Breaking News

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է ՀՅԴ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ «ԴՐՕՇԱԿ»Ի ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՀԱՄԱՐԸ

Համացանցի վրայ հասանելի է ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի 5-րդ թիւը: Մայիսեան այս թիւը գլխաւորաբար անդրադարձն է այս ամսուան ընթացքին հայութեան ունեցած յաղթական եւ հպարտալի ձեռքբերումներուն: Պաշտօնաթերթի լուսաբանութեան կիզակէտին մէջ են յատկապէս 1918 թուականին անկախութեան նուաճման իրադարձութիւններն ու անոնց հերոսները, ինչպէս եւ Շուշիի ազատագրումը, որպէս Արցախի անկախացման ճանապարհի շրջադարձային փուլ: «Դրօշակ»ի մէջ տեղ գտած յօդուածներուն մէջ, անոնց հեղինակները նշանաւոր քաղաքական նշանակութեան արժեւորման տեսանկիւնէն իրադարձութիւններու կ’անդրադառնան եւ ապա պատմական իրողութիւններու մեկնաբանութեան կ՛ուղղուին: Վաչէ Բրուտեանի հեղինակած առաջնորդող յօդուածը նոյն տրամաբանութեամբ կը բանայ  «Դրօշակ»ի մայիսեան թիւը: Անկախ պետականութեան վերականգնման փաստը դիտարկելով որպէս հայ ժողովուրդի եւ հայոց երկրի համար ճակատագրական իրադարձութիւն,  զարգացման տրամաբանական շարունակութիւն կը համարուի Առաջին հանրապետութեան իշխանութեան կողմէն Ազատ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի նպատակին հռչակումը, ինչպէս նաեւ Սեւրի ու Ուիլսընեան իրաւարար վճիռին ի յայտ գալը:

Ներբեռնել համարը  Դրօշակ թիվ 5, 2020

Առաջին հանրապետութեան ծնունդը համարելով Մայիսեան հերոսամարտերու ուղղակի արդիւնքը ՀՀ Ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան հարցազրոյցին մէջ կ’անդրադառնայ նաեւ հայութեան առջեւ ներկայիս ծառացած մարտահրաւէրներուն:

Արարատ Յակոբեան անդրադառնալով Առաջին հանրապետութեան մէջ իրականացուած պետականաշինութեան հարցերուն ուշագրաւ զուգահեռներ կատարած է առաջին ու ներկայ հանրապետութիւններուն միջեւ, բացայայտելով անոնց օրկանական կապը:

Արմէն Ասրեանի եւ Վարդան Պետրոսեանի յօդուածները նուիրուած են Առաջին հանրապետութեան ծանր երկունքի շրջանի եւ առհասարակ ազատագրական պայքարի երկու առանցքային գործիչներուն` Արամ Մանուկեանի եւ Դրաստամատ Կանայեանի կերպարներուն եւ դերակատարութեան:

«Դրօշակ»ի մայիսեան այս հրատարակութիւնը հաւասարապէս արժեւորած է նաեւ Շուշիի ազատագրման թեման: Կը կարծենք ընթերցողը հետաքրքրութեամբ կ’ընթերցէ Արցախեան ազատագրական պայքարի շրջանին Դաշնակցութեան մարտական գործունէութեան կազմակերպիչ եւ պատասխանատու Հրանդ Մարգարեանի հետ պաշտօնաթերթին հարցազրոյցը: Այս հարցազրոյցէն կարելի է ուշագրաւ մանրամասնութիւններ իմանալ ազատագրական պայքարի կազմակերպման պատմական պահուն, ինչպէս նաեւ տուեալ գործընթացներուն մէջ Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութեան մասին:
Շուշիի ազատագրման գործողութեան նախապատրաստման եւ իրականացման վաւերագրութիւնը ներկայացուած է Միքայէլ Հաճեանի յօդուածին մէջ:

Պաշտօնաթերթը չի սահմանափակուիր միայն պատմական նուաճումներու նիւթերով,  կարելի է գտնել նաեւ Սեդօ Պոյաճեանի յօդուածը, նորանկախ Հայաստանի  օրուան ղեկավարներու առաջնորդութեամբ, ի սկզբանէ ծաւալուած ու ներկայիս շարունակուող պետութեան ներկայի ու ապագայի համար մտահոգիչ գործընթացները:

Որեւէ պետութեան համար անհրաժեշտ քաղաքական ընտրախաւի թեման  լուսարձակի տակ առած է երիտասարդ քաղաքագէտ Տիգրան Չանտոյեան:

«Դրօշակ»ը կը շարունակէ ներկայացնել Մկրտիչ Մկրտիչեանի հետաքրքրական յօդուածաշարը նուիրուած հայոց նորանկախ պետականութեան զարգացման ընթացքին, պետութեան եւ սփիւռքի փոխյարաբերութիւններուն, այդ փոխյարաբերութիւններու շրջագիծէն ներս անդրադառնալով ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական ներկայութեան:

Սիւզան Խարտալեան կ’անդրադառնայ այսօրուան աշխարհը տակնուվրայ ըրած համաճարակին եւ անոր ունեցած ազդեցութեան մարդկային հաւաքականութեան վրայ:
«Դրօշակ»ը կը շարունակէ հրապարակել «Դրօշակ»ի կենսագրութիւնը հանրագիտարանային մանրամասնութեամբ լուսաբանող Աւօ Գաթրճեանի յօդուածը:

«Դրօշակ»ի այս համարին մէջ ամփոփուած է Վրէժ Նահատակեանի «Ջաւախքի հիմնահարցերը» ծաւալուն ու հետաքրքրական յօդուածը, ուր, հարցերը ներսէն ճանչցողի իրազեկութեամբ, համակողմանիօրէն քննութեան  առնուած են Ջաւախքի ու ջաւախահայութեան առջեւ ներկայիս ծառացած բազմաթիւ հիմնահարցեր:

Խմբագրակազմը «Դրօշակ»ի այս համարը կը մատուցէ իր ընթերցողին, մայիսեան փառապանծ տօներուն առիթով , որպէս համեստ նուէր:

SHARE.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.

Welcome

...