«ԿԸ ՅԱՂԹԵՆՔ» / «ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ». ՆԱՍԸՐ, ԿԱԼԹԻԵՐԻ, ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Խ. Տէր Ղուկասեան

Այն քաղաքական գործիչը, որ տարիներ Ազգային Ժողովի պատգամաւորի իր դիրքէն հանդէս եկաւ որպէս անկեղծ, համարձակ և իր սկզբունքներուն վրայ հաստատակամ ընդդիմադիր, հասկցաւ օլիկարգային համակարգի ծնունդ տուած հասարակական խորունկ ցասումը և զայն քաղաքական դրամագլուխի վերածեց, կազմակերպեց ժողովրդային զօրաշարժ և իրականացուց անարիւն իշխանափոխութիւն որ յոյս տուաւ յեղափոխելու համակարգը, ժողովրդային քուէով ունեցաւ բացարձակ մեծամասնութիւն Ազգային Ժողովին մէջ, անցնող երկուքուկէս տարիներու իր իշխանութեան ընթացքին չունեցաւ և ոչ մէկ խոչընդոտ որոշումներ կայացնելու համար, քաղաքական այդ ղեկավարը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 9 Նոյեմբեր 2020ին ստորագրեց 44օրեայ Արցախեան պատերազմի պարտութեան եռակողմանի համաձայնագիր-յայտարարութիւնը:

Պատերազմը զօրաշարժի ենթարկեց համայն հայութիւնը, որ գիտակցելով հանդերձ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի և իսլամիստ վարձկաններու դէմ, շրջափակման, ամբողջ աշխարհի կողմէ լքուածութեան և ուժերու ահաւոր անհաւասարութեան պայմաններու մէջ մղուած օրհասական այս կռիւի ահաւորութեան, վստահեցաւ ու հաւատաց հայրենի ու արցախեան ղեկավարութեան ամենօրեայ հաւաստիացումներուն, աղօթքի նման և աղօթքի փոխարէն կրկնուող «Յաղթելու Ենք»ին, յանկարծ բախեցաւ դաժան իրականութեան պատին. պարտուել ենք:

Արաբ-իսրայէլեան Վեցօրեայ Պատերազմին (Յունիս 5-10, 1967) ամբողջ տևողութեան, պատերազմի մասնակից երեք արաբ երկիրներու՝ Եգիպտոս, Յորդանան և Սուրիա պետական բացարձակ վերահսկողութեան տակ գտնուող մամուլն ու պատկերասփիւռը ի լուր ժողովուրդին և ամբողջ արաբական աշխարհին կը վստահեցնէր որ պատերազմը կը յաղթէին: Վերջին օրը, երբ արդէն անկարելի էր ժխտել ջախջախիչ պարտութիւնը, Եգիպտոսի նախագահ՝ Կամալ Ապտըլ Նասըր, 20րդ դարու ամենաեզակի և ամենաժողովրդական արաբ ղեկավարը, ելոյթ ունեցաւ պատկերասփիւռէն, փոխանցեց դաժան լուրը, և ներկայացուց իր հրաժարականը: Եգիպտացի բեմադրիչ Եուսուֆ Շէհինի ալ-Ուսֆուր (Թռչունը, 1972) ժապաւէնի նախավերջին տեսարանը Նասըրին ելոյթն է պատկերասփիւռէն, պարտութեան լուրի փոխանցումը և հրաժարական տալու իր որոշումին հաղորդումը: Պարտութեան իրականութեան պատին բախելու ամբողջ ողբերգական տռամը կը տեսնուի ժապաւէնի կեդրոնական կին կերպարին՝ Պահիյայի (Մուհսինա Թաուֆիք) դէմքի արտայայտութեան վրայ: Ժապաւէնը հոն չի վերջանար: Վերջին տեսարանը փողոցները ողողած ժողովուրդն է որ Նասըրէն կը պահանջէ մնալ իշխանութեան վրայ, բարձրաձայն կը հաստատէ պայքարը շարունակելու իր կամքը, մինչ ժողովրդային բարկութեան ի տես պետական այրերը, իշխանութեան տարբեր մակարդակներու փտտածները, սարսափած ետ կ’երթան:

Շէհին Նասըրի մեծ հիացողներէն էր, այն արուեստագէտ մտաւորականներէն որոնք խանդավառուեցան ազգային ազատագրութեան և ժողովրդային լայն խաւերու, յատկապէս գիւղացիներուն, կեանքի պայմաններու բարելաւման յոյսով որուն մարմնաւորումը եղած էր ան: Ալ-Ուսֆուրի պատգամը խորքին մէջ արաբական աշխարհի, և ընդհանրապէս ամբողջատիրական համակարգերու, մէջ համեցող այն թերևս անկեղծ բայց այնուամենայնիւ միամիտ համոզումն է, որ ժողովրդականութիւն ունեցող ղեկավարը զերծ է ամէն ախտէ, և նոյնիսկ եթէ երկիրը կրէ ծանր պարտութիւն այպանելին զինք շրջապատող, իրեն անարժան, ժողովուրդին դաւաճան և ընդհանրապէս նախկին իշխանութիւններէ մնացորդ քաղաքական փտտած աւելցուքներն են: Կը մնայ որ Շէհին ինք այնքան միամիտ մտաւորական արուեստագէտ մը չէր, ոչ ալ, որպէս էապէս ազատամիտ ստեղծագործ, ամբողջատիրութիւններու կոյր հաւատացող մը: Ալ-Ուսֆուրը Նասըրի մահէն յետոյ պատրաստուած և ցուցադրուած է, երկրի մէջ իշխանութեան վրայ էր Անուար ալ-Սատաթը, Նասըրի մօտիկներէն, Նասըրի ստեղծած զինուորաքաղաքացիական համակարգի գլխաւոր ղեկավարներէն, այսինքն՝ Նասըրի մահէն յետոյ համակարգը շարունակուած էր -և կը շարունակուի մինչև օրս… Այդ իսկ պատճառով, ալ-Ուսֆուրը գլխու ցաւ բերաւ Շէհինին: Համակարգի պահապանները հոն տեսան իշխանութիւններուն մէջ տիրող փտտածութեան քննադատութիւն, և բեմադրիչը մեծ դժուարութիւններու առջև գտնուեցաւ յաջորդ տարիներուն:

Անկախ ժապաւէնի այդ պատգամէն ու իր մեկնաբանութենէն, Վեցօրեայ Պատերազմը ջրբաժան եղաւ Միջին Արևելեան քաղաքական գործընթացին մէջ: Համարաբականութիւնը մահաքունի մէջ մտաւ 1967էն յետոյ: Արաբական աշխարհի մէջ նոր Նասըր մը չյայտնուեցաւ և անոնք որոնք փորձեցին այդ դերը կապկել, խօսքը յատկապէս Լիպիոյ բռնատէր Մուամմար Քազզաֆիի մասին է, բայց նոյնը կարելի է ըսել նաև Սատտամ Հիւսէյնի մասին, ոչ միայն չարաչար ձախողեցան այլ պատուհաս դարձան իրենց իսկ երկրին ու ժողովուրդին: Յաջորդ տասնամեակներուն արաբական թատերաբեմի կեդրոնը կը թուէր ըլլալ Պաղեստինի Ազատագրական Կազմապերպութիւնն ու իր ղեկավարը՝ Եասէր Արաֆաթ, բայց անոնք ալ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ճահիճին մէջ կամովին մխրճուելէ յետոյ որպէս այդ պատերազմը հրահրող դերակատար վերջնականապէս հեռացուեցան քաղաքական թատերաբեմէ 1982ի իսրայէլեան Լիբանան ներխուժումէն յետոյ: Համարաբականութեան ձախողութիւնը ուղի հարթեց իսլամականութեան դանդաղ բայց հաստատ վերելքին ու ինքնահաստատման իր տարբեր դէմքերով: Պատերազմի արդիւնքը, մէկ խօսքով, խորքային փոփոխութիւններու առաջնորդեց աշխարհաքաղաքական, ինքնութենական և հասարակական իմաստով:

Պատերազմին յաղթելու և պարտութեան դառն մրուրը յանկարծ ճաշակելու ողբերգութիւնը ապրեցաւ նաև Արժանթինի ժողովուրդը:

1976 Մարտ 24-ին պետական հարուածով իշխանութիւնը զաւթած զինուորական խունթան յաջորդ 7 տարիներուն, պատրուակելով կերիլլային դէմ «պատերազմ»ը, հալածանք սկսաւ ի մասնաւորի աշխատաւորական արհմիութիւններու, մտաւորականներու, մարդկային իրաւանց պաշտպաններու և, ընդհանրապէս, զինուորական բռնատիրութիւնը քննադատողներուն դէմ: Այդ հալածանքը նշանակեց երեսուն հազարի չափ «անհետացածներ»ու -յատուկ խմբաւորումներու կողմէ առևանգուած քաղաքական գործիչներ, արհմիութենական ղեկավարներ, շարքային քաղաքացիներ… որոնք կը տարուէին յատուկ արգելավայրեր, ուր ահաւոր տանջանքներու ենթարկուելէ յետոյ յաճախ ողջ-ողջ կը նետուէին Լա Փլաթա գետին կամ ովկիանոսին բացերը: Երկար տարիներու պայքարէ, բանավէճէ ու դատական գործընթացերէն յետոյ Արժանթինի մէջ զինուորական բռնատիրութեան մասսայական ոճիրը բանաձևուեցաւ որպէս «ցեղասպանութիւն»:

Բայց այս հալածանքը միայն քաղաքական-գաղափարախօսական դրդապատճառ չունէր: Չիլէէն յետոյ Արժանթինը այդ օրերուն վերածուեցաւ նէօլիպերալ տնտեսութեան տեսութիւններու փորձարկման տարրալուծարանի, ընդ որում երկրին մէջ յատկապէս 1946էն  յետոյ ամրագրուած սոցիալական պետութիւնն ու արտադրութեան վրայ հիմնուած տնտեսակարգի քայքայումը և, անոր զուգահեռ, ազատշուկայակայնութեան տոկմայի հաստատագրումը պիտի փորձարկուէր: Անոր համար ալ նախ և առաջ անհրաժեշտ էր արհմիութիւններու ողնահարը կոտրել, և զինուորական բռնատիրութիւն մը կրնար այդ ընել առանց ժողովրդային արտօնութեան, առանց սահմանադրական սահմանափակումներու, առանց հաշուետւութեան և ամենայն անպատժելիութեամբ: Մալվինեան պատերազմի նախօրեակին, սակայն, զինուորական բռնատիրութեան տնտեսական քաղաքականութեան ձախողութիւնը արդէն բացայայտ էր. երկրի արտաքին պարտքը անպատասխանատու կերպով աւելցած էր շնորհիւ փեթրոտոլարներու հոսքով միջազգային դրամատուներու առաջարկած շատ ցած շահոյթներով փոխատւութիւններուն, հարստութիւնը աւելի կեդրոնացած էր և գնաճը արդէն սկսած էր սպառնալի կերպով աւելնալ: Ապրիլ 2, 1982էն երկու օր առաջ արհմիութիւնները կազմակերպեցին հսկայ զօրաշարժ մը Նախագահական Պալատին դիմաց և զինուորականները վայրագօրէն ճնշեցին և ցրուեցին զօրաշարժը: Ապրիլ 2ին Արժանթին սկսաւ պատերազմական գործողութիւններուն: Անկեղծ ու միամիտ ազգայնականութիւն թէ խաբուածութիւն՝ ժողովրդային հսկայական ցոյց մը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց զինուորական Խունթային, որ, այն ժամանակ, կը գլխաւորէր ծովակալ Լէօփոլտօ Ֆորթունաթօ Կալթիերի: Այս վերջինին բացառիկ սէրը ուիսքիին հանդէպ ծանօթ էր, բայց ոչ մէկ ալքոլամոլութիւն այնքան կը թմրեցնէ քաղաքական ղեկավարի մը ուղեղը որքան գինովցած, «խելագարած», ամբոխներու զօրակցութեան զանգուածային ցուցադրութիւնը, որպէս հերոս պատմութեան անցնելու իր փառքը…

Կալթիերի և զինուորական կառավարութիւնը պատերազմի աւելի քան երկու ամիսներու ընթացքին յայտարարեցին, և զինուորական ամբողջական վերահսկողութեան տակ գտնուող մամուլը կրկնեց՝ «կը յաղթենք»: Երբ Արժանթին յանձնուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ, ոչ միայն յայտնի դարձաւ որ պատերազմին պարտուած էր, Մալվինեան ազգային դատը կորսցուցած էր ՄԱԿի մէջ իր արձանագրած առաջընթացը, այլ բացայայտուեցաւ զինուորական բռնատիրութեան ամբողջ արհաւիրքը, տնտեսութեան քանդումը, պետական հաստատութիւններու բովանդակազրկումը և շարքային քաղաքացիներ անհետացնող, չարչարող և սպաննող «ներքին թշնամի»ին դէմ «աղտոտ» պատերազմի մէջ «յաղթող» զինուորականներու ոտաբոպիկութիւնը իրենց հիմնական մասնագիտութեան՝ իրական պատերազմ մը յաջող կերպով մղելու գործին մէջ: Զինուորական կառավարութիւնը կղզիներուն բռնի ուժով վերատիրանալու որոշումը առած էր որպէս վերջին փորձ տնտեսական ձախողութենէն յետոյ իր անկումը կասեցնելու և իշխանութեան վրայ մնալու:

Մալվինեան պատերազմը իր խոր անդրադարձը ունեցաւ ամբողջ Հարաւային Ամերիկայի տարածաշրջանին վրայ: Անկիւնադարձ եղաւ ժողովրդավարացման գործընթացին, երբ պատերազմէն յետոյ Ռեկընեան վարչակարգը դադրեցուց զինուորական կառավարութիւնները նկատի ունենալ որպէս «դաշնակից»: Մալվինեան պարտութիւնը անկիւնադարձ եղաւ մանաւանդ Արժանթինի համար: Ժողովրդավարութիւնն ու մարդկային իրաւունքներու յանձնառութիւնը խոր արմատներ նետեցին և, հակառակ յաջորդ տարիներուն տարբեր ժամանակներու տնտեսական փլուզումներուն, ժողովրդավարական համակարգն ու ներքաղաքական թէ արտաքին քաղաքական օրակարգի վրայ մարդկային իրաւանց յանձնառութիւնը ամրագրուեցաւ անկախ թէ ի՛նչ քաղաքական ուժ իշխանութեան վրայ ըլլայ: Մալվինեան կղզիներու ազգային դատը մոռացութեան չմատնուեցաւ: Հակառակ պատերազմի պարտութեամբ իր զօրաւոր ետընթացին, մնաց դիւանագիտական օրակարգին վրայ և հետապնդումի առարկայ է: Կը բացառուի միայն բռնի ուժի օգտագործումը, որ 1994ին ամրագրուեցաւ Սահմանադրութեան մէջ:

Պատերազմի պարտութեամբ համակարգային և քաղաքական մշակոյթներու փոփոխութեանց պարագաները քիչ չեն միջազգային յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ: Ինչ որ Եգիպտոսի և Արժանթինի օրինակը յատուկ կ’իմաստաւորէ Արցախեան պատերազմի մասին խորհելու պահուն «կը յաղթենք» / «յաղթելու ենք» խաբկանքն ու իրականութեան յանկարծական գիտակցումի շոքին անդրադարձն է: Փաշինեան չունեցաւ Նասըրի քաջութիւնն ու արժանապատւութիւնը՝ հրաժարելու և քաղաքական հոլովոյթինու պատմութեան ձգելու իր պատասխանատւութեան գնահատանքը: Միւս կողմէ սակայն Հայաստանի մէջ քաղաքական ուժերն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը չունին այն ուժը որ արժանթինեան քաղաքական շրջանակներն ու քաղաքացիական զօրաշարժը ցուցաբերեցին 1983ին՝ մերժելու զինուորական իշխանութեան հետ բանակցելու՝ սահմանադրական կարգերու վերահաստատման անցումի հոլովոյթը և, նոյն տարին նախագահ ընտրուած Ռաուլ Ալֆոնսինի օրինակելի վճռակամութեամբ, 1976 – 1983 տարիներու բռնատիրութեան բոլոր պատասխանատուները դատի տուին: Թէ Փաշինեան տակաւին ունի աղանդաբար իրեն հաւատացողներու պատկառելի հետևորդներու հատուած մը՝ կասկած չկայ: Նոյնիսկ եթէ սոցիալական ցանցերէն մաքրուին ամէն ֆէյքերը: Առաւել՝ գերիներու ու անհատ կորածներու փաստն ու անոնց ճակատագրով մտահոգ ծնողներու ու հարազատներու անձկութիւնը հասկնալիօրէն ա՛յդ օրակարգի առաջնահերթութիւնն է որ կը կարևորէ քաղաքացիական հասարակութեան համար, և ոչ թէ Փաշինեանի հրաժարականը, ոչ իսկ պարտութիւնն ու անոր հետևանքները: Կայ, վերջապէս, հիմնական այլ գործօն մը. Արևմտեան ժողովրդավարութեան արժէքներով  համակարգային փոփոխութեան խոստումով իշխանութեան հասած Փաշինեանը փաստօրէն ստորագրեց համաձայնագիր մը, որով Արևմուտքը, այսինքն՝ Մինսքի երեք համանախագահներէն երկուքը՝ Ֆրանսա և ԱՄՆ, բոլորովին դուրս մնաց գործընթացէն, որուն վրայ Մոսկուան հիմա ունի բացարձակ տիրապետութիւն: Իսկ եթէ Մոսկուայի աշխարհաքաղաքական շահը, այսպէս կոչուած Լավրովի ծրագիրը որ գործադրուեցաւ այս պատերազմով, կը պահանջէ որ Հայաստանի մէջ իշխանութեան վրայ ըլլայ Փաշինեանին պէս մէկը, որուն համար անկարելի է իրեն թելադրուածէն տարբեր բան ընել, ինչո՞ւ պիտի ուզէ ուրիշ մէկը ունենալ որպէս խօսակից: Հարցի այս բանաձևումը չ’ենթադրեր Փաշինեանի իշխանութեան վրայ մնալու արդարացումը: Պարզապէս՝ դիտարկում մըն է իր հրաժարականի պահանջի դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Փաշինեան ինքնիրեն վեց ամիս տուած է պարտութիւնը բանականացնելու և անոր հիման վրայ իր իշխանութեան շարունակման անհրաժեշտութեան պատումը կառուցելու: Այդ պատումը ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակը անխուսափելիօրէն պիտի պատկերացնէ որպէս միակ կարելին և ատով սահմանէ/սահմանափակէ հայ ըլլալու հորիզոնը: Նման հեռանկարի հետ հաշտութիւնը մերժողներուն համար բաւարար չէ Փաշինեանին հրաժարականը, իրապաշտ չէ անտեսել Փութինին զգուշացում/սպառնալիքը, որուն համաձայն «անձնասպանութիւն» պիտի ըլլայ եռակողմանի համաձայնագիրը մերժել, բայց անհրաժեշտ է հայութեան լինելութեա՛ն հորիզոնի նոր պատում մը կառուցել:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.