Կեանքի աստուածապարգեւ յաղթանակը. Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեանի Ս. Զատկուան Պատգամը

«Ես եմ Յարութիւնը եւ կեանքը»

Բեթղեհէմէն մինչեւ Գալիլիա ու Երուսաղէմ…

Աստուածորդիին ձայնն է, որ կը լսուի՝ ԵՍ ԵՄ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ։

Գեթսեմանիէն մինչեւ Գողգոթա… Աստուածորդիին ձայնն է, որ կը լսուի դարձեալ՝ ԵՍ ԵՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ։

Նորափոր ու Կոյս տապանէն… Աստուածորդիին ձայնն է որ կը լսուի դարձեալ աւելի հաստատակամ՝ «Մի լար, ո՛վ կին, ես ողջ եմ…», «Մի Լար ցաւագին անմահը յարութիւն առաւ…»։

Հրաշափառ Յարութեան աւետիսն է, որ կը հնչէ դարձեալ ու կը տարածուի ամենուրէք։

Այսօր, երկինքի մէջ հրեշտակները կ’ուրախանան մարդոց համար եւ երկինքէն  իջնելով կը փոխանցեն աշխարհին մեծագոյն աւետիսը, թէ՝ ՅԱՐԵԱՒ ԱՍՏՈՒԱԾ։

Այսօր երկրի վրայ ապրող քրիստոնեաներս ի՞նչպէս կ’արձագանգենքայս աւետիսին, հակառակ տիրող անբնական, վտանգաւոր եւ անորոշ կացութեան. կ’ուրախանա՞նք, կը ցնծա՞նք հրաշալի այս լուրով, թէ «Խաչեալը Յարութիւն առաւ, ձեզ բոլորիդ Յարութիւն կը պարգեւէ» (Շարական)։

Այս հարցումը այսօր բոլորիս կ’ուղուի՝ ինծի եւ քեզի. յիրաւի կ’ուրախացնէ՞ այս աւետիսը եւ կամ ինչո՞ւ պէտք է ուրախացնէ։ Միթէ բոլորս ալ նոյն վախի զգացումը չունի՞նք, թէ վաղը՝ գալիքը ինչ անակնկալներով լեցուն է։ Անորոշութեան մէջ կը տուայտինք, թէ պիտի կարենա՞նք յաղթահարել կործանարար  համաճարակի բարդութիւններուն, անհատապէս եւ կամ հաւաքաբար։

Կարծէք Գեթսեմանի պարտէզին մէջ ենք այսօր աշակերտներուն հետ. մեզմէ ոմանք շուարած են, ուրիշներ անորոշութեան գիրկը խորասուզուած, շատեր՝ յուսահատ հոգեվիճակ մը կ’ապրին։ Կարծէք նորաբոյս համաճարակը այսօր առաւել եւս կը խորացնէ անկար, աղքատ, հիւանդ, գործազուրկ եւ կամ տարեց մարդոց դժուարութիւնը, ցաւն ու տառապանքը։

Այսօր, բոլորս ալ ինքնամեկուսացման մէջ ենք մեր տուներուն մէջ։ Այս ընթացքին, բոլորս ալ հասկցանք որ հաւասար ենք համաճարակին ստեղծած վտանգաւոր հարուածին դիմաց, բոլորս ալ տկար ու անկատար արարծներ ենք։ Վերջապէս, հասկցանք, որ մենք ինքնաբաւ չենք, կարիքը ունինք ուրիշ մարդոց եւ ուրիշներ ալ մեզի, մէկ խօսքով զիրար կարիքը ունինք։ Հապա, որքա՞ն կարիքը ունինք Փրկիչի մը, որ իր փրկարար ձեռքը երկարէ եւ մեզ ազատագրէ չարէն, աներեւոյթ թշնամիէն։

Հետեւաբար, պէտք է ցնծութեամբ լեցուինք, ուրախանանք,  որովհետեւ Աստուածորդին, մեր Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս կ’ազատագրէ մարդը մեղքի եւ մահուան գերութենէն, եւ ինչպիսի մեծ հրա՜շք, Միաշաբաթի առաւօտուն գերեզմանի դուռն անգամ՝ վէմը չկա՜ր, հրեշտակի ձայնն էր, որ կը լսուէր, թէ՝ Քրիստոս Յարութիւն առած է մեռելներէն եւ իր մահով յաղթանակ կը տանի մահուան վրայ եւ մեզմէ ընդմիշտ կը հեռացնէ մեղքը։

Պէտք է ուրախանանք, որ Քրիստոս մահը խափանեց եւ անմահութեան յոյսը եւ յաւիտենական կեանքի երաշխիքը տուաւ մեզի։

Պէտք է հրճուինք, որ Աստուածորդիին յարութեամբ մահն է, որ յաղթուեցաւ եւ աստուածապարգեւ կեանքն է, որ յաղթականօրէն վերադարձաւ աշխահ, այլ բանիւ՝ մարդկութիւնը Նոր Կեանք ստացաւ Յիսուս Քրիստոսով.  լսենք Իր ջինջ ձայնը, որ դարերու խորքէն կու գայ ու դէպ անմահութիւն կը տարածուի, յաղթականօրէն ըսելով՝ «ԵՍ ԵՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ»։

Այս օրերուն, մանաւանդ երբ մահուան երկիւղը կ’ապրինք, արդեօք կա՞յ աւելի գեղեցիկ ու քաղցր հրաւէր, ԵՍ ԵՄ ԿԵԱՆՔԸ…։ Կեանք մը, որ աստուածային անհուն սիրոյ շողակաթումն է։ Կեանք մը, որ հաշմանդամներուն քալել կու տայ, կոյրերուն աչքերը կը բանայ, հիւանդները կ’առողջացնէ ու մեռելներուն յարութիւն կու տայ։

Վերջապէս, այսօր մարդը անդրադարձաւ եւ ըմբռնեց որ ինք կատարեալ չէ, ամենագէտ չէ, ամենակարող չէ…։ Եւ հետեւաբար, անորոշութեան խաւարին մէջ տուայտող մարդկութեան համար այսօր կա՞յ աւելի հրապուրիչ ու առաջնորդող հրաւէր, քան ԵՍ ԵՄ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ…։ Ճշմարտութիւն մը, որ բոլորին կը խօսէր, կը քարոզէր, աղօթք կը սորվեցնէր եւ կ’առաջնորէր աստուածգիտութեան լոյսին։ Մէկ խօսքով, կը թելադրէր հեռանալ մեղքէն, չարէն, ատելութենէն եւ թշնամութենէն եւ դառնալ ԻՄԱՆԱԼԻ ԼՈՅՍԻՆ։

Յոգնաբեկ ու տառապեալ մարդկութեան համար կա՞յ աւելի մխիթարիչ ու կազդուրիչ հրաւէր մը, քան՝ ԵՍ ԵՄ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ…։ Ճանապարհ մը, որ  կը կանչէ անառակ որդին վերադառնալու իր հարազատ տունը։ Ճանապարհ մը, որ տուն կը կանչէ զղջացողը, խոստովանողն ու ապաշխարողը՝ ժառանգելու յաւիտենական կեանքը։

Ճանապարհ մը, որ մահուան սարսափը կը փարատէ։

Ճանապարհ մը, որ կեանքի անմահութեան ճամբան կը լուսաւորէ։           Ճանապարհ, որ Յարութեամբ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ կը պարգեւէ։

Ահա՛ պատգամը մեծագոյն Հրաշքին՝ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ…

Ահա՛ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՊԱՐԳԵՒ ԿԵԱՆՔԻՆ

Սիրելի՛ հարազատներ,

Կեանքի յարութեան ըղձանքով եւ հաւատքի ջերմ ապրումներով կ’ողջունեմ բոլորդ՝ անխտիր։

Այո, կացութիւններ կան, որ մենք չենք կրնար փոխել, սակայն պէտք ունինք քաջութեան, համբերութեան, զգուշութեան եւ իմաստութեան։ Թող Յարութեան տօնը վերանորոգէ մեր հաւատքը կենդանի եւ նոր ու անմահական կեանք պարգեւէ բոլորիս։

Կ’աղօթեմ, որ ճգնաժամի խաւարին մէջ, Յարուցեալ Փրկիչին լոյսը  փայլատակէ, Քրիստոսի անմահական սէրը ճառագայթէ ու մանաւանդ  թափուր գերեզմանէն շողարձակուող Յարութեան յոյսը քաջալերէ։

Փա՜ռք հրաշափառ յարութեանդ Քո, Տէ՜ր…

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց։

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

Աղօթարար՝

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի

 

 

 

 

 

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.