«Կիւմրիէն Երեւան քալողները» աւելի քան մէկ տարի անց. հարցազրոյց քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեանի հետ

«Յեղափոխութիւն» կոչուող քաղաքան շարժումէն ետք, աւելի քան մէկ տարի առաջ գործի անցած նոր իշխանութեան օրերուն, Հայաստան այսօր արտաքին եւ ներքին ի՞նչ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի, ի՞նչ միտումներ ունի նոր իշխանութիւնը, ինչպէս պէտք է հակազդել անոնց նկրտումներուն։ Այս բոլորի մասին «Հորիզոն»ը զրուցած է քաղաքագէտ, «Ոսկանապատ» վերլուծական կեդրոնի ղեկավար՝ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեանի հետ։

Հ- Դուք այն քաղաքական գործիչն էք, ով առաջին իսկ օրէն մտահոգ էր՝ ձեր բնութագրութեամբ, քաղաքական ժամանակակից ընկալումով միայն յեղափոխութիւն կոչուող այն շարժումով, զոր իրականացուցին «Կիւմրիէն Երեւան քալողները»։ Այսօր՝ աւելի քան մէկ տարի անց, ձեր կարծիքով այսօր Հայաստան արտաքին եւ ներքին ի՞նչ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի։

Պ- Այո՛, ես եղած եմ եւ կը շարունակեմ ըլլալ Հայաստանի այն քաղաքացիներէն մէկը, որ ի սկզբանէ կը հասկնար, թէ անցած տարուան Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները սոսկ իշխանափոխութիւն չէին, այլ պետութեան հիմքերը քայքայելուն ուղղուած հզօր շարժման շարունակութիւն։

Դուք դատեցէք՝ մարդիկ, ովքեր տարիներ շարունակ կը քննադատէին ու կը վարկաբեկէին Հայկական բանակը, Հայ եկեղեցին, մեր հերոսները, կենսակերպը եւ այլն, միաւորուած ու միասին իշխանափոխութիւն իրականացուցած են։ Ինչպէ՞ս կրնայի չմտահոգուիլ այդ իրողութեամբ։ Առանց որեւէ քաղաքական ծրագրի, առանց տնտեսական զարգացման տեսլականի, առանց անվտանգութեան մասին պատկերացումներու… Անոնք պարզապէս հանդէս կու գային գոյութիւն ունեցող ամէն ինչը մերժելու, կազմաքանդելու կոչերով եւ հասարակութիւնը բաժնելով սեւերու եւ սպիտակներու։

Եւ հիմա, երբ այդ իշխանափոխութենէն մէկուկէս տարի անցած է, ցաւօք, կը փաստենք, որ ժողովուրդը Հայաստանի մէջ այլեւս միասնական չէ։ Ամէնուր կը գերիշխէ ատելութեան մթնոլորտը՝ անհնար դարձնելով թէ՛ հասարակական գործընթացներու բնականոն ընթացքը եւ թէ՛ պետակա՛ն կառոյցներու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը։ Ասիկա ամենամեծ մարտահրաւէրն է, որ այսօր առկայ է մեր երկրին մէջ։

Ես, բնականաբար, կրնայի խօսիլ նաեւ արտաքին գործընկերներու՝ մասնաւորապէս Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական երկիրներու հետ յարաբերութիւններու վատթարացման մասին, այն մասին, որ Արցախի հարցով Փաշինեանի քաղաքականութիւնը թոյլ տուաւ Ատրպէյճանին խուսափիլ Ապրիլեան պատերազմի պատասխանատուութենէն եւ այլն, բայց կարծեմ այս պահուն բոլորիս ամենաշատը կը յուզէ ներքին միասնականութիւնն ու ատելութեան յաղթահարումը։

 

Հ- Ներկայ Իշխանութիւնը, որ ընդդիմադիր եղած ժամանակ բարձրակոչ հանդէս կու գար ըսելով՝ պէտք է գործել օրէնքի սահմաններէն ներս։ Արդեօք այսօր ան կը գործէ՞ իր կոչերուն համաձայն եւ ինչո՞ւ։

Պ- Ներկայ իշխանութիւնը որեւէ բան չի յիշեր այն ամենէն, ինչ կ’ըսէր մինչ յեղաշրջումը։ Թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան ամենակարեւոր հարցերով Փաշինեանի կառավարութիւնը հանդէս կու գայ իր նախկին մօտեցումներուն տրամագծօրէն հակառակ դիրքերէն։ Այս հարցը Հայաստանի մէջ այլեւս չի քննարկուիր։ Բոլորը հասկցած են, որ Փաշինեանը, պիտի չկատարէ իր խոստումները, եւ կարծես, համակերպուած են այդ մտքին հետ։

Բայց ատիկա չէ ամենակարեւորը։ Մտահոգիչը այն է, որ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները սկսած են կամընտրական մօտեցում ցուցաբերել քաղաքացիներու նկատմամբ։ Նոյն արարքի համար իշխանամէտ քաղաքացին անգամ չի տուգանուիր, մինչդեռ ընդդիմադիր գործիչը կը հալածուի եւ կը ձերբակալուի։ Դատաւորներուն հետ կապուած վերջին օրերու իրադարձութիւնները ըսուածին վառ ապացոյցն են։ Մէկ պարագային իշխանամէտ ցուցարարները հրած ու պատուհանէն վար ձգած են դատաւոր Բալայեանը, բայց մնացած են անպատիժ։ Իսկ երկու երիտասարդները, որոնք փողոցի մէջ ընդամէնը փորձած են հարց ուղղել Ռ. Քոչարեանի գործով դատաւորին, կալանաւորուած են։

 

Հ- Հիմնական ինչ հակասութիւններ կը նշէք ներկայ իշխանութեան խօսքերուն (երբ ընդդիմադիր էին) եւ գործերուն միջեւ (երբ իշխանութիւն են)։

Պ- Օրինակները շատ են՝ սկսած անկէ, որ Փաշինեանը կը քննադատէր Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի անդամակցութենէն, աւարտելով երկրի ճանապարհներուն արագաչափ սարքերու տեղադրումով։ Իշխանութեան գալէն ետք երկու պարագային ալ Փաշինեանը վարուած է ճիշդ հակառակ կերպ՝ առաջին պարագային յայտարարելով, որ ԵԱՏՄ-ն չափազանց կարեւոր է Հայաստանի համար, երկրորդ պարագային ալ՝ աւելցնելով արագաչափ սարքերուն քանակը։

Նոյնկերպ Փաշինեանը կը քննադատէր նախկին իշխանութիւնները մտերիմ մարդոց այս կամ այն պաշտօններուն նշանակելու համար։ Կամ անձնական կարիքներու համար պետական գումարները վատնելու եւ այլն։ Հիմա Փաշինեանի աներձագը պատգամաւոր է, քաւորը քաղաքապետ եւ այլն։ Իսկ իր ընտանիքի ծախսերու համար պետութենէն ստացուող գումարները արդէն աստղաբաշխական են։ Միայն իր տան վերանորոգման համար պետութիւնը վճարած է մօտ 2 միլիոն ամերիկեան տոլար գումար։ Հայաստանի տարածքին վարչապետը յաճախ կը ճամբորդէ ուղղաթիռով, իր հեղինակած երկտողը ամբողջ Հայաստանի մէջ տարածելու համար իր իսկ ընկերոջ վճարած է հարիւր հազար ամերիկեան տոլար եւ այդպէս շարունակ։

 

Հ- Ձեր կարծիքով ինչի՞ն միտուած էր յատկապէս մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութիւններուն ճակատագիրը՝ մէկուն միաւորումը կրթութեան նախարարութեան, իսկ միւսին լուծարումը։

Պ- Պաշտօնական վարկածը՝ պետական ոլորտէն ներգրաւուած աշխատակիցներու օպտիմալացումն է (կրճատում արդիւնաւէտութեան նպատակով)։ Իբր թէ՝ Կառավարութեան աշխատակազմը ուռճացուած է, եւ տարբեր գերատեսչութիւններ իրար միացնելով հնարաւոր կ’ըլլայ մարդկային եւ գումարային հնարաւորութիւնները խնայել։ Բայց ըսեմ, որ ընդհանուր առմամբ այդ «օպտիմալացման» արդիւնքով պետական աշխատակիցներուն թիւը ոչ թէ կրճատուած է, այլ աւելցած։ Իսկ Սփիւռքի, մշակոյթի, գիւղատնտեսութեան եւ այլ կարեւոր ուղղութիւններու մէջ առկայ խնդիրները պարզապէս մնացին անտէր։

Ինչ կը վերաբերի Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութիւններու փաստացի լուծարման, ապա կը կարծեմ՝ անոր իրական պատճառը մշակոյթի եւ Սփիւռքի կարեւորութեան չգիտակցումն է Փաշինեանի իշխանութեան կողմէ։ Անոնք երբեք յատուկ ուշադրութիւն չեն դարձուցած այդ ոլորտներուն, չեն խօսած այդ մասին, հիմա ալ կը մտածեն, որ Մշակոյթն ու Սփիւռքը այն կարեւորութիւնը չունին, որպէսզի առանձին նախարարութիւններ ունենան։

 

Հ- Դուք համոզուած էք, որ «Կիւմրիէն Երեւան քալողներ»ու նպատակը պետութեան ոչնչացումն է, ի՞նչ պէտք է ընել այս բոլորին հակազդելու համար։

Պ- Նախ եւ առաջ բարձրաձայնել երկրի մէջ առկայ խնդիրներու մասին։ Այնքան խօսիլ, մինչեւ ՀՀ իւրաքանչիւր քաղաքացի հասկնայ, որ խաբուած եղած ու ծառայած է վատ նպատակներու։ Մեզի պէտք են պետականապահպան ծրագիրներ ու օրակարգեր եւ այդ ծրագիրներուն աջակցող քաղաքացիներ։ Շատերը Հայաստանի մէջ արդէն կը տեսնեն, որ «դուխով» կարգախօսը այն չէր, ինչ պէտք է մեր երկրին։ 21-րդ դարը խելքովներու եւ ոչ թէ «դուխովներու» դարն է։ Արժանապատիւներու դարն է։ Արժանիներու դարն է։ Պարզապէս պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի մեր ժողովուրդի ամենաարժանի զաւակները կարենան իրենց ետեւէն տանիլ ՀՀ քաղաքացիները։ Ասիկա ժամանակի հարց է, բայց կարծեմ՝ լուծելի։ Ամէն պարագայի՝ պարտուելու իրաւունք չունինք. հարցը մեր երկրի «լինել-չլինել»ուն կը վերաբերի։

Հարցազրոյցը վարեց Նայիրի Մկրտիչեան Տաղլեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.