Կովսականի մէջ բացումը կատարուած է ՀՅԴ երիտասարդական կեդրոնի

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէներու համագործակցութեամբ եւ ամերիկաբնակ բարերարներ Վարդան եւ Սոնա Ֆնտգեաններու հովանաւորութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաքին մէջ բացումը կատարուած է ՀՅԴ «Թորլաքեան եւ Ֆնտգեան» երիտասարդական կեդրոնին:

Հոկտեմբեր 14-ին կայացած երիտասարդական կեդրոնին պաշտօնական բացումն ու յանձն առուած ծրագիրը ամփոփելու նպատակով Հոկտեմբեր 15-ին ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոն այցելած են ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեանն ու բարերարներ Վարդան եւ Սոնա Ֆնտգեանները՝ ուղեկցող անձերու հետ:

Ամերիկայէն ժամանած հիւրերը ընդունած են ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանն ու ԿԿ անդամ Վահագն Տատայեանը:

Հանդիպման ընթացքին Դաւիթ Իշխանեան նշած է, որ Արցախի հարաւային շրջանի ամրապնդումը ռազմաքաղաքական անհրաժեշտութիւն է:

Իսկ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցի աշխատանքները Արցախի մէջ չեն սահմանափակուած միայն երիտասարդական կեդրոնի բացումով: ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի «Արմէն Գարօ» կոմիտէութեան «Երկիր» յանձնախումբի հովանաւորութեամբ Արցախի Մարտունիի շրջանին մէջ տեղադրուած է 30 այլընտրանքային ջրատաքացման համակարգ, բացի անկէ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցը իրականացուցած է նաեւ տնտեսական այլ ծրագիրներ:

«Մենք ունինք «Հայրենիքի ծրագիրներ» յանձնախումբ, որ կը զբաղի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներ իրականացնելու աշխատանքներով: Կովսականի երիտասարդական կեդրոնը վերը նշեալ յանձնախումբին ծրագիրներէն է, եւ ես յոյսով եմ, որ այս բարեգործութիւնը օրինակելի կը դառնայ», ըսած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի ԿԿ կազմակերպական ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան:

Արցախի ազատագրուած Կովսականի մէջ, Նեմեսիս գործողութեան մասնակից Թորլաքեանի եւ Ֆնտգեանի անուններով անուանակոչուած երիտասարդական կեդրոնը իրականացած է Լոս Անճըլըսի մէջ բնակող նախկին օդանաւաշինութեան ճարտարապետ Վարդան Ֆնտգեանի հովանաւորութեան շնորհիւ: Արցախի մշտական այցելուն ըսած է, որ Արցախը ամէն անգամ իւրովի հաճոյք կը պատճառէ իրեն:

«Ես գլուխը գովող անձ չեմ, չեմ սիրեր խօսիլ ըրածներուս մասին, քանզի անոնցմէ ոչ մէկ հաճոյք կը զգամ, բայց Արցախի մէջ կայ մէկ բան, որ ամէն անգամ ինծի հաճոյք կը պատճառէ: Այդ մշտապէս ընթացող շինարարութիւնն է, փոփոխութիւնն է, նոր կառոյցներն ու շէնքերն են, որոնք մխիթարանք են հայրենիքէն հեռու ապրող հայու համար», ըսած է Ֆնտգեանը եւ վստահութիւն յայտնած, որ երիտասարդական կեդրոնի ծրագիրը իր վերջին հովանաւորութիւնը պիտի չըլլայ:

Խորհել եւ մտածուելու է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ աշխատատեղերու հնարաւորութիւն ընձեռող ծրագիրներու մասին՝ այդպիսով իր ներդրումը ունենալով Արցախի բարգաւաճման եւ արցախցիներու կեանքի որակի բարելաւման գործին:

Լուսինէ Թեւոսեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.