Ի զօրակցութիւն Արցախի եւ ի դատապարտումն Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ ցոյց-քայլարշաւ Թորոնթոյի մէջ

Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին, Թորոնթոյի Հայկական կազմակերպութիւններու միացեալ յանձնախումբը՝ կուսակցական, միութենական, եկեղեցական եւ յարանուանակն,   կազմակերպեցին ցոյց-քայլարշաւ մը,  ի զօրակցութիւն Արցախի հայութեան եւ ի դատապարտումն Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ յարձակողապաշտ քաղաքականութեան ու բռնարարքներուն: Ցոյցը, որ կը կրէր «ATSAKH STRONG, CALL TO ACTION» լոզունքը, որ սկիսբ առաւ Փոխ Վարչապետի գրասենեակէն եւ ապա, ուղղուեցաւ դէպի թրքական հիւպատոսարան:

            Աւելի քան 2000 մասնակից ունեցող ցոյցին ներկայ էին եկեղեցականներ, կուսակցական ու միութենական պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Գանատայի Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանն ու Թորոնթոյի ՀՀ հիւպատոս տիար Վարուժան Լափոյեանը:

            Քայլարշաւը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներով, որմէ ետք  ներկաները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին նահատակ հայ զինուորներուն:       Հանդիսավարներն  էին Հուրիկ  Եղիազարեանն ու Վարագ Պապեանը:

            Ելոյթ ունեցան՝ Արմինիա Սարգիսեանը, Ատոմ Էկոյեանն ու Արսինէ Խանճեանը, Հայր Եղիա Քիրէճեանը (Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ),   Գանատայի Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեանը, Տ. Զարեհ Ա. Քահանայ Զարկարեանը (Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի), Գնատայի երիտասարդական Միութեան կողմէ Սագօ Գըլպոզեանն եւ Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանը, որոնք դատապարտեցին  ատրպէյճանական զինեալ յարձակումներն ու բռնութիւնները, յանուն թորոնթոհայութեան իրենց ամբողջական զորակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանի ու Արցախի մեր հայրենակիցներուն, եւ կոչ ուղղեցին Գանատայի կառավարութեան ու միջազգային հանրութեան, որպէզի սատար կանգնին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու աշտպանութեան ու դատապարտեն թուր-ատրպէյճանական բռնարարքները:

            Այնուհետեւ, Ս. Նշան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Գեղարդ Ծ. Վրդ Քիւսպէկեան կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն:

            Քայլարշաւը յագեցած էր  հայրենասիրական երգերով ու ասմունքներով:

            Յանուն Թորոնթոյի Հայկական կազմակերպութիւններու միացեալ յանձնախումբին, փակման խօսքը կատարեց Ռուբէն Ճամպազեան, որ խրախուսեց ներկաները բարոյապէս եւ նիւթապէս սատար հանդիսանալու Արցախի ու հայաստանի մեր հայրենակիցներուն եւ միասնական ոգիով աշխատելու ի խնդիր հայութեան գերագոյն շահերուն:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.