Իրաւական բոլոր միջոցներով պիտի պայքարիմ Հայաստան վերադառնալու իրաւունքս վերականգնելու
Այս որոշումը կը մերժեմ եւ Հայաստան վերադառնալու իրաւունքս պիտի պահանջեմ: Հայաստանը Նիկոլ Փաշինեանի սեփականութիւնը չէ, ոչ ալ իր վարչակարգին: Հայաստանը իւրաքանչիւր հայու հայրենիքն է, ուր կրնայ մուտք գործել ամէն հայ, նոյնիսկ եթէ ընդդիմադիր է իշխանութեան: Եւ այս պատճառով է, որ իրաւական գետնի վրայ որոշած եմ վերականգնել իրաւունքս․․․
Կ՛ըսէ Մուրատ Փափազեան
Նիկոլ Փաշինեանի համակարգին կողմէ Հայաստան մուտքի արգելքէս երկու շաբաթ ետք, կը ցաւիմ հաստատելու, որ իշխանութեան այս որոշումը չունի իրաւական ոչ մէկ լուրջ հիմք: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ յայտնի պատճառներով «անբաղձալի տարր» նկատուած անձ, «անբաղձալի» նկատուած եմ նաեւ Հայաստանի մէջ, իշխանութիւններուն կողմէ ոչ հիմնաւորուած պատճառներով: Առաջին բացատրութիւնը ԱԱԾ-ն մերժած էր տալ, յայտնելով, որ երկիր մուտքիս արգելումը կ՛առնչուի անձնական կեանքիս: Ապա, վարչապետի գրասենեակը, 22 Յուլիսին, անդրադառնալով կացութեան ծիծաղելիութեան, յայտարարեց, որ արգելքիս պատճառը Փարիզի մէջ 1 Յունիս 2021-ին Նիկոլ Փաշինեանի դէմ կատարուած բողոքի ցոյցին ներկայութիւնս է, եւ տուեալ ցոյցին կազմակերպումս: Բայց նշեալ թուականէն մինչեւ 13 Յուլիս 2022 4 անգամ անարգել մտած եմ Հայաստան:
Առաւել, Հայաստանի պատկան Մարմինները ոչ մէկ բողոք ներկայացուցած են ֆրանսական իշխանութիւններուն՝ 1 Յունիս2021-ի ցոյցին մասնակցողներուն կամ կազմակերպողներուն նկատմամբ: Իրաւական պետութեան մը հիմնարար սկզբունքներ՝ անմեղութեան կանխավարկածը եւ խօսքի ազատութիւնը բռնաբարելով, Հայաստանի կառավարութիւնը առանց դատական որեւէ հիմնաւորումի կ՛որոշէ Հայաստան մուտքս արգիլել 13 Յուլիս 2022-ին: Եւ իրողութիւնը այն է, որ ես ոչ մասնակցած եմ այդ ցոյցին, ոչ ալ զայն կազմակերպած: Տարբեր տեսակէտ ունենալը միակ սկզբունքն է, որ մղած է Նիկոլ Փաշինեանը նման որոշում տալու, բռնատիրական վարչակարգի մը վայել պահուածքով:
Այս որոշումը կը մերժեմ եւ Հայաստան վերադառնալու իրաւունքս պիտի պահանջեմ: Հայաստանը Նիկոլ Փաշինեանի սեփականութիւնը չէ, ոչ ալ իր վարչակարգին: Հայաստանը իւրաքանչիւր հայու հայրենիքն է, ուր կրնայ մուտք գործել ամէն հայ, նոյնիսկ եթէ ընդդիմադիր է իշխանութեան: Եւ այս պատճառով է, որ իրաւական գետնի վրայ որոշած եմ վերականգնել իրաւունքս, որուն համար դատական պաշտպանութիւնս վստահած եմ ԱԺ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանին՝ ներկայացնելու անձս, եւ փաստաբան Սիրանուշ Սահակեանի, որոնց կը լիազօրեմ կատարելու հարկն ու պատշաճը: Արծուիկ Մինասեան 25 Յուլիսին արդէն իսկ այս ուղղութեամբ նամակ մը ուղարկած է ԱԱԾ-ին՝ պահանջելով վերանայիլ տուեալ որոշումը: Օրինական գետնի վրայ ԱԱԾ-ն 5 օր ժամանակ ունի պատասխանելու նամակին, որուն հիման վրայ մենք կ՛որոշենք թղթածրարին շարունակութեան հոլովոյթը:
Երկու շաբաթէ ի վեր զօրակցական հազարաւոր պատգամներ ստացած եմ Հայաստանէն թէ Սփիւռքէն, քաղաքական տարբեր դիրքորոշումներու տէր անձերէ, որոնք բոլորն ալ ընդվզած են Փաշինեանի հակաժողովրդավար որոշումէն: Նման որոշումի ընդդիմանալը կը բխի Հայաստանի նկատմամբ սէրէն եւ մերժումն է ժողովրդավարութենէ կառավարութեան շեղումին, ինչպէս նաեւ յիշեցումն է իրաւական պետութեան մը հիմնարար սկզբունքներուն, եւ Հայաստան պէտք է վերադառնայ իրաւական պետութեան իր կոչումին:
Հուսկ, իրաւական բոլոր միջոցներով պիտի պայքարիմ Հայաստան վերադառնալու իրաւունքս վերականգնելու:
Մուրադ Փափազեան
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ