Խաղաղութեան Սպառնացող Թուրքիա
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Կը խօսուի Թուրքիոյ նախագահի կայսերական փառասիրութեան մասին: Ինչ որ ըսուի կրկնութիւն կրնայ թուիլ: Լռութեան մեղսակցութեամբ, ան կը հետապնդէ սուլթանական երազանքը, իր անձին մէջ միացնելով քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդի ստորոգելիները՝ ինչպէս՝ խալիֆա սուլթանը:
Եթէ յոռեգոյնը պատահի, ոչ մէկ ղեկավար իրաւունք պիտի ունենայ ըսելու՝ որ չէր գիտեր:
Համավարակի եւ հակախտրական բռնկումներու այս օրերուն, պէտք է խօսիլ Թուրքիոյ մասին, որ իրաւազրկումներով եւ բռնագրաւումներով յառաջացուցած է ազգերու զանգուածային տեւող խտրականութիւններ, արգելք ըլլալով անոնց բնականոն զարգացման:
Սովորութիւն է ըսել, որ հանրային կարծիքի յիշողութիւնը կարճ կ’ըլլայ, իսկ աշխարհի մեծերու յիշողութիւնը ընտրովի է, կը մոռնան շահախնդրութեամբ:
Աւելորդաբնութիւն չէ ծանօթ ճշմարտութիւնները յիշեցնել, մանաւանդ անոնց՝ որոնք, բացայայտուած հարցերու կողքին, գիտեն նաեւ ինչ որ թաքնուած կը մնայ հասարակ մահկանացուներու համար:
Թուրքիա Սուրիոյ քաղաքացիական կռիւներուն միջամտեց, որպէսզի նախագահ Պաշար Ասատ հեռացուի, աջակցեցաւ կրօնամոլ ծայրայեղականներուն, որոնց կամաւորներուն մեծ մասը սուրիական հողամաս մուտք գործեց անցնելով Թուրքիայէն, որ հանդիսացաւ անոնց թիկունքը:
Առիթը պատեհ համարելով, Թուրքիա Սուրիոյ հիւսիս արեւմտեան եւ հիւսիսային շրջաններու մէկ մասը գրաւեց, պատրուակելով քիւրտ ազատամարտիկներու ներկայութիւնը, զանոնք ներկայացնելով որպէս ահաբեկիչներ: Միամիտ պէտք է ըլլալ չխորհելու, որ տագնապէն օգտուելով, յետին նպատակ չունենար նաեւ սուրիական նաւթային հարստութիւնը իւրացնելու:
Նոյն նպատակով, օգտուելով գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի գրաւման ընձեռած ապօրինի կարելիութիւններէն, Թուրքիա կ’ուզէ արգելք ըլլալ արեւելեան Միջերկրականի մէջ բնական կազի պաշարներու Սուրիոյ, Լիբանանի, Իսրայէլի եւ Կիպրոսի կողմէ շահագործման: Մամուլը հրապարակեց տեղեկութիւններ թրքական նաւատորմի միջամտութեան մասին, հորահատող ընկերութիւններուն արգելք ըլլալու համար: Մինչ Թուրքիա ապօրինի հորահատումներ կը կատարէ շրջանին մէջ:
Թուրքիա ներկայ է նաեւ Լիպիոյ մէջ, կ’աջակցի ծայրայեղ իսլամական Սարրաժի՝ ընդդէմ նուազ ծայրայեղ Հաֆֆարի, որ յաջողութիւններ կ’արձանագրէր իր մրցակիցին դէմ: Սուրիացի հարիւրաւոր, հաւանօրէն 6000, ծայրայեղական կռուողներ ղրկուեցան Լիպիա, որոնք կը գործեն թուրք սպաներու աջակցութեամբ: Թուրքիոյ Ազգային ժողովի օրակարգ եղած է հարցը: Այս միջամտութիւնը կանգնեցուցած Է Թրիփոլիի վրայ Հաֆֆարի յառաջխաղացքը:
Թուրքիա ներկայութիւն է նաեւ Քոսովոյի եւ Պոսնիոյ մէջ:
Նայինք քարտէսին. Թուրքիա կը վերահսկէ անցեալի օսմանեան կայսրութեան տարածքը: Այս յառաջխաղացքը Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան թուլութեան եւ կարճատեսութեան արդիւնք է, որ Թուրքիոյ կողմէ կը համարուի կրաւորականութիւն, որ սկսած էր թրքական բանակի Հիւսիսային Կիպրոս ներխուժումով, 1974ին, երբ Եւրոմիութիւնը իր անկարողութիւնը ցուցաբերեց Կիպրոսի դէմ կատարուած նախայարձակման չհակադարձելով:
Թուրքիոյ նախագահի անզսպելի եւ աճող ծաւալապաշտական միտումներուն դէմ կանգնող փաստօրէն միակ հեղինակութիւնը այսօր կը հանդիսանայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, որ փրկեց Սուրիան կրօնամոլ ծայրայեղականներու կողմէ տիրապետուելու սպառնալիքէն, բայց թոյլ տուաւ, որ իր կողմէ հակակշռուող վարձկաններ երթան Լիպիա, եւ զօրավիգ կանգնին մարաջախտ Հաֆթարի:
Թուրքիա չկրցաւ իր ցանկութիւնները իրականցնել Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Իտլիպի մէջ, ուր բանակ ղրկեց աջակցելու համար Պաշար Ասատի դէմ կռուողներուն, քանի որ Ռուսիա բուռն եւ հետեւողականօրէն արգելք հանդիսացաւ եւ համաձայնութիւն պարտադրեց: Միացեալ Նահանգները հակազդեց եւ Թուրքիոյ առաջարկեց Փաթրիոթ տիպի հրթիռներ: Իտլիպի իր ձախողութիւնը վարագուրելու համար, Ռեչէփ Էրտողան քանի մը հազար գաղթական ղրկեց յունական սահման, Ատլանտեան Ուխտի իր դաշնակիցները պատժելու համար, քանի որ իրեն զօրավիգ չէին կանգնած: Յունաստան քաջաբար դիմադրեց, որպէսզի թատերաբեմ չդառնայ ծայրայեղական կրօնամոլներուն:
Այսօր Ռուսիա եւ Թուրքիա նկատառելի ներկայութիւն են Միջերկրականի մէջ:
Թրքական ծաւալապաշտութիւնը արմատական կրօնամոլներուն Եւրոպայի մէջ տարածուելու հնարաւորութիւն կը ստեղծէ: Օսմանի կայսրութեան վերահաստատման համար թիրախ է Եւրոպան: Վտանգը չեն տեսներ սոսկ դրամատիրական հաշիւներով առաջնորդուողները: Իսկ թրքական յարձակապաշտութիւնը պատասխան է իր Եւրոմիութիւն մուտքի խափանման: Փակագիծի մէջ պէտք է նշել, որ Եւրոմիութեան երկիրները այո-ոչ խաղցան Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցով, առարկելով հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Կիպրոսի հիւսիսային մասին ապօրէն գրաւումը:
Եւրոպա կը շարունակէ լիաբուռն վճարել Թուրքիոյ, միլեառներ՝ ամէն տարի, որպէսզի ան պատրաստուի Եւրոմիութեան անդամակցութեան եւ պաշտպանէ իր սահմանները գաղթականական հոսքին դէմ: Թուրքիա ապաստանած գաղթականութիւնը Էրտողանի կողմէ կը գործածուի որպէս ճնշման միջոց եւ գանձանակ:
Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն, անմիջական պատեհապաշտականը անջատել պէտք է գիտնալ մնայուն վարքագիծէ: Անոնք կը թուին իրարու մօտենալ, հակազդելով իրենց դէմ Եւրոպական երկիրներու բացասական վերաբերումներուն: Բայց Ռուսիա միշտ անհանգիստ է, քանի որ Թուրքիա Սեւ Ծովէն Միջերկրական ելքի նեղուցներու բանալին ունի: Աւելցնենք նաեւ, որ ցարական կայսրութեան պատկանած տարածքներ, համայնավարները լքած են եւ անոնք կցուած են Թուրքիոյ, ինչպէս Կարսը, որ մինչեւ առաջին աշխարհամարտ, ռուսական կայսրութեան մաս կը կազմէր եւ հայկական շրջան էր: Ռուսիա երբեք հաշտ աչքով չէ դիտած, որ Թուրքիա ցեղային եւ կրօնական միատարրութիւն կը ստեղծէ Անատոլուի մէջ, ուր 1900ին քրիստոնեաները բնակչութեան մէկ երրորդը կը կազմէին, եւ այսօր այդ տոկոսը կը գնահատուի 2%ի եւ 0,2%ի միջեւ: Ինչպէ՞ս: Ինչո՞ւ: Ո՞ւր են բնիկները: Միջազգային համայնքը երբեմն պէտք է յանդգնի ճիշդ եւ տեղին հարցումներ ուղղել, փորձէ պատասխանել, որպէսզի ապագայի առարկայական նախատեսութիւններ կարենայ ընել: Չըսելու համար՝ որ արդէն ուշացած ենք:
Քաղաքական կեանքի հոլովոյթին հետեւողներ, անոնց շարքին լայնամիտ թուրք մտաւորականներ, կ’ընդգծեն Էրտողանի եւ իսլամ ծայրայեղական պետութեան (ՏԱՀԷՇ)ի գործակցութիւնը. ահաբեկիչներու անցքը, Թուրքիայով Սուրիայէն գողցուած նաւթի վաճառքը: Հակառակ դաշնակիցներու ճակատին մէջ գտնուելուն ( ՞ ), Թուրքիա երբեք չկռուեցաւ կրօնամոլ ծայրայեղականներուն դէմ, չօգնեց քիւրտերուն, որոնք կը կռուէին ծայրայեղականներուն դէմ: Ընդհակառակն, հալածեց քիւրտերը, որպէսզի Սուրիոյ հիւսիսը ուժ չդառնան:
Միջազգային հանրութիւնը, մասնաւորաբար Ատլանտեան Ուխտը, ոչինչ ըրին կասեցնելու համար առանց ոչ մէկ լիազօրութեան թրքական բանակի Սուրիա մուտքը: Ոչինչ ըրին, երբ Էրտողան սպառնաց Թուրքիա ապաստանած գաղթականութիւնը Եւրոպա ղրկել: Ընտրական ձախողութիւնները (Պոլսոյ եւ Անգարայի քաղաքապետ ընտրուած են ընդդիմադիրներ) եւ տնտեսական դժուարութիւնները կ’ապակայունացնեն Ռեչէփ Էրտողանը: Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ արուեստական մերձեցումը միայն ժամանակաւոր կրնայ ըլլալ, այնքան պատմական, ռազմաքաղաքական եւ աշխարհաքաղական տարբերութիւններ կան իրենց միջեւ:
Եւրոպան իրականութիւնները կը տեսնէ, բայց քաջութիւն եւ իրատեսութիւն չունի հակազդելու, եւ կը շարունակէ, ի հեճուկս իր ժողովուրդներուն, լիաբուռն յատկացումներ ընել Թուրքիոյ, փոխանակ զայն հեռու պահելու ե՛ւ Ատլանտեան Ուխտէն ե՛ւ Եւրոպայէն, կանխատեսելով ապագայի բարդութիւնները, եւ յատկացուած գումարները ծառայեցնելու իր ժողովուրդներուն:
Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ, գաղտնիք չէ, որ Ռուսիա շարունակողն է բիւզանդական ուղղափառութեան, գիտէ որ Թուրքիա կ’ուզէ իր քաղաքական-կայսերական ազդեցութիւնը տարածել Միջին Ասիա, մինչեւ Չինաստան: Այս նպատակով ալ հաստատած է սերտ գործակցութիւն Ազրպէյճանի հետ, ինչ որ ո՛չ այսօր եւ ո՛չ ալ վաղը հաշտ աչքով պիտի չդիտուի Ռուսիոյ կողմէ:
Այս արագ նշումները կը թելադրեն, որ Թուրքիոյ նկրտումները միջազգային համայնքին կողմէ պատասխանատուութեամբ պէտք է քննուին, եւ անոնք քիչ մըն ալ քաջութեամբ պէտք է վերանային իրաւազրկուած ժողովուրդներու հարցերը, մի՛շտ՝ յանգելու համար իրաւունքի յաղթանակին:
Եթէ այս յանդուգն վերանայումները տեղի չունենան, պէտք չէ զարմանալ եթէ վաղը քրիստոնէական տաճար Ս. Սոֆիան մզկիթ դառնայ, եւ շարունակեն հայկական եկեղեցիներու վրայէն խաչերը վերցնել:
Արդէն անզօրութեամբ եւ մեղսակցութեամբ կը դիտենք Կարսի Ս. Առաքելոց եկեղեցին, որուն գմբէթի խաչը անհետացած է…
Ինչպէ՞ս հաւատալ արդարութեան եւ խաղաղութեան ճառերուն…
Ի՞նչ բանի կը ծառայէ ամպագոռգոռ անունով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը…
Կրկնե՞նք, 1914ին, Պոլսոյ մէջ, հայկական թերթի խմբագրականին խորագիրը. «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է»:
Կրկնենք, որպէսզի օր մը ՄԱԿը դադրի խոշոր խօսարան մը ըլլալէ:
Քաղաքական ճատրակի այս խաղերուն մէջ, Հայաստանը եւ հայութիւնը աւելի քան երբեք կարիք ունին ապագայատես իմաստութեան, իրա՛ւ միասնութեան, ցանկալի՛, որ կը բացակայի:
Մեր պատմութեան ներկայ հանգրուանին, պառակտում եւ իշխանատենչութիւն աւերիչ պերճանքներ են:
Ներքին թշնամիներու դէմ պատերազմը պատճառ կրնայ ըլլալ արտաքին իրաւ թշնամիներու դէմ պարտութեան: