February 10, 2026
Իրանի մէջ հայ երիտասարդ մը զոհուած է
- (0)

Իրանի մէջ տեղի ունեցող հակակառավարական բողոքի ցոյցերուն ընթացքին զոհուած է հայ երիտասարդ մը, մինչ չորս այլ հայեր տարբեր աստիճանի վիրաւորումներ ստացած են։
Հայկական լրատու աղբիւրներու փոխանցմամբ, սպաննուած երիտասարդը Թեհրանի Միջիտիէ շրջանի բնակիչ էր եւ ազգութեամբ հայ՝ Էճմին Մասիհ անունով։ Ան զոհուած է ցուցարարներու շարքերուն մէջ գտնուելու ընթացքին։
Միեւնոյն ժամանակ, կը նշուի, թէ հիւանդանոցներու մէջ բուժում ստացող չորս վիրաւոր հայերու ընտանիքներուն արգիլուած է այցելել իրենց հարազատներուն։ Մինչ այս պահը Իրանի իշխանութիւնները չեն հրապարակած որեւէ պաշտօնական տեղեկութիւն ո՛չ սպանութեան, ո՛չ ալ վիրաւորներու վիճակին վերաբերեալ։