Իրանի գերագոյն առաջնորդին խորհրդականը կը զգուշացնէ TRIPP-ի աշխարհաքաղաքական հետեւանքներուն մասին
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Իրանի գերագոյն առաջնորդ Մոճթապա Խամենէիի աւագ խորհրդական Մոհամմատ Մոխպեր զգուշացուց, որ Թեհրան պիտի չհանդուրժէ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան այնպիսի ուղիներու հաստատումը, որոնք կը շրջանցեն Իրանի աշխարհաքաղաքական շահերը։
Մոխպերի յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզին մէջ TRIPP ծրագիրին նախապատրաստական աշխատանքներուն պաշտօնական մեկնարկին առիթով։ Ան զուգահեռ մը գծեց Իրանի հիւսիսային սահմանին երկայնքով նախատեսուած հաղորդակցութեան ուղիին եւ Հորմուզի նեղուցին առնչուած զարգացումներուն միջեւ՝ շեշտելով, որ Իրանի տարածաշրջանային շահերը Թեհրանի համար կարմիր գիծ կը հանդիսանան։
Ամերիկեան մասնակցութեամբ իրականացուելիք ծրագիրը Ատրպէյճանի հիմնական տարածքը Նախիջեւանին պիտի կապէ Հայաստանի հարաւային սահմանին երկայնքով կառուցուելիք ենթակառոյցներու միջոցով։
Իրանի գերագոյն առաջնորդին արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթի նոյեմբեր 5-ին նոյնպէս խիստ մտահոգութիւն յայտնած էր ծրագիրին առնչութեամբ։
Թեհրան շարունակաբար շեշտած է, որ կ’աջակցի տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու վերաբացման՝ պայմանով որ այդ գործընթացը չհանգեցնէ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու կամ տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան փոփոխութեան։
Իրանական կողմին նոր զգուշացումները կը վկայեն, որ ծրագիրին աշխարհաքաղաքական հետեւանքներուն շուրջ մտահոգութիւնները կը շարունակեն մնալ չփարատուած։