Իրաքի Քիւրտիստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն 6 Հայ թեկնածու Կը Մասնակցի

Հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստան ինքնավար մարզին մէջ, Սեպտեմբեր 30-ին խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան, կը հաղորդէ armradio-ն։

Շարք մը կուսակցութիւններ կը պայքարին պատգամաւորական աթոռներու համար, բայց հիմնական ընտրապայքարը կ՛ընթանայ Պարզանի եւ Թալապանի ընտանիքներուն գլխաւորած կուսակցութեանց միջեւ:

Հայ համայնքի 6 ներկայացուցիչներ կը մասնակցին ընտրութիւններուն: Այս մասին, Յասմիկ Մարտիրոսեան զրոյց մը ունեցած է պատգամաւորութեան թեկնածու եւ Գէորգեան Ճեմարանի շրջանաւարտ՝ իրաւաբան Էդգար Աբրահամեանի հետ, որ հիւսիսային Իրաքի Զախօ քաղաքի բնակիչներէն է։

Ըստ Էդգար Աբրահամեանի՝ պարզանիները յոյս ունին, որ խորհրդարանին մէջ իրենք դարձեալ մեծամասնութիւն պիտի ապահովեն, քանի որ ընտրողները, հակառակ վերջերս ստեղծուած ներքաղաքական լարուածութեան՝ կը շարունակեն վստահիլ Պարզանի ընտանիքին գլխաւորած 72ամեայ կուսակցութեան: Աբրահամեան յիշեցուցած է, թէ 111 պատգամաւորական աթոռներէն մէկը, ըստ օրէնքի, կը տրամադրուի հայ համայնքին: Այդ աթոռին համար կը պայքարին 6 հայ թեկնածուներ։

Ըստ ընտրական կանոնակարգի՝ հայ համայնքի ներկայացուցիչը խորհրդարանին մէջ անկա՛խ պատգամաւոր է: Հայ համայնքի ներկայացուցիչի ընտրութեան համար կրնան քուէարկել նաեւ ոչ-հայեր։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.