք են Ժանէթ Մանուկեանը, Էմմա Ազարիկեանը, Հայկուհի Ադամեանը, Պետրոս Հաճեանը, Յասմիկ Նաճարեանը եւ անմոռանալի Մկրտիչ Մկրտիչեանը։ Այս հայակերտ դաստիարակներուն աշխատանքը կ՚ամբողջացնէին Հայկազեան նախակրթարանի աշակերտական ատենամարզանքերը եւ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Ծիլեր պարբերաթերթը։ Հայերէնի նկատմամբ պաշտամունքային այդ մթնոլորտին այլ դրսեւորումներուն օրինակներն են «Արեւելք» օրաթերթին սիւնակներուն մէջ ի գործ դրուած լեզուական որակի բծախնդրութիւնը, ՀՄԸՄի ակումբին Քրիստափոր գրադարանի պատասխանատուներուն նուիրուածութիւնը՝ իրենց տնօրինած ընդգրկուն հաւաքածոյին նկատմամբ, ու վերջապէս, այն գրասէր հասարակութիւնը, որ անհամբեր կը սպասէր «Ազդակ» օրաթերթի, «Նայիրի» եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթերուն եւ Բագին ամսագրին Գրատուն Զաւէն ժամանումը։
Երազային Հալէպը գրքին երկրորդ հրատարակութեան մէջ, Ծառուկեան ըսած է, «հալէպահայութիւնը ամբողջ սփիւռքի ծաղիկն է»։ Ես պիտի ըսէի, հալէպահայութիւնը «հայութեան պտղատու ծառն է». այն՝ որուն աշխարհատարած ճիւղերը տակաւին դալար են ու արգասաբեր։ Տասնամեակներ շարունակ, հալէպահայութիւնը եղած է՝ ու տակաւին կը շարունակէ գործել որպէս հայապահպանման հնոց մը, որուն մէջ կը դարբնուին հայաշունչ սերունդներ։ Այդ իսկ պատճառաւ, իր արմատներուն ամուր կառչած հալէպահայութիւնը արժանի է մեր սիրոյն եւ յարգանքին ամենուր։
2022-ը Արամ Ա. կաթողիկոսի հռչակմամբ «սփիւռքի տարի»ն է։ Ըստ իս, զայն նշելու լաւագոյն եղանակը հալէպահայութեան նկատմամբ գուրգուրանք եւ սէր տածելն է ու անոր օժանդակութիւն հասցնելն է, որպէսզի պտղատու ծառը մնայ կանգուն, ըլլայ առողջ, եւ գոյատեւէ ընդմիշտ։