ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ Տ. ՎԱՐԴԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԹԱՇՃԵԱՆԻՆ

Հրամանաւ եւ բարձր տնօրինութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Շաբաթ, 17 Ապրիլ 2021-ին, Կիրակամտից Ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ սկիզբ առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան անդամ եւ նոյն եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեանի՝ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանի տուչութեան արարողութեան առաջին բաժինը, ձեռամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վարդապետ Շխրտմեանի։
Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանի տուչութեան արարողութեան երկրորդ բաժինը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 18 Ապրիլ 2021-ին, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին: Ս. Պատարագը մատուցեց Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վարդապետ Շխրտմեան: Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ Եկեղեցւոյ խորան եւ յաջորդաբար Հայր Վարդանին շնորհեց Ծայրագոյն Վարդապետութեան տասը աստիճանները, գաւազանը եւ վարդապետելու կատարեալ իշխանութիւնը:
Իր հոգեւոր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, Իր պարգեւած առատ ողորմութեանց ու շնորհքներուն համար, ապա, երախտագիտութեան ու շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ իր հայրական հոգատարութեան ու ընծայած այս առիթին համար:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ օրուան տօնին՝ Աշխարհամատրան կամ Կանաչ Կիրակիին մասին, նշելով որ, այս տօնը Քրիստոնէական Ընդհանրական Եկեղեցւոյ փառաբանութեան ու գովերգութեան տօնն է։ Այս օրը կը յիշուի Եկեղեցւոյ Նաւակատիքը, այսինքն՝ սկզբնաւորութիւնը, երբ Քրիստոս իր յարութենէն ետք Վերնատան մէջ հաւաքուած իր աշակերտներուն երեւցաւ, եւ նոյն Վերնատան մէջ էր որ անոնք հետագային Ս. Հոգին ստացան։ Այդ Վերնատունը դարձաւ՝ աշխարհի առաջին Եկեղեցին, առաջին Աշխարհամատուռը։ Իսկ Կանաչ Կիրակին կը խորհրդանշէ քրիստոնեայ հաւատացեալին Քրիստոսով նորոգուած ըլլալու, նոր մարդ դառնալու յատկութիւնը, մշտադալարութիւնը, կեանքի յարութիւնը եւ անոր մշտնջենական գոյութիւնը։
Խօսելով Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանի կարեւորութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեանը յորդորեց, որ Եսայի Մարգարէին խօսքին համաձայն ըլլայ՝ «Աստուծոյ ճանապարհը պատրաստողը, Անոր շաւիղները հարթողը» ինչպէս որ էին Առաքեալներն ու Ընդհանրական Եկեղեցին հաստատողներն ու անխախտ պահողները: Ան Հայր Սուրբին ուշադրութեան յանձնեց, որ այս ձեռնադրութեամբ ինք եւս Քրիստոսի շնորհքներով նոր մարդ կը դառնայ, իր ուսերուն վրայ Անոր լուծը աւելի կը ծանրանայ, որուն պէտք է ընդառաջէ նուիրուածութեամբ, անխոնջ աշխատանքով, զօրաւոր հաւատքով, հեզութեամբ ու ծառայասիրութեամբ։
Առաքելական թուղթերէն մէջբերում կատարելով, Առաջնորդ Սրբազանը իր Խօսքը ուղղելով Հայր Վարդանը յորդորեց՝ «Դուն բարձրացո՛ւր ձայնդ, զօրացո՛ւր ձայնդ, անվախօրէն քարոզէ՛, համարձակօրէն քարոզէ՛, առանց մարդահաճութեան, առանց աչառութեան՝ պարզ ու յստակ քարոզէ եւ Աստուծոյ խօսքը տարածէ՛», ապա, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ինքը զօրացնէ Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետը եւ զայն քաղցրութեամբ պահպանէ, օրհնութեամբ ամրացնէ, եւ բազում շնորհներ ծաղկեցնէ անոր կեանքին մէջ:
Ս. Պատարագի աւարտին, յանուն Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ու հոգաբարձութեան շնորհաւորական խօսքը յղեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան: Ան առաջին հերթին երախտագիտութեան արտայայտութիւններ ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին մասին, այնուհետեւ շնորհաւորեց Հայր Վարդանն ու անոր ընմէջէն ամբողջ համայնքի զաւակները, եւ ապա, յանուն Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին արծաթեայ ձեռաց Խաչ նուիրեց Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեանին:
Photo credit: Ishkhan Ghazarian, Toronto

Comment
Share

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.