«Խոստում»ը առաջին մեծ շարժանկարն է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը կը հասցնէ լայն հասարակութեան
Մեզի համար մեր պատմութեան ամէնէն տխուր ժամանակը, հայկական ցեղասպանութեան օրերն ու դրուագները ներկայացնող ամերիկեան ժապաւէն մը, որ կը հպատակի այդ արուեստի կանոններուն, կը ցուցադրուի աշխարհի տարբեր երկիրներու բազմաթիւ սրահներուն մէջ:
Արուեստի կանոններուն հետեւող ժապաւէն մը, որ սոսկ հայկական ներքին սպառման համար չէ նկարահանուած, կը միտի հասնիլ միջազգային հասարակութեան, անոր՝ որ ամերիկեան շարժանկարի շուկան է: Ցեղասպանութեան իրողութիւնը վերամտածուած եւ դիտուած է լայն հասարակութեան,- եւ մանաւանդ ոչ հայկական,- կողմէ ընդունելի, մատչելի, հասկնալի եւ հետաքրքրութիւն ստեղծելու կոչուած բեմադրիչի եւ նկարահանողի աչքով:
Նիւ Եորքի Քուինզ շրջանի երկու հարիւր աթոռ ունեցող սրահներէն մէկուն մէջ, երեկոյեան ժամը 7-ին, չորս հոգիով ներկայ եղանք ԽՈՍՏՈՒՄԸ (The Promise) ժապաւէնի ցուցադրութեան: Միայն տասը հանդիսատեսներ կային սրահին մէջ: Այդ տասնէն զոյգ մը ամերիկացի էր, զոյգ մըն ալ՝ թուրք:
Ամերիկեան արտադրութիւն եւ ոչ սահմանափակ միջոցներով իրականացած ժապաւէնը եւ ներկաներու նշուած թիւերը ի հարկէ կը մղեն մտածելու, մեզ պէտք է մղեն մտածելու:
Լայն հասարակութիւնը հետաքրքրելու կոչուած thriller-ի մը ընդունուած ծիրին մէջ, զայն յաջողցնելու հնարներով եւ յաջորդական դրուագներով հիւսուած պատում մը, որ մատչելի է լայն շրջանակներու եւ կը հետաքրքրէ ամերիկացի, ֆրանսացի, արաբ, ճաբոնցի, թուրք եւ այլ հասարակութիւններու հանդիսատեսները:
Կայ, ի հարկէ, պատմական դէպք-իրողութիւնը, որ անմիջականօրէն կը հետաքրքրէ հայը, որ պայքարած է եւ կը պայքարի աշխարհին ծանօթացնելու իր ժողովուրդին դէմ գործուած մեծ ոճիրը: Այս հայոց ազգային անմիջական հետաքրքրութիւնն է, երբ նման ժապաւէն կը դիտէ:
«ԽՈՍՏՈՒՄԸ» ամերիկեան շարժանկարային արուեստի կաղապարին մէջ եւ ոճով, կը բերէ պատումը միաժամանակ խոստումի, սիրոյ, քաջութեան, մարդկայնութեան եւ զոհողութեան դրուագներու եւ պատկերներու, անոնց ստեղծած տպաւորութեամբ կը դառնայ կեանքը մարդոց, որոնք կը նմանին բոլորիս՝ իրենց զգացումներով: Նաեւ՝ պատմութեան եւ ժամանակաշրջանի մը: Պատմական իրողութիւնը քարոզչականէ տարբեր ճանապարհով, կը դառնայ սեփականութիւնը լայն զանգուածներու:
Բեմադրիչը պատմութեան կամ քաղաքական քարոզչութեան գիրք չի գրեր, նոյնիսկ եթէ այս ժապաւէնը այդպէս կը դիմաւորենք:
ԽՈՍՏՈՒՄը սպանա-ամերիկեան ժապաւէն մըն է: Սիրողական, համայնքային կամ հայրենասիրական արտադրութիւն մը չէ: Ան գործն է արհեստավարժի մը, Թէրրի Ճորճի: Ժապաւէնը հանրութեան ներկայացուած է Թորոնթոյի շարժանկարի փառատօնին, 2016-ին:
Դիպաշարը գրած են Թէրրի Ճորճ եւ Ռոպէն Սուիքորտ: Երաժշտական ղեկավարն է Կապրիէլ Եարէտ: Ժապաւէնի արտադրութիւնը ստանձնած են Էրիք Իրայէլեան, Մայք Մէտավոյ, Ուիլեամ Հորպըրկ, Ռալֆ Ուինթըր, Տընիզ Օ’Տէլ:
Լայն զանգուածները – ոչ միայն հայկական – հետաքրքրելու եւ յուզելու կոչուած պատում մը, դիպաշարը այդ նպատակով խմբագրուած է, նոյնիսկ եթէ բեմի խորքի պաստառը հայութեան ապրած ողբերգութիւնն է: Հասարակութիւնը սրահ կ’երթայ կեանքի պատում լսելու եւ տեսնելու զբօսանքի: Թիյէրի Ճորճի դիպաշարը եւ բեմադրութիւնը այս ըմբռնումով կազմուած են, ինչպէս ամերիկեան ժապաւէնները:
Ոչ-հայ հանդիսատեսին համար, որ իր հետաքրքրութիւնը ունի, ԽՈՍՏՈՒՄԸ ժապաւէնը նախ սիրոյ քառագագաթ պատմութիւն մըն է. աւանդական կարգադրուած ամուսնական խոստում մը, որ փակագիծի մէջ կը դրուի երբ Միքայէլ որպէս բժշկական ուսանող Կոստանդնուպոլիս կը հասնի առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին, ուր կը հանդիպի Աննայի, որուն հանդէպ սէր կը տածէ նաեւ ամերիկացի հռչակաւոր լուսանկարիչ-լրագրող մը: Այս ռոմանդիկ մթնոլորտի հիւսուածքը ընդգրկուած է պատմութեան ընթացքին մէջ, պատերազմ, տեղահանութիւն, ջարդ, աւեր, խժդժութիւն:
Դրական տիպար է ի հարկէ ամերիկացի լրագրողը, որ հերոսաբար կը հետապնդէ ճշմարտութեան բացայայտումը, անսալով իր լրագրողի կոչման, Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցող անմարդկային արարքներու մասին: Դրական տիպար է նաեւ թուրք սպան, որ հակառակ տիրող ազգայնամոլական մթնոլորտին, հաւատարիմ է իր բարեկամութիւններուն եւ կ’օժանդակէ ճշմարտութեան բացայայտման: Յուզիչ դէմքեր են գլխաւոր դէմքերը, հերոսացող Միքայէլը եւ համակ սէր եւ զոհողութիւն Աննան: Եւ ի հարկէ զանոնք մեծցնող պատմական քաոսը:
Ծանօթ դէմքեր, բարեսիրական կազմակերպութիւններ հայոց ցեղասպանութիւնը կը պատմեն, սիրային ապրումներու զուգահեռ, ինչ որ իրական եւ ամբողջական կեանքի պատկերները կը բերէ:
Իրապաշտութեամբ կրնանք ըսել, որ ԽՈՍՏՈՒՄԸ առաջին մեծ շարժանկարն է ընդհանրապէս եւ մեր պատմութեան այդ ժամանակաշրջանը կը հասցնէ լայն հասարակութեան:
Հայկական քարոզչութեան տեսակէտէ, անկախաբար ժապաւէնի գեղարուեստական արժէքէն, մեծապէս կարեւոր է մասնագիտական մամուլի եւ քննադատներու կարծիքը: Այդ կարծիքը հանրութիւնը պիտի մղէ ժողովուրդը սրահ երթալու եւ տեսնելու ժապաւէնը: Այդ պէտք է ընեն հայկական լրատուամիջոցները:
Հայկական զանգուածները իրենք պէտք է երթան տեսնելու ժապաւէնը, որպէսզի դիտողներու համրանքը մեծ ըլլայ, եւ ան մնայ սրահներու մէջ: Սրահներու տէրերը եւ պատասխանատուները բարեսիրական կազմակերպութիւններու վարիչ չեն: Երբ ներկայացուցմները «հասութաբեր» չըլլան, զանգուած չբերեն, կը դադրին ներկայացնելէ ժապաւէնը, կը հանեն ցանկէն, եւ մեր քարոզչական ակնկալութիւնը չի հասնիր իր նպատակին:
Թերեւս օգտակար պիտի ըլլար հայկական կեդրոններու եւ մամուլին մէջ քննարկումներ կատարել: Ըսել նաեւ որ մարդիկ երթան եւ տեսնեն ժապաւէնը, հրաւիրեն իրենց ընկերները, դրացիները, օտար բարեկամները: Եթէ շատ կարճ ժամանակ ետք սրահներու մէջ դադրի ժապաւէնի ներկայացումը, ան պիտի ըլլայ նաեւ մեր պատասխանատուութիւնը (անպատասխանատուութիւնը):
Երգիչներու համար սրահներ լեցնելէ եւ տախտակամած դոփելէ աւելի կարեւոր է ԽՈՍՏՈՒՄԸ ներկայացնող սրահները լեցնել, փոխանակ տրտնջալու որ լաւ քարոզչութիւն ընել չենք գիտեր:
Յ. Պալեան