Խորհրդակցական Հանդիպում-Քննարկում` Արցախի Մէջ Տեղի Ունենալիք Ընտրութիւններուն Շուրջ
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով 22 յունուարին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում-քննարկում` նուիրուած Արցախի մէջ յառաջիկային տեղի ունենալիք նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Խորհրդակցութեան մասնակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ, ՀՅԴ պետական պաշտօնեաներ եւ ՀՅ Դաշնակցութեան շրջանային կառոյցներու պատասխանատուներ:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան «Ապառաժ»-ին տեղեկացուց, որ ընտրական հոլովոյթներուն մասնակցելու համար Կեդրոնական կոմիտէն նախորդ երկու շաբթուան ընթացքին այցելած է բոլոր շրջանները` տեղւոյն վրայ խորհրդակցութիւններ ունենալով շրջաններու պատասխանատու ընկերներուն հետ: Իսկ 22 յունուարի խորհրդակցութիւնը այցելութիւնները ամփոփելու եւ աշխատանքային ուղղութիւնները յստակացնելու նպատակ կը հետապնդէր:
Աւելցնենք, որ ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրին հիմնադրոյթները արդէն իսկ մշակուած եւ ներկայացուած են խորհրդակցութեան մասնակիցներուն: