Լիբանանի Մէջ Իրանի Նոր Նշանակուած Դեսպանը Անթիլիասի Մէջ

5 սեպտեմբեր 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նոր նշանակուած դեսպան Մուժթապա Ամանին:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Իրանի հայութեան եւ Լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Դեսպանը անդրադարձաւ Իրանի հայութեան գործօն մասնակցութեան` երկրին առաւել զարգացման եւ յառաջդիմութեան աշխատանքներուն: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին շեշտեց Իրանի հայութեան եզակի դերը սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ:

Նախագահական ընտրութեան գծով, թէ՛ վեհափառ հայրապետը եւ թէ՛ դեսպանը ընդգծեցին բոլորին կողմէ ընդունելի եւ երկիրը ներկայ ընկերային-տնտեսական կացութենէն դուրս բերելու կարողութիւնը ունեցող նախագահի մը ընտրութեան կարեւորութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.