Լաւալի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ուղերձը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 107 ամեակի առիթով
- (0)
Մայիս 28 – Ազատութեան եւ Պատասխանատուութեան Օր
Յարգելի հայրենակիցներ, սիրելի ընկերներ,
Այսօր կանգնած ենք սրբազան օրուան մը սեմին։ Այսօր մեր երակներուն մէջ կը հոսի ոչ միայն արիւն, այլ պատմութիւն։ Այսօր՝ Մայիս 28-ն է, օր մը, երբ հայ ժողովուրդը ոտքի կանգնեցաւ՝ ոչ միայն իր գոյութիւնը պահպանելու, այլ՝ իր ինքնիշխանութիւնը կերտելու ազնիւ ու խիզախ մտադրութեամբ։
Մայիս 28-ը մեր պատմական յիշողութեան լուսապսակ շողն է՝ մեր անկախութեան առաջին վկայութիւնն ու ժողովուրդի՝ պետականութիւն կերտելու վճռական կամքի անմար խորհրդանիշը։
1918-ի Մայիս 28-ին, երբ Կովկասեան ճակատը փլուզուած էր, եւ թուրքական բանակը կը մօտենար Արեւելեան Հայաստանի սրտին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ կուսակցութիւն մը ըլլալէ աւելի՝ ազգի հաւաքական շարժումը, իր առիւծասիրտ զաւակներով՝ Արամ Մանուկեան, Յովհաննէս Քաջազնունի, Սիմոն Վրացեան, Ռուբէն Տէր-Մինասեան, Դրօ, Լեւոն Շանթ եւ ուրիշներու առաջնորդութեամբ, ստանձնեց այնպիսի պատասխանատուութիւն, որուն կշիռը մահուան համազօր էր։
Անոնք անցան արիւնի, կրակի եւ քաոսի մէջէն, յաղթեցին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերը, եւ հռչակեցին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը։ Այդ հռչակագիրը գրուեցաւ ոչ թէ խաղաղութեան անդորրին մէջ, այլ՝ պատերազմի մռնչող մրրիկին տակ, ցեղասպանութենէն վերապրած ժողովուրդի վերազարթնումին պաղատանքին վրայ։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը ծնաւ՝ առանց կանոնաւոր բանակի, առանց տնտեսական յենարանի, բայց անսասան կամքով, հաւատքով եւ արժանապատուութեամբ։ Երբ հնչեց անկախութեան այդ հռչակագիրը՝ ողջ ազգը բռնկեցավ՝ կայծակի պէս, փրկութեան աղօթքի պէս, ազգային վերածնունդի հպարտութեամբ։
Այո՛, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը դաշնակցական պայքարի արքասիքն էր, սակայն՝ ամբողջ ազգի միասնական կամքի արդիւնքով։ Դաշնակցութիւնը աշխատեցաւ ամբողջ ազգի անունով։ Անոր իսկական ուժն էր՝ կարողանալ համախմբել ժողովուրդը մէկ գաղափարի շուրջ՝ անկախ Հայաստանի։
Սակայն Մայիս 28-ը ոչ միայն պատմական յուշ է, այլ՝ շարունակական կոչ. ան մեզ կը յիշեցնէ եւ կը պարտադրէ, որ անկախութիւնը պահելու համար անհրաժեշտ է մշտական պատրաստակամութիւն՝ ոչ միայն արտաքին սպառնալիքներուն, այլեւ մեր ներքին անտարբերութեան, յուսախաբութեան ու բաժանումներուն դէմ։
Այսօր, երբ Հայաստանը կրկին կանգնած է ճակատագրական հանգոյցի դիմաց, Մայիս 28-ը մեզ կը հրաւիրէ ոչ միայն ըլլալ անոր արժանաւոր ժառանգորդները, այլ՝ վերածուիլ նոր կերտողներու։
Եւ քանի դեռ Մայիս 28-ի ոգին կը բաբախէ, ո՛չ մէկ պարտութիւն վերջնական է։ Ո՛չ մէկ մթին թանձրութիւն կրնայ մարել այն ազգի լոյսը, որ անգամ դժոխքի մէջ հռչակեց իր պետականութիւնը։
Շնորհաւոր Մայիս 28։
Կեցցէ՛ Հայոց Ազատ եւ Անկախ Հանրապետութիւնը։
Կեցցէ՛ վաղուան Միացեալ եւ Ազատ Հայաստանը։
Կեցցէ՛ պայքարող հայ ժողովուրդը։
ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէ