Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024 Թուականի 11-րդ Թիւը

«Դրօշակ»-ի ընթերցողը համացանցին վրայ կրնայ գտնել պաշտօնաթերթի այս տարուան նախավերջին թիւը, որուն մէջ քաղաքական, հասարակական խորագիրներու տակ կը ներկայացուին` Հայաստանի իշխանութիւններու ազգային շահերը վտանգող արտաքին քաղաքականութիւնը, ազգային արժէքներէն հեռացումը, անոնցմէ հանրութիւնը օտարելու քաղաքականութիւնը:

Ընթերցողին համար հետաքրքրական պիտի ըլլայ հետեւիլ «Դրօշակ»-ի եւ գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեանի զրոյցին, որուն առանցքային նիւթը անկախութենէն ետք կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի բնագաւառներուն, ինչպէս նաեւ հասարակական կեանքին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները եւ հայաստանեան իրականութեան մէջ ներկայիս առկայ տագնապայարոյց երեւոյթներն են: Հասարակութեան ներկայիս բարոյահոգեբանական վիճակին եւ հաւաքական մտայնութիւններուն կ՛անդրադառնայ հրապարակախօս Մանուէլ Մկրտչեանը:

«Դրօշակ»-ի երրորդ հերթական թիւին մէջ զետեղուած է օտարերկրեայ մասնագէտներու եւ մասնագիտական կեդրոններու ուսումնասիրութիւններու համադրման հիման վրայ մոսկուայաբնակ վերլուծաբան Սարգիս Սարգսեանի հեղինակած յօդուածը` քառասունչորսօրեայ պատերազմի ժամանակ հայ եւ ազրպէյճանական կողմերու գործածած զէնքերուն, ի գործ դրած մարտավարութեան ու ռազմավարութեան, ինչպէս նաեւ պատերազմէն ետք կատարած ռազմական գնումներու պատկերը: Փաստական հարուստ նիւթի հետ ծանօթանալը հետաքրքրական պիտի ըլլլայ թէ՛ համապատասխան փորձագիտական եւ քաղաքագիտական շրջանակներու եւ թէ՛ արցախեան խնդրով ու հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններով հետաքրքրուողներուն համար:

Ուշագրաւ ուսումնասիրութիւն կը ներկայացնէ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեանը` իբրեւ նիւթ ունենալով համշէնահայութեան ինքնապաշտպանական մարտերը 1915-1923 թուականներուն: Ներկայացուող ծաւալուն նիւթը առաջին մասն է քիչ ուսումնասիրուած այս թեմային եւ կը համալրէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան եւ ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան էջերը:

Յօդուածը կը բովանդակէ հարուստ փաստական տուեալներ եւ անկասկած նոյնպէս հետաքրքրական պիտի ըլլայ ոչ միայն պատմաբաններու ու այլ մասնագէտներու, այլ նաեւ լայն հանրութեան համար:

«Դրօշակ»-ի այս թիւը կրնաք ընթերցել այցելելով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2024/11/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-11-2024-%D5%A9.pdf

Comments are closed.