Ի. Սաղաթէլեան. «Որեւէ Դատավարութեան Արդիւնքներուն Նկատմամբ Հասարակութիւնը Կասկածներ Պէտք Չէ Ունենայ»
Հասարակութեան, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներուն ուշադրութիւնը այս օրերուն գրաւած է մարտ 1-ի գործով դատավարութիւնը, որուն մասին տարբեր մեկնաբանութիւններ կը կատարուին: «Առաջին լրատուական»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հաստատած է, որ դատավարութեան ընթացքը նաեւ ՀՅԴ-ի ուշադրութեան արժանացած է: «Հակառակ այն հանգամանքին, որ յայտարարուեցաւ, թէ մարտ 1-ի զոհերու մեղաւորներուն հարցը բացայայտուած է, այս պահուն, փաստօրէն, զոհերու մեղաւորներուն հարցը չի քննուիր դատարանին մէջ: Բնականաբար կ՛ուզէինք, որ նշուած հանգամանքը քննուէր նախ եւ առաջ: Մեր ուշադրութեան կիզակէտը պիտի պահենք դատավարական ընթացքը, պիտի հետեւինք ու մեր տեսակէտները պարբերաբար պիտի արտայայտենք», նշած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅԴ-ն արդեօք չէ՞ հետաքրքրուած` սահմանադրական կարգի տապալում եղա՞ծ է, թէ՞ ոչ, Սաղաթէլեան ըսած է. «Ի հարկէ հետաքրքրուած է, ասիկա քաղաքական պարունակ ունի: Տակաւին ամրան մենք յայտարարեցինք` անհրաժեշտ է, որ Ռոպերթ Քոչարեանին առաջադրուած մեղադրանքը իրաւաչափ ըլլայ, եւ ընդհանրապէս մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող որեւէ դատավարութեան արդիւնքներուն առնչութեամբ մեր հասարակութիւնը պէտք չէ որեւէ կասկած ունենայ»:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ Դաշնակցութիւնը ժամանակին վատ յարաբերութիւններ չէ ունեցած Ռ. Քոչարեանի հետ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ Ռ. Քոչարեանի իշխանութեան տարիներուն ՀՅԴ-ն համագործակցած է անոր հետ. «Այդ համագործակցութիւնը արդիւնքներ ունեցած է մեր երկրին համար: Ներկայ դրութեամբ մեր օրակարգին վրայ Ռոպերթ Քոչարեանին աջակցելու կամ չաջակցելու խնդիր չէ դրուած: Մենք կը հետեւինք դատավարութեան եւ մինչ այդ հանդէս կու գանք քաղաքական գնահատականներով»: