Կեանքէն հեռացաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետուհի Շաքէ Տէր Մելքոնեան Մինասեան

Յուլիս 1-ին Մոնթրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքեց  ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետուհի ընկհ. Շաքէ Տէր Մելքոնեան Մինասեան։

Փրոֆ. Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան, համալսարանի դասախօս, գրող, քանի մը հատորի հեղինակ, գործօն դեր ունեցած է Պէյրութի, Փարիզի ու Մոնթրէալի գաղութներու կրթական, մշակութային կեանքին մէջ, մանաւանդ ՀՕՄ-ի շարքերուն մէջ։

Եղած է առաջին շրջանաւարտներէն Պէյրութի Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանին եւ ունեցած է աշխոյժ գործունէութիւն Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի շարքերէն ներս։ 2004-ին, ան արժանացած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշանին։

Եղած է ՀՅԴ անդամ եւ «Հորիզոն» թերթի աշխատակից։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.