ԼԻՏԻԱ ԱՊՈՒԼԵԱՆ ԼԱՒԱԼԻ  ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Լաւալի քաղաքապետական ընտրութիւններուն «Լաւալի Շարժում» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած շարք մը թեկնածուներուն մէջ ներառուած է նաեւ հայազգի Լիտիա Ապուլեանը:

Նոյեմբեր 7-ին կայանալիք ընտրութիւններուն, Լիտիա Ապուլեանը առաջադրուած է Սեն Տորոթէ  շրջանի քաղաքապետակական թեկնածու։

Լիտիա Ապուլեանը աւարտած է Գոնգորտիա համալսարանի մարդկային յարաբերութեանց բաժանմուքը, եղած է «Լաւալի Շարժում»-ի հիմնադիրներէն եւ 2009-էն ի վեր զբաղած է քաղաքականութեամբ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.