Լաւալի մէջ Ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակը

Շաբաթ, Ապրիլի 24-ին  նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լաւալի Սարգիս Զէյթլեան Կոմիտէին եւ մասնակցութեամբ Լաւալի Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը:

Ոգեկոչման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Լաւալի մէջ եծ Եղեռնի յուշարձանին մօտ:  Նկատի ունենալով Քորոնա ժահրի պարտադրած իրավիճակը, այս տարի եւս ոգեկոչումը ծրագրուած էր առցանց, որ հեռասփռուեցաւ ուղիղ մասնահատուածներով, դիմտատերի  (Facebook) միջոցով: Յետմիջօրէի ժամերէն մինչեւ երեկոյ, աւելի քան 1300 հայորդիներ, կրտսեր, պատանի ու տարեցներ, անձամբ ներկայացան մատուցելու իրենց յայրգանքի տուրքը ի յիշատակ սուրբ նահատակներուն, զետեղելով ծաղիկներ յուշակոթողին առջեւ:

ՀՄԸՄ Լաւալի սկաուտական կազմի տողանցքով սկիզբ առաւ միջոցառումը որմէ ետք իր պատգամը փոխանցեց մասնաճիւղի ատենտապետ Ռաֆֆի Հատիտեանը, որմէ ետք Քէպէքի Հայ դատի յանձնախումբի ատենտապետ Արարատ Թորոսեան ֆրանսերէնով փոխանցեց իր պատգամը:

Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի գլխաւորութեամբ,  Ս. Գէորգ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հովիւ Արժ. Տ. Յակոբ Քհնյ. Կտայեան ու սարկաւագաց դասը, կատարեցին Սուրբ Նահատակներու եկեղեցական պաշտօնական Բարեխօսական կարգի արարողութիւնը (հոգեհանգստեան պաշտօն չի կատարուիր նահատակներու սրբադասումէն ետք)։

Արարողութեան ընթացքին ներկայ էին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ընկ. Ռաֆֆի Տօնապետեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ու Լաւալի եւ Մոնթրէալի կոմիտէի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան ու  Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները, որոնք բոլորն  իրենց կարքին զետեղեցին ծաղկեպսակներ յուշարձանին առջեւ:

Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկայ պետական հիւրերն ու պատկան մարմիներու ներկայցուցիչները եւ ըսաւ «Մեր նահատակները այսօր կու գան ըսելու մեզի որ դուք պէտք է շարունակէք ձեր պահանջատիրական պայքարը այնքան ատէն որ մեզմէ խլուած իրաւունքներ ունիք: Մենք պարտաւոր ենք շարունակելու մեր պահանջատիրական պայքարը, այս անգամ հատուցման եղանակով, հատուցման ճամբով, հատուցման պահանջքով»:

Գանատայի Խորհդարանի անդամներ՝ Տիկ. ԱՆի Քութրաքիս եւ Տիար Ֆայսալ էլ-Խուրի, Քէպէքի Նահանգային Խորհրդարանի անդամ Տիար Սաուլ Փօլօ, ինչպէս նաեւ Կի Ուելլեթի ներկայացուցիչ Տիկ. Վերա Մատիք եւ Լաւալի քաղաքապետարանի անդամներ՝ Պրն. Արամ Էլակոզ, Տիկին Ալին Տիպ, տիկին Սանտրա Էլ-Հալու, Պրն. Վասիլիոս Քարիտոճյանիս, Տիկին Ակլայա Րէվէլաքիս, Տիկին Իզապէլլա Թասոնի, Պրն. Տաւիտ Տը Քոթիս, Պրն. Միշէլ Փոասանդ եւ Պրն Փաոլօ Կալաթի ներկայ գտնուեցան  միջոցառման ու նոյնպէս յարգեցին յիշատակը Ապրիլեան Սուրբ Նահատակներուն զետեղելով ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ:

Շարունակելով յայտագիրը, ՀՕՄ-ի «Շուշի» ու Համազգայնի Քէպէքի «Սանահին» մասնաճիւղերու վարչութիւնները նոյնպէս իրենց միութեանց կողմէ զետեղեցին ծաղկեպսակներ: Համազգայնի վարչութեան կողմէ խօսք առաւ Շանթ Գարայեան։ Տեղի ունեցաւ առցանց զրոյց «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Ֆլորա Կիրակոսեանի հետ:

Ապա՝ ՀՅԴ Արմէն-Գարօ Ուսանողական Միութեան անդամներն ու ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան  պատանիներ ծաղկեպսակներ զետեղեզին, որմէ ետք խօսք առաւ Ուսանողական միութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարինա Քասիս:

Ոգեկոչման հսկումը կատարեց ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան՝ «Բեկոր Աշոտ – Լեւոն Շանթ» Մասնաճիւղը, որուն վարչութեան կողմէ խօսք առաւ ընկհ. Թալիա Ճապրայեան իսկ ընկ. Յովիկ Կէտիկեան  ասմունքեց  Ժագ Ս. Յակոբեանի «Յաղթերգութիւն»  բանաստեղծութիւնը: Հսկումի արարողութիւնը աւարտեցաւ ազգային երգերով, Կրէկ Քոչոյանի կատարմամբ:

Առցանց հաղորդման բաժնով ընդգրկուած էր գեղարուեստական յայտագիր ուր հանդէս եկաւ Կորիւն Գոյունեան մեներգելով՝ «Մարտիկի Երգը», «Կռունկ» եւ «Զարթիր Որդեակ» երգերը դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Նազանի Սվաճեանի: Մանէ Միրիամ Պաղտասարեան կատարեց «Կիլիկիա» , «Արցախ» եւ «Ախպերս ու Ես» երգերը, իսկ Էլի Պէրպէրեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Փոլ Մալախանեանի, կատարեց «Տուն Իմ Հայրենի», «Ուր էիր Աստուած» եւ «Ղարաբաղ» երգերը:

Ոգեկոչման հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ ՀՅԴ Լաւալի Սարգիս Զէյթլեան Կոմիտէի անդամ՝ ընկհ. Միրնա Ֆուտուլեանի պատգամով ուր ան նշեց՝ «…«Երկիւղածութեամբ խոնարհելով իւրաքանչիւր սուրբ նահատակի եւ հայ զինուորի ու կամաւորի յիշատակին առաջ, ուխտենք դառնալ մէկ զարկը հայոց բազուկին եւ ցոյց տանք համայն աշխարհին որ մեր արեան մէջ կայ պայքարելու խրոխտ ոգի, եւ թէ ոչ ոք պիտի խափանէ մեր սլացքը:»

Լուսանկարներ՝ Վաչէ Ճապարեան – Prizma Productions

Montreal wedding photographer

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.