Իր բազմաբեղուն աշխատանքը կատարեց բացառիկ բծախնդրութեամբ ու նուիրուածութեամբ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի Դամբանականը` Գառնիկ Մկրտիչեանի Յուղարկաւորութեան
Անհաւատալի բան մը կայ այսօր հոս:
Կը դիտեմ չորս դիս, կը փնտռեմ, կը հարցնեմ, կը սպասեմ, բայց չեմ գտներ:
Ե՞րբ պատահած է, որ ան բացակայ եղած է այս գերեզմանատան մէջ կատարուող ոեւէ ընկերոջ թաղման արարողութենէն:
Չկայ ան կանգնած, այլ քովդ, մեր քով պառկած է իր պաշտած դրօշներով ծածկուած այս դագաղին մէջ:
Հաւատա՞լ: Կարելի՞ է հաւատալ:
Գառնիկը, ընկեր Գառնիկը, եղբայր Գառնիկը, երբեմն կատակով` պարոն Գառնիկը, մեր Գառնիկը այսպէս, յանկարծ, առանց կանխազգուշացման, առանց նախապատրաստական աշխատանքի լքէ մեզ ու երթա՞յ:
Լո՞ւրջ ես Գառնիկ, թէ՞ կատակ:
Ինք, որ միշտ ուզած է եւ յաջողած կազմակերպել իր առօրեան, ժամերն ու վայրկեանները, իրեն վստահուած աշխատանքներն ու հանդիպումները, ժամադրութիւններն ու գործերը, այսպէս, առանց ծրագրումի, ամէն ինչ կիսաւարտ ձգած մեկնեցաւ:
Այս մեկնումը իր գրպանի փոքր թուղթին վրայ չէր արձանագրած վստահաբար:
Բայց յանկարծ գնաց` իր շուրջ ձգելով անմխիթար հարազատներու, հազարաւոր ընկերներու եւ եղբայրներու հեկեկանքը, ու միաժամանակ զինք ճանչցած ըլլալու, իր մտերմութիւնը վայելած ըլլալու, իր թելադրանքն ու ցուցմունքը լսած ըլլալու, ամէն առաւօտ իր ժպիտով բարեւ ստացած ըլլալու, մկրտութեան, պսակի կամ տարեդարձի, անուանակոչութեան կամ շնորհաւորական եւ կամ այլապէս մխիթարանքի խօսքի մը արժանացած ըլլալու յիշատակը ապրողի, հազարաւոր բարեկամներու եւ ընկերներու բազմութիւն մը:
Շարժում էր Գառնիկ Մկրտիչեան բառին էութենական իմաստով: Համակ աշխատանք, համակ նուիրում, հաւաքականը անձնականին գերադասող ու սեփականէն վնասող, ինքնազոհողութեան լաւագոյն ու հազուագիւտ տիպարը մեր կեանքի իրականութեան մէջ:
ՀՅԴ Պատանեկան միութենէն մինչեւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովներու մասնակից եւ նախագահ:
Սկաուտութենէն մինչեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ բազմավաստակ ատենապետ:
Նախակրթական դպրոցի հոգաբարձութենէն Լիբանանի Թեմի Ազգային վարչութիւն կամ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի նախագահ:
Պատերազմի օրերուն Պուրճ Համուտի ինքնապաշտպանութեան մասնակցութենէն եւ ժողովուրդին օժանդակութենէն մինչեւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի նախագահ:
Պուրճ Համուտի հոգեհարազատ հայրենակիցներու հարցերը լսելէ եւ լուծումներ գտնելէ մինչեւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ:
Զանազան նպատակներու համար կազմակերպուած տեղական դրամահաւաքէ մինչեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդ:
Եւ դեռ, ամէն տեղ էր ան, հոն, ուր կար շարժում, ձեռնարկ, պատարագ, հաւաք, ամավերջի հանդէս, ճաշկերոյթ, բանակում, թատրոն, երգահանդէս, պարի ելոյթ, նուագահանդէս, գիրքի շնորհահանդէս թէ արուեստի ցուցահանդէս, յիշատակի երեկոյ թէ յոբելենական, թաղային թէ ընդհանրական ձեռնարկներ:
Կար ժամանակ, երբ կ՛ըսէինք` Գառնիկը այցելութեամբ Լիբանան կը գտնուի: Ու արտասահմանէն վերադարձին, փայլատակող աչքերով կը պատմէր, թէ աշխարհի ո՛ր հեռաւոր երկրի հեռաւոր քաղաքի մը մէջ ՀԸՄԸ-ի մասնաճիւղ հիմնած էր` Ջաւախքէն Ստեփանակերտ, Մոսկուա, մինչեւ Աւստրալիա, Եւրոպա, Միջին Արեւելք, Իրան թէ Հարաւային Ամերիկա:
Երբ մահուան գոյժը ստացայ, առաջին տողը, որ մտքիս դուռը թակեց, երգին աղուոր նախադասութիւնն էր. «Բարի, գեղեցիկ, առաքինի ընկերը մարդուն»: Եւ այս բառերը մինչեւ սա վայրկեանը չեմ կրնար մտահան ընել:
Իր բազմաբեղուն, բազմոլորտ աշխատանքը ինք կատարեց բացառիկ բծախնդրութեամբ, կազմակերպուածութեամբ, նուիրուածութեամբ, տագնապով, կրելով երբեմն վիրաւորանք, երբեմն հանդուրժելով անարդարութիւն եւ խծբծանք, բամբասանք, նոյնիսկ` ապերախտ վերաբերում:
Բայց տեւաբար մնաց բարի հոգիով, լաւատես, ներողամիտ ժպիտով, դէպի վաղուան նայող, հպարտութեամբ լեցուն սիրտ մը, որ բաբախեց հայութեամբ, ՀՄԸՄ-ով ու Դաշնակցութեամբ:
Մենք առաւելաբար կորսնցուցինք մարդ Գառնիկը եւ ընկեր Գառնիկը:
Մարդու սովի, ընկերականութեան նահանջի, հայրենիքի վտանգուածութեան այս օրերուն, սիրելի՛ Գառնիկ, դուն պիտի յիշուիս իբրեւ գլխագիր ընկեր, առաքինի ընկերը մարդուն, դաշնակցական մեր սիրելի ընկերը:
Այլեւս պիտի չհանդիպինք քեզի Պուրճ Համուտի մէջ թէ այլուր, պիտի չայցելես «Սարդարապատ» ակումբ, ՀՄԸՄ-ի կեդրոններ, «Շաղզոյեան կեդրոն», Ազգային առաջնորդարան թէ կաթողիկոսարան: Քեզ պիտի չունենանք մեր ժողովներուն մէջ ու պիտի չլսենք չափաւոր, բայց խիստ, սիրով արտայայտուած տեղին քննադատութիւններդ, պիտի չլսենք կիրքերը հանդարտեցնող քու յորդորներդ ու միաժամանակ ականատես պիտի չըլլանք կարգ ու կանոնագիրը, գաղափարական ուղղափառ գիծը անշեղօրէն յարգելու կրքոտ կեցուածքներուդ:
Բայց վստահ եղի՛ր, պիտի յիշենք քեզ միշտ, պիտի մնաս մեր մօտ, մեզի հետ ամէն օր:
ՀՅԴ Բիւրոյին, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Դաշնակցութեան մեր բոլոր ընկերներուն անունով կը խոնարհիմ դագաղիդ առջեւ եւ կը փոխանցեմ բոլորիս ցաւակցութիւնները գործի բերմամբ իրենցմէ յաճախ հեռու մնացած տիկնոջդ` Մարալին, զաւակներուդ` Բիւզանդին եւ Նժդեհին, եղբօրդ` Յարութին եւ քրոջդ` Անիին ու ընտանեկան բոլոր պարագաներուդ:
Բայց նախքան մեկնումդ, արտօնէ Գառնիկ, որ մեղադրեմ քեզի այս ըրածիդ համար: Ներեցէ՛ք սիրելիներ, անձնական է այս յիշատակը:
Պայմանաւորուած էինք, որ դուն պիտի խօսիս իմ դամբանականս: Եւ դուն կ՛ըսէիր, կատակով` անհոգ եղիր:
Տակաւին անցեալ չորեքշաբթի երեկոյ, 30 դեկտեմբեր 2020-ին, երբ աւարտեցինք «Մի՛շտ միասին կառուցենք մեր ապագան» թեմայով առցանց տարեփակի ձեռնարկը, ուզեցինք միասնաբար հաւաքական նկար մը ունենալ: Տղուդ` Նժդեհին ըսի. «Պապայիդ հետ առանձին նկար մը կ՛ուզեմ, թերեւս վերջինը ըլլայ»: Իսկ դուն հարց տուիր. «Արդէն պիտի երթա՞ս»: Ըսի. «Դամբանականս գրէ՛»:
Չէ՛ Գառնիկ, այս անգամ կարգը չյարգեցիր: Իրաւունք չունէիր:
Ամէնէն դժուար օրերուն մեկնեցար:
Կորուստդ երկար պիտի սգանք:
Գնա՛, հանգիստ հող մտի՛ր, հողը թեթեւ գայ վրադ: