Կրկին «անդրազգ» եզրոյթին մասին
- (0)

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Ուշադրութեամբ կարդացի Րաֆֆի Արտալճեանի նոյեմբեր 2, 2026 թուակիր յօդուածը «Հորիզոն Մետիա»յի կայքէն, որ կ՚անդրադառնայ «անդրազգ» եզրոյթի մասին վերջերս լոյս տեսած իմ յօդուածիս («Սփիւռքը եւ Անդրազգ Եզրոյթի Հարցականները» խորագրով) թէզերուն։ Յօդուածը կ՚ընէ ուշիմ դիտարկումներ զուգահեռներ մատնանշելով իմ եւ Փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեանի թէզերուն միջեւ, առընչուած՝ «անդրազգ» եզրոյթի բովանդակութեան։ Դժբախտաբար այս հարցերու կապակցութեամբ մեր գրական լեզուին մէջ գոյութիւն ունեցող բառապաշարի դժուարութիւնները տեղի տուած ըլլալ կը թուին որոշ (երեւի անխուսափելի) շփոթի, որոնց պիտի փորձեմ անդրադառնալ յուսալով յստակացում բերելու այս շատ կարեւոր քննարկման։
Նախ ըսեմ, որ պարագաներու բերումով ես չեմ կրցած հետեւիլ Փրոֆ. Թէօլէօլեանի Լոս Անճելըսի մէջ տրուած դասախօսութիւններու շարքին։ Հետեւաբար այստեղ արտայայտուած իմ մտքերը չեն կրնար վերաբերիլ իր վերջին ելոյթներու բովանդակութեան։ Բայց պէտք է աւելցնեմ, որ այնուամենայնիւ ես հետեւած եմ տարիներու վրայ տարածուող իր գիտական աշխատանքին Սփիւռքի հարցերու պարզաբանման գծով եւ գտած՝ որ մեր տեսակէտները ընդհանրապէս կը համընկնին Սփիւռքի գոյութենական խնդիրներու յստակացման մարզին մէջ։ Այս առումով՝ ճիշտ է Րաֆֆիին մատնանշումը։
Եւ սակայն պէտք է փութամ աւելցնելու, որ «անդրազգ» եզրոյթի այժմու կիրառութեան գծով ունիմ էական վերապահութիւն, զոր փորձեր էի բացատրել իմ վերջին յօդուածով։ Նաեւ ընդգծե՛ր՝ որ ասիկա սոսկ լեզուական խնդիր մը չէր։ «Անդրազգ» եզրոյթի արագօրէն ընդհանրացող կիրառութիւնը կը համարէի խնդրայարոյց Սփիւռքի ընկերաբանական էութիւնը ճշտելու եւ անոր պատմական առաքելութիւնը բիւրեղացնելու տեսակէտէն։
Կրկնեմ «անդրազգային» բառի կապակցութեամբ յօդուածիս մէջ տրուած հաստատումը։ «Անդրազգային» բառը մենք ստեղծած ենք անգլերէնի transnational բառի հետեւողութեամբ։ Իր ստուգաբանական կազմութեամբ, ան կը նշանակէ «ազգայինի սահմաններէն անդին» գտնուող տարածք։ Եւ անշուշտ մենք պէտք ունինք նման եզրոյթի մը, քանի որ ներկայ համաշխարհային տագնապներու ոլորտին մէջ մենք եւս պէտք ունինք դուրս գալու մեր ներազգային հարցերու ոլորտէն եւ հասկնալու մեր կապը մեզ շրջապատող մարդկութեան հետ։ Այս առումով, գոյութիւն ունի անդրազգային – հետզհետէ աւելի մղձաւանջային դարձող – հարցերու ոլորտ մը, որ կը հալածէ մեզ եւս որպէս ազգ։ Մոլորակային կենսոլորտի (ecology), համաճարակներու, աշխարհակարգի հաւասարակշռութեան, համաշխարհային տնտեսութեան վերիվայրումներու, ժողովրդագրութեան համաշխարհային տեղաշարժերու, արուեստական բանականութեան ստեղծած ռիսքերու եւ այլ հարցերու ամբողջ տիեզերք մը կայ, որուն բնոյթը իրաւամբ անդրազգային է եւ որուն մաս կը կազմենք նաեւ մենք։ Բնականաբար ես չունիմ որեւէ առարկութիւն «անդրազգային» եզրոյթի այսօրինակ գործածութեան դէմ։
Իմ վերապահութիւնս կը վերաբերի «անդրազգ» եզրոյթով Սփիւռքը բնորոշելու գաղափարին։
Սփիւռք-իմացութիւնը իր երկրէն դուրս ապրող հայերու ամբողջութիւնը չէ։ Երկրէն դուրս եկող ամէն հայ կ՚անցնի շատ բարդ ընկերային եւ հոգեբանական փորձառութիւններէ Սփիւռքին մաս կազմելէ առաջ։ Ասիկա շատ բարդ եւ շատ անձնական գործընթաց մըն է, որուն հոլովոյթը անկարելի է չափագրութեան ենթարկել։ Միաժամանակ ան յարատեւօրէն փոփոխական է եւ տարերային։ Սփիւռքը այդ տարերային իրավիճակէն ծնող գիտակցական կարգավիճակն է։
Սփիւռքը հայրենիքէն դուրս ապրող հայերու կորիզ մըն է, որ ձեւաւորուած է ազգային հրամայական մը ներկայացնող նպատակի մը շուրջ։ Ինչպէ՞ս ճշտել այդ կորիզին իրական սահմանները։ Ասիկա խնդիր մըն է, որ դեռ կը կարօտի գիտական աշխատանքի։ Այդ աշխատանքին մեկնարկը դեռ տեղի չէ ունեցած։ Եղած են քանի մը մասնակի փորձեր։ Մինչ այդ, սակայն, իմացաբանական (conceptual) հողի վրայ ունինք ամբողջ գրականութիւն մը – յաճախ մեծապէս գիտակ հեղինակներու գրիչէն –, որ կը ջանայ լոյս սփռել Սփիւռք-իմացութեան էութեան վրայ։ Առայժմ բաւարարուինք այս իմացաբանական գործիքակազմով։
Իմ առաջարկած թէզս կը հիմնուի Սփիւռքի հաստատութենական համակարգի (institutional order) կենսագործունէութեան դիտարկումներուն վրայ։ Այստեղ «հաստատութիւն» եզրը գործածուած է որպէս համազօրը ընկերաբանութեան մէջ յայտնի institution իմացութեան։ Զայն պէտք չէ շփոթել Սփիւռքի մէջ գործող անհամար կազմակերպութիւններու իրականութեան հետ։ Իմ քննարկումներուս եզրակցութիւնը եղած է այն, որ ժամանակակից Սփիւռքը իր աւելի քան հարիւրամեայ փորձառութեան բովին մէջ ինքզինք ամրացուցած է հինգ հաստատութիւններու փոխ-ներգործօն (cross-fertilizing) կառոյցի ոլորտին մէջ։ Այդ հաստատութիւններն են ԸՆՏԱՆԻՔԸ, ԵԿԵՂԵՑԻՆ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԸ (իմա՛ կուսակցութիւնը), ԴՊՐՈՑԸ ԵՒ ՄԱՄՈՒԼԸ։ Ուրիշը գոյութիւն չունի։ Ի տարբերութիւն մեր Սփիւռքին, հրէական սփիւռքը ստեղծած է նաեւ տնտեսական հաստատութիւնը։ Մենք այդ մէկը չենք կրցած ստեղծել։ Հետեւաբար Հայկական Սփիւռքի հանրային ֆինանսները ձգուած են պատահականութեան եւ ենթակա՛յ՝ հակաճգնաժամային գործողութիւններու (crisis management)։ Կ՚ուզեմ նաեւ ընդգծել, որ Սփիւռքի մեծ ու փոքր կազմակերպութիւնները կը գործեն վերոյիշեալ հաստատութենական համակարգի աւազանին մէջ։ Իսկ այս համակարգի ներքին գործունէութեան մասին արդէն խօսած եմ նախորդ յօդուածիս մէջ։
Աւելցնեմ, որ այս համակարգը դեռ չէ ենթարկուած գիտական համապատասխան գնահատականի։ Նման գնահատականը կ՚ենթադրէ այդ գործին յատուկ հիմնարկի մը ստեղծումը, որ յուսամ պիտի ծնի ներկայ օրերու հաւաքական որոնումներէն։
Իմ եզրակացութիւնս այն է, որ Սփիւռք-իրականութիւնը կ՚ըսկսի կեանք առնել այն իսկ կէտին վրայ, երբ երեւան կու գան երկրէն հեռացած մարդուն ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ։ Իր արմատներէն խզուած հայուն քաոսային մտապրկումներէն ծնող հոգեբանական վիճակներն են, որոնք նոր հրամայականներու առջեւ կը դնեն զինք։ Օրը-օրին առնուող որոշումներու բարդ աղիւսա՛կ մը՝ որ կը բիւրեղացնէ Սփիւռքի մարդուն ազգային յանձնառութիւնը (commitment)։ Սփիւռք չես ըլլար պատահականութեամբ։ Սփիւռք կ՚ըլլաս որոշումով եւ ընտրութեամբ (by choice)։ Ընտրութիւններու այս տարերոյթին (dynamics) մէկ բեւեռը ամբողջական խզումն է ազգայինի ոլորտէն։ Իսկ հակադիր բեւեռը կէթոյական մտավիճակն է։ Սփիւռքը կը գտնուի այս երկու բեւեռներուն միջեւ։ Պատմական փորձը ցոյց տուած է, որ Սփիւռքը էապէս կը մերժէ կէթոյական բեւեռը երբեմն անոր մօտենալով հանդերձ։ Անոր հաստատութենական համակարգը մեկուսացում չ՚ենթադրեր։ Կէթօ չէ։ Ան կ՚ենթադրէ յաջող համակեցութիւն մը շրջապատող մշակոյթին հետ։ Սփիւռքի համակարգը ընդհանրապէս իրապաշտ համակարգ մըն է, բայց նաեւ անվիճելիներու վրայ հիմնուած ուժեղ յանձնառութեամբ գոյատեւող։
Երկրէն դուրս գտնուող ամէն հայորդի՝ ի՛նք կ՚որոշէ, թէ ի՞նչ խորութեամբ, ի՞նչ բնոյթի եւ իր կեանքի ո՞ր կէտերուն վրայ որքա՞ն բաժին պիտի վերցնէ ազգային ընդհանուր պատասխանատւութենէն։ Ճիշտ է Րաֆֆին։ Իմաստուն Սփիւռքը ամէն ճիգ պիտի ընէ իր մագնիսութեան դաշտը տեւաբար ընդլայնելու։ Եւ այդ մէկը կարենալ ընելու համար՝ Սփիւռքը պիտի կարենայ յեղափոխել ինքզինք։ Շահան Շահնուր շատ դիպուկ բնորոշում մը ունի Սփիւռքի մարդուն հոգեբանական կացութեան մասին։ Մենք, կ՚ըսէ ան, ոչ միայն յառաջապահ ենք, այլ միաժամանակ՝ պա՛հ ենք…Իմ կարծիքով, այս երկու բեւեռային առաքելութիւնները մենք միացուցած ենք մեր խորքային անհատականութեան մէջ։ Մեր ինքնութիւնը անխաթար պահելով եւ միաժամանակ զայն ի սպաս դնելով մեր կացութիւնը փոխելու մեր յանձնառութեան՝ մենք ամէն օր ճակատ կը յարդարենք մեզ այլասերելու կոչուած մեծապետական ուժերու քաղաքականութեան դէմ։ Եւ անշուշտ միշտ չէ, որ կը յաջողինք այս պայքարին մէջ։
Բնական է, որ Սփիւռքի ներքին կորիզէն դուրս գտնուող ամբողջ հասարակութիւն մը գոյութիւն ունի աշխարհով մէկ, որուն կեանքին մէջ «հաւատարմութիւնները» պառակտուած են։ Բնական է նաեւ, որ մեր ազգային լինելիութեան ռազմավարութիւնը չի կրնար անտեսել այդ շատ կարեւոր ազգաշերտը։ Եւ անշուշտ չ՚անտեսեր։ Ընդհակառա՛կն։ Այնուամենայնիւ մեր վաղուան մտատեսիլը ամէն օր աւելի եւ ամէն գնով պիտի ընդգրկէ ամբողջութիւնը այդ բարդ իրականութեան, եթէ նոյնիսկ այդ կատարելութեան կարելի չըլլայ հասնիլ։ Եւ ճիշտ այդ պատճառով մեր բառապաշարէն պիտի հեռու վանենք «անդրազգ» եզրոյթը, որ ըստ իս հեռու է լուսաբանելէ մեր իրականութիւնը։Եւ այդ իրականութենէն բխող առաքելութի՛ւնը։ ՍՓԻՒՌՔԸ ՀՍԿԱՅ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԻ ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԻՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ԵՒ ԱՅԴ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՏԵՂ ՉԿԱՅ «ԱՆԴՐԱԶԳ» ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ՄԸ։ ԵՒ ԱՅՍՏԵՂ ՊԷՏՔ Է ԿՐԿՆԵԼ ՐԱՖՖԻԻՆ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ «ՈՎ ՈՐ ԻՆՔԶԻՆՔ ՀԱՅ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՏԵՂ ՈՒՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ»։ ԱՅՈ՛, ՈՎ ՈՐ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ԻՐ ՁԵՒՈՎ ԵՒ ԻՐ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԲԱԺԻՆ ՎԵՐՑՆԵԼՈՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՒՈՒԹԵՆԷՆ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ՍՓԻՒՌՔԻՆ։ Եւ ան ԱԶԳ է իր ազգային յանձնառութեամբ, ԱՆԴՐԱԶԳ չէ։ Անոր համար նոր ստորոգութիւն (category) մը ստեղծելու երբեք կարիքը չկայ։ Իր տոկոսային մասնակցութիւնը կարգավիճակի վերածելու գիտական անհրաժեշտութիւնը չեմ տեսներ ես։
Այս առումով է, որ խնդրոյ առարկայ կը դարձնեմ «անդրազգ» եզրոյթի կիրառական պիտանիութիւնը։ Ինչպէս ըսի, այդ եզրոյթը պէտք է վերապահել համաշխարհային հիմնահարցերու ոլորտին։
Եզրակացութի՛ւն։ (ա) Սփիւռք ըլլալ կը նշանակէ կերտել ազգային ինքնութեան հարազատ կեցավայր մը Հայրենիքէն դուրս եւ աշխարհակարգի բարդ գործընթացներու ոլորտին մէջ։ Կեցավա՛յր մը՝ որ հնարաւոր կը դարձնէ մեր ազգային լինելիութեան (Հայրենիք-Սփիւռք միացեալ) պայքարի հետապնդումը։ (բ) Սփիւռք ըլլալ նաեւ կը նշանակէ միաժամանակ յաջողապէս ամրանալ շրջապատող մշակոյթներու կեանքին մէջ որպէս լիարժէք գործօն եւ լիովին մաս կազմել նաեւ այդ քաղաքական իրականութեան։ (գ) Սփիւռք ըլլալ կը նշանակէ այդ երկու քաղաքական առաջնահերթութեանց եզրերը ՄԵԾ ՀԱՆՃԱՐՈՎ համաձուլել իրարու եւ գործել այդ բազմաշերտ եւ հզօր քաղաքական դաշտին մէջ ՂԵԿԱՎԱՐ դիրքերէ։
Ուաշինկթըն