Նման Կազմակերպութիւններուն նպատակն է միջավայր ստեղծել արտաքին, օտար շրջանակներուն եւ ուժերուն
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
«Այս կազմակերպութիւններուն նպատակն է տուեալ երկրի մը, այս պարագային՝ Հայաստանի մէջ նպաստաւոր մթնոլորտ ու միջավայր ստեղծել այն արտաքին, օտար շրջանակներուն եւ ուժերուն, որոնց կը պատկանին իրենք։ Մէկ խօսքով, քիչ մը չորուցամաք բառերով՝ այս կազմակերպութիւնները արտաքին ուժերուն գործիքներն են»։
Բոլորս ալ գիտենք, նախակրթարանի մեր տարիներէն սորված ենք, որ քարտէսները կը յատկանշուին երկու բաներով՝ գոյներ եւ գիծեր։ Առանց գոյնի, առանց գիծի՝ ի՞նչ քարտէս։ Ամէն բան իրարու կը խառնուի ու կը ստեղծուի խառնաշփոթ։
Գիծերը եւ գոյները սահմաններ կը խորհրդանշեն։ Սահմանները ճշդուած են օրէնքներով, երբեմն գրուած, երբեմն ալ՝ չգրուած։
Մեր ըսելիքը կը վերաբերի չգրուած օրէնքներուն, որոնց մասին իրազեկութիւնը կախեալ է տուեալ անձին իմացական կարողութենէն, երբեմն՝ մարդկային բանականութենէն ու առողջ բնազդէն։ Շատ յաճախ ալ՝ տեսնել (կամ չտեսնել) ուզելու կամքէն։
Մեր նպատակը հոս տեսական մարզանքներ ընելը չէ անուշտ։ Կան հայկական իրականութեան սերտօրէն առնչուող խնդիրներ, որոնք կապ ունին այս անգիր օրէնքները տեսնել ֊ չտեսնելու խնդրին։
Հայաստանի վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններէն քանի մը շաբաթ առաջ, Փետրուար 22ին, յօդուածով մը անդրադարձեր էինք օտար կազմակերպութիւններու հետ ընտրական դիտորդական առաքելութեան լծուելու կարգ մը հայ արուեստագէտնրու միտումին։ Այդ յօդուածին մէջ ընդգծած էինք, որ օտար կազմակերպութիւնները ոչ թէ տուեալ երկրին (այս պարագային Հայաստանի) շահերով, այլ՝ զիրենք ֆինանսաւորող պետութիւններո՛ւ շահերով կ’առաջնորդուին։ Առաջարկած էինք նաեւ, որ նշեալ սրտցաւ հայորդիները ոչ թէ օտար, այլ՝ հայկակա՛ն համապատասխան կազմակերպութիւններու հետ գործակցին, հսկելու համար, որ ընտրութիւնները կայանան առանց օրինական խախտումներու։ Այսինքն, ընտրական դէտի իրենց առաքելութեան մէջ, ոչ թէ օտար, այլ հայկական կողմերու հետ գործակցին։ Եւ ոչինչ կար անբնական մեր առաջարկին մէջ։
Մէկ խօսքով, մեր յօդուածին միտք բանին այն էր, որ արդար է մտահոգութիւնը, սակայն սխալ է որդեգրուած մեթոտը։
Կրկնութեան գնով մէջբերենք մեր նշեալ յօդուածին այն պարբերութիւնները, ուր կ’ընդգծուէին օտար շահագրգռութեանց դրդապատճառներն ու վնասները։
Ահաւասիկ. «Չկարծենք, որ «Թրանսփարենսի ինթըրնեշընըլ», «Իրաւունքի Եւրոպա» (Europe in Law), միլիառատէր Ճորճ Սորոսի «Բաց հասարակութիւն»ը, ամերիկեան National Democratic Institute ֊ ը եւ տասնեակներով նման կազմակերպութիւններ իրենց քունն ու անդորրը փախցուցած, կը տոչորին Հայաստանի մէջ ժողովրդավար ու արդար կարգեր տեսնելու հրայրքով… Բնա՛ւ երբեք։
«Այս կազմակերպութիւններուն նպատակն է տուեալ երկրի մը, այս պարագային՝ Հայաստանի մէջ նպաստաւոր մթնոլորտ ու միջավայր ստեղծել այն արտաքին, օտար շրջանակներուն եւ ուժերուն, որոնց կը պատկանին իրենք։ Մէկ խօսքով, քիչ մը չորուցամաք բառերով՝ այս կազմակերպութիւնները արտաքին ուժերուն գործիքներն են, որոնց միջոցով նոյն այդ ուժերը կը փորձեն միջամուխ դառնալ Հայաստանի ներքին գործընթացներուն, դէպքերը իրենց համար նպաստաւոր ուղղութեամբ տանելու համար»։
Արտաքին միջամտութեանց մերժումը տարրական սկզբունք է որեւէ գերիշխան երկրի մը համար։ Սա չգրուած սկզբունք է, համահունչ՝ որեւէ ժողովուրդի հաւաքական արժանապատուութեան ու շահերուն։
(Փակագիծի մէջ ըսենք, որ Հայաստանի մէջ, դժբախտաբար վերոնշեալ հայ արուեստագէտներու կեցուածքը ոչ թէ առարկայական կերպով քննադատուեցաւ (ինչպէս մենք ըրինք համապատասխան առաջարկով), այլ… ծաղրուեցաւ կարգ մը «լրագրողներու» կողմէ. բան մը խստօրէն դատապարտելի կը գտնենք։ Կարելի է տարբեր կարծիք ունենալ, սակայն կարելի չէ ծաղրել ու այդպիսով՝ այդ էապէս լուրջ նիւթը (ընտրական դիտորդական առաքելութիւն) ճապաղեցնել, որովհետեւ ա՛յդ եւս վնասակար է։ Փակենք փակագիծը)։
Յամենայնդէպս, յանուն ճշմարտութեան արձանագրենք, որ այս յօդուածագրին դրսեւորած կեցուածքը դրական չէ ընկալուած Justice Within Armenia անունով գործող հայ արուեստագէտներուն կողմէ՝ մեզի համար անհասկնալի պատճառով։
Կը մնանք մեր կեցուածքին վրայ ու կը վերահաստատենք զայն, այս անգամ մամուլին մէջ ականատես ըլլալով այլ միտքի մը, ուր Հայաստանի ներքին ընկերային տնտեսական խնդիրներու լուծման համար կ’առաջադրուէր ի հարկին դիմելու օտար, միջազգային ատեաններուն։
Յիշեցինք Սիմոն Վրացեանի յուշերուն մէջ այն գլուխը, ուր կը խօսէր ասոր ֊ անոր պոչը բռնելով առաջ երթալու, կամ «բանի» մը հասնելու մասին։ Իրեն յատուկ սրամտութեամբ խօսելէ ետք բոլոր «պոչերու» վնասակար էութեան մասին, Վրացեան կ’եզրակացնէր. «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բոլոր օտար պոչերը իրար արժեն»…
Հայաստան ունի լեռնակուտակ խնդիրներ. կասկած չկայ։ Այդ խնդիրներուն լուծումները պիտի գան նոյնինքն Հայաստանէն՝ ի հարկին համահայկական ճիգերով։ Տարբեր խօսքով՝ բացառապէս ու միայն հայկակա՛ն աշխարհէն, որովհետեւ օտար ատեաններ բնաւ շահագրգռուած չեն տուեալ երկրի մը խնդիրներու լուծումով։ Այլ ընդհակառակը. անոնց (օտար ուժերուն, կողմերուն, կամ ատեաններուն) համար ցանկալի են այն կացութիւնները, ուր իրենք կարենան թոյլ պահել խնդրոյ առարկայ երկիրները, որպէսզի կարենան իրենց կամքը պարտադրել անոնց։ Հայաստանն ալ բացառութիւն չէ։
Կայ նաեւ այլ թիւր տեսակէտ մը, ըստ որուն՝ պէտք չէ օտար միջամտութեանց դիմել, որովհետեւ մենք ունինք հողային հարց, արտաքին թշնամիներ եւայլն։ Այսինքն ի՞նչ. եթէ չունենայինք այս հարցերը, ուրեմն արտաքին միջամտութիւնները, կամ արտաքին ատեաններուն դիմելը արդարացուա՞ծ է։ Կրկնակիօրէն՝ ո՛չ։
Միանգամ ընդմիշտ պէտք է յստակացնենք, որ օտար միջամտութեանց դէմ մեր կեցուածքը ոչ մէկ կապ ունի արտաքին թշնամիներու հետ, ոչ մէկ կապ ունի Արցախի հարցին հետ, ոչ մէկ կապ ունի հայութեան հողային կամ այլ բնոյթի պահանջատիրութեան հետ։
Մենք դէմ ենք որեւէ տեսակի օտար միջամտութիւններու, նոյնիսկ եթէ Հայաստանը լուծած ըլլայ իր բոլոր արտաքին ու ներքին խնդիրները։ Սա սեփական շահերու գիտակցութեան եւ ազգային արժանապատուութեան կապուած խնդիր է։ Վերջ։ Ֆսիօ։
Չտեսնել այս բոլորը, կը նշանակէ իրարու խառնել քարտէսներու գիծերն ու գոյները։ Իսկ մէյ մը որ խառնուեցան այդ գիծերն ու գոյները, այն ատեն, արաբական ասացուածքին նման՝ «աստուածներուդ աստուածը չի կրնար տակէն ելլել»։
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ